Միացեալ Նահանգներուն Արեւելեան թեմին տրուած հովուապետական այցելութեան աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ գումարուող Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին:
Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` վստահեցնելով, որ հովուապետական այս այցելութիւնը նոր աւիւն պիտի ներարկէ թեմին ազգային-եկեղեցական ծառայական կեանքին մէջ, իսկ հայրապետական պատգամները իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայեն թէ՛ թեմական եւ թէ՛ ծխական մակարդակներու վրայ:
Վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, եկեղեցական դասը, ազգային վարչութիւնը, Երեսփոխանական ժողովը եւ բոլոր այն մարմինները, որոնք նուիրումով լծուած են ազգին ու ժողովուրդին ծառայութեան եւ բծախնդիր կերպով կը տանին իրենց ազգային-եկեղեցական ծառայական առաքելութիւնը:
Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնեց, որ առիթ ունեցած է աւելի քան ամիս մը հովուապետական այցելութիւն տալու Արեւելեան թեմի գլխաւոր քաղաքներուն, հանդիպումներ ունենալու եկեղեցիներուն եւ համայնքի կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն հետ, երկխօսութեան մէջ մտնելու երիտասարդութեան հետ` լսելու անոնց կարիքներն ու սպասումները եւ իր հայրական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով իր հովուապետական այցելութեան արժեւորումը կատարեց եւ նաեւ փոխանցեց իր սպասումները: Այս ծիրին մէջ ան յատկապէս շեշտեց ծխային եկեղեցիներու կեանքին եւ առաքելութեան նոր կենսունակութիւն եւ կազմակերպուածութիւն տալու հրամայականը: Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն ենթակայ թեմերուն միջեւ համագործակցութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ թելադրեց կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը` նոր սերունդը կազմաւորելով հոգեւոր ու ազգային արժէքներով:
Հանդիպում՝ Քանատայի Կրօնից
Ազատութեան Նախարարին Հետ
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Օթթաուայի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի կրօնից ազատութեան նախարար դոկտ. Էնտրու Պեննըթի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսն ու նախարարը արծարծեցին կրօններու ազատութեան հրամայականին եւ սկզբունքներուն առնչուող զանազան հարցեր: Նախարար Պեննըթ նշեց, որ այս օրերուն Միջին Արեւելքի անցուդարձերը իրենց օրակարգին վրայ հրատապ հարց են եւ մտահոգութեամբ կը հետեւին քրիստոնէութեան ու հայութեան Սուրիոյ մէջ դիմագրաւած դժուարութեանց: Ան ըսաւ, թէ աշխատանք կը տանին նաեւ միջազգային ընկերութեան ուշադրութեան յանձնելու շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները` միշտ յիշեցնելով, թէ հանդուրժողութիւնը կարեւոր է բազմակրօն ընկերութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը, մեկնելով երկար տարիներու միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ծիրին մէջ ունեցած փորձառութենէն, իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեց եւ յատկապէս մատնանշեց հետեւեալ կէտերը. 1) Ճիշդ չէ, որ կրօնական ազատութեան հարցը Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմէ, նման մօտեցում սխալ մեկնաբանութեանց դուռ կրնայ բանալ: 2) Կրօնական ազատութեան հարցը պէտք է հետապնդել մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու լոյսին տակ` նկատի ունենալով տարբեր կրօնական ու քաղաքական միջավայրերու մօտեցումները: 3) Ի մտի ունենալով հարցին զգայուն հանգամանքը ե
ւ միաժամանակ անոր միջազգային տարողութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց, որ միջազգային համագումար մը կազմակերպուի մասնակցութեամբ պետութիւններու, կրօններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ առաջարկեց, որ Քանատայի խորհրդարանը կրօններու ազատութեան նախարարութեան կողմէ առաջարկուած յատուկ բանաձեւ մը որդեգրէ, որով յանձնարարէ Թուրքիոյ վերջ տալու կրօնական ազատութեանց ամէն ձեւի խախտումները եւ վերադարձնելու Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած բոլոր պաշտամունքի վայրերը, վանքերը, համայնքային դպրոցներն ու հիւանդանոցները, սրբավայրերը եւ եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները իրենց օրինական իրաւատէրերուն: Վերջապէս ան յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախաքայլը առաւ եւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացաւ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը, որ բազմաթիւ այլ եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներու նման բռնագրաւուած էր օսմանեան կառավարութեան կողմէ:
Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին սոյն հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: