Գլխաւոր լուրեր

Բովանդակութիւն

Բովանդակութիւն

100-ամեակը` Հայկական իրաւատիրութիւնըմիջազգայնացնող սկիզբը Խմբագրական Հողային պահանջատիրութեան հիմք`Հայ դատի մեր աննահանջ պայքարին Վ. Աւագեան Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերիեւ ինքնապաշտպանական մարտերի հերոսների յիշատակի օր Դոկտ. Յարութիւն Մարութեան Դոկտ. Յարութիւն Մարութեան Միհրան Տապաղ Ոճրագործների դատաստանը Թաթուլ Յակոբեան Հարիւրամեակէն անդին Սեդա Մարկոսեան- Խտըշեան Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնըՀայոց ցեղասպանութեան Դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան Խոհեր Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի շեմին Դոկտ. Արա Գաբիրէլեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ...

Խմբագրական.  Պահանջատիրական,  Նաե՛ւ Զօրակցական

Խմբագրական. Պահանջատիրական, Նաե՛ւ Զօրակցական

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութիւնները` ներազգային, լիբանանեան (հասարակական եւ պետական), ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու վերաբերեալ, տարբեր առիթներով լոյսին բերուած են եւ յատուկ ընդգծումներ ապահոված: Հրատարակչականէն քարոզչական, մշակութայինէն կրթական ու գիտական, անցնելով արխիւայինէն մինչեւ ցուցական-պահանջատիրական, այս գաղութը 100-ամեակ նշելու իր ցուցաբերած կորովին ու հաւաքած թափին մէջ կը շարունակէ գրաւել սփիւռքեան շրջաններու համեմատութեամբ առաջին հորիզոնականը: Միջինարեւելեան տարածաշրջանի...

Քի Մուն Մերժած Է Պապին Օգտագործած «Ցեղասպանութիւն» Բնութագրումը

Քի Մուն Մերժած Է Պապին Օգտագործած «Ցեղասպանութիւն» Բնութագրումը

«Ուորլըիսրայէլնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն` անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» բնութագրումին, ըսած է, թէ 1,5 միլիոն հայերու ջարդը ցեղասպանութիւն չէր, այլ` «գազանութեան ոճիրներ»: ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տուեարիք լրագրողներու յայտնած է, որ Պան տեղեակ է պապին արտասանած խօսքերէն, սակայն կը գիտակցի «տեղի ունեցածին բնութագրումին առչնուած զգայնութեանց»: Տուեարիք ցեղասպանութեան վերաբերող իրողութեանց...

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան  Չենթարկուեցաւ,  Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է  Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական  Քաղաքականութեան»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Չենթարկուեցաւ, Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական Քաղաքականութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վատիկան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վաթիքան Ինսայտըր» կայքի տնօրէնին` Ճիաննի Վալենթէի հետ: Յիշեալ կայքը Վատիկանի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի լրատուութեան աղբիւրներէն մէկն է` իր ունեցած հարցազրոյցներով, հայթայթած առարկայական տուեալներով ու ճշգրիտ տեղեկութիւններով: Վեհափառ հայրապետին հետ «Վաթիքան Ինսայտըր»-ի ունեցած հարցազրոյցը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, սրբազան քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր  Շիրակեան» Մասնաճիւղ.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Դէպի յաւերժութիւն» խորագիրով ձեռնարկ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 17 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանին մօտ ժողովրդային հաւաքը ընթացք առաւ եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ ջահերթ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանէն դէպի «Արին» կեդրոն, ուր...

ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւնները Խաղաղ Ցոյցեր Կատարեցին Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանատուներուն Առջեւ

ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւնները Խաղաղ Ցոյցեր Կատարեցին Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուներուն Առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցան նմանօրինակ ցոյցեր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ կազմակերպեցին խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Միացեալ...

Լիբանանեան Ազգային Ուժերու, Անձնաւորութեանց  Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը  Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լիբանանեան Ազգային Ուժերու, Անձնաւորութեանց Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լիբանանեան ազգային ուժերը, անձնաւորութիւնները եւ կուսակցութիւնները իրենց հերթական հանդիպումը գումարեցին հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական, արաբական եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: Աւարտին, ժողովականները հաստատեցին հետեւեալը. ա) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հանդիպումը կը դատապարտէ օսմանցի իշխողին գործադրած ջարդերը հայ ժողովուրդին դէմ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով իրաւազրկուած հայ ժողովուրդին: Ժողովականները կ՛ողջունեն Հռոմի պապին կեցուածքը, որ կը ճանչնայ Հայոց...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Առողջապահական Յանձնախումբ.  «Ցեղասպանութեան Իբրեւ Հետեւանք  Հայ Ժողովուրդին Կորուստները Առողջապահական  Մարզին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ. «Ցեղասպանութեան Իբրեւ Հետեւանք Հայ Ժողովուրդին Կորուստները Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը կազմակերպած էին դասախօսական երեկոյ մը` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` աջակցութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամին: Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ բարի գալուստ...

Աննախընթաց Երեւոյթ` ՔԱՀԼ-ի Մէջ

Աննախընթաց Երեւոյթ` ՔԱՀԼ-ի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, տակաւին հայ ժողովուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները եւ արդարութիւն կը պահանջէ իր մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն արեան համար: Նախորդ դարու սկիզբը, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, թուրք դահիճներու կողմէ ծրագրուեցաւ եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուեցաւ 20-րդ դարու առաջին եւ ամէնէն ողբերգական եղեռնը: Հայկական բնօրրանէն բռնի տեղահան եղան եւ անապատի կիզիչ արեւուն տակ...

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց  Հայոց Ցեղասպանութեան  Վերաբերեալ Բանաձեւը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւը

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն եւ կառավարութիւններուն կոչ կ’ուղղէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համապատասխան բանաձեւեր որդեգրելու եւ որոշումներ տալու: Եւրոպական խորհրդարանը Ապրիլ 24-ը հռչակեց Եւրոպական Միութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր` նշելով, որ այս փաստաթուղթով «եղբայրութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան` եւրոպական արժէքներու ոգիով կը միանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի ոգեկոչման»:...

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ անոր զեկուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ապրիլ 24-ի օրը Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին: Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յանուն պատուիրակութեան յայտարարեց, որ պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամէն խնդրած է զօրակցութիւն ցուցաբերել Ապրիլ 24-ի օրը տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն գծով: Պատուիրակութիւնը նաեւ լիբանանեան քաղաքական...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի  Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան

Երեքշաբթի գիշեր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Սէյրան Օհանեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ նախարարին ընկերակցող զինուորական պատուիրակութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը վեհափառ հայրապետին պարզեց իր այցելութեան նպատակը եւ իր ունեցած հանդիպումները Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Արցախի...

Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի  Եւ Յոյսի Ապրումներ» Վերահրատարակուած  Գիրքի Շնորհահանդէս

Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ» Վերահրատարակուած Գիրքի Շնորհահանդէս

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին կողմէ նոր սերունդին փոխանցուելիք պատգամներուն ու աւանդներուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան այն հրատարակութիւնները, որոնք կը պարունակեն այդ սերունդի ապրուած կեանքի փաստացի տուեալներ, ոչինչէն ամէն բան ստեղծելու պայքար ու անկոտրում կամքի դրսեւորում: Երէկ` չորեքշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երկրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ նման գիրքի մը` Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ»...

Խմբագրական.  «Վատիկան Գործողութիւն»-ը Եւ Ցեղասպանութիւններու Համեմատութիւնը

Խմբագրական. «Վատիկան Գործողութիւն»-ը Եւ Ցեղասպանութիւններու Համեմատութիւնը

12 ապրիլին Վատիկանի մէջ արձանագրուածը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդհանուր շրջագիծին մէջ կարելի է բնորոշել իրադարձային հանգամանքով: Հայկական գործօնը` իր պետական, հոգեւորական եւ դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներով ծրագրաւորուած եւ համակարգաւորուած արդիւնաւէտ աշխատանքի մը արգասիքը ապահովեց  անցեալ կիրակի քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոնատեղիին մէջ: Յետադարձ հայեացք մը կրնայ բացատրողական ըլլալ մեկնաբանելու համար մեր երկրի նախագահին դէպի Վատիկան ու Հռոմ կատարած այցելութիւնները, Վատիկանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն...

Հակադարձելով Թուրք  Ղեկավարներուն.  «Մենք Չենք Կրնար Լռել Այն Ամէնուն Մասին,  Ինչ Որ Տեսած Եւ Լսած Ենք»  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Հակադարձելով Թուրք Ղեկավարներուն. «Մենք Չենք Կրնար Լռել Այն Ամէնուն Մասին, Ինչ Որ Տեսած Եւ Լսած Ենք» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանչիսկոս պապը երէկ առտու Վատիկանի Ս. Մարթայի եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան մատուցած պատարագի ընթացքին` վերահաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին կիրակի օր իր հնչեցուցած խօսքը, հաւատացեալներուն յայտնած է, որ եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է ազնուօրէն խօսին: Վատիկանի ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ Հռոմի եպիսկոպոսապետը աւելցուցած է, որ քրիստոնեաներուն համար չկայ այլ ճամբայ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա դառն...

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Այն Ցունամին Էր,  Որուն Մասին Թուրքիա Մտահոգուած Էր»

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Այն Ցունամին Էր, Որուն Մասին Թուրքիա Մտահոգուած Էր»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան չի կարծեր, որ Անգարա պիտի խզէ յարաբերութիւնները Վատիկանի հետ: «Որոշ բաներ պիտի փորձեն յառաջիկայ օրերուն` սաստելու համար հաւանական այլ` ըստ իրենց, մեղաւորներուն: Բայց ասիկա իսկապէս մեծ արձագանգի արժանացած է Թուրքիոյ մէջ: Արտաքին գործոց նախարարէն ու վարչապետէն բացի հարցին անդրադարձած է նաեւ խորհրդարանի նախագահը, իրենց կրօնական հարցերու...

Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Հայ-Լիբանանեան Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցերու Քննարկում

Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Հայ-Լիբանանեան Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցերու Քննարկում

 «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Լիբանանի կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 14 ապրիլին հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումները  Վատիկանի Բարձրաստիճան  Պատասխանատուներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումները Վատիկանի Բարձրաստիճան Պատասխանատուներուն Հետ

Վատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը, երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան հետեւեալ կարտինալներուն հետ: Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած Վատիկանի պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինիի հետ` Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի ներկայութեան: Հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց կարտինալին` Ցեղասպանութեան...

Պատմական Ս. Պատարագ Վատիկանի Մէջ`  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Անգարա Տուն Կանչեց Վատիկանի Մէջ Իր Դեսպանը  «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յիշելը Պարտադիր Է.  Յանցանքը Ծածկել Կը Նշանակէ  Թոյլ Տալ, Որ Վէրքը Արիւնահոսի»  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Պատմական Ս. Պատարագ Վատիկանի Մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Անգարա Տուն Կանչեց Վատիկանի Մէջ Իր Դեսպանը «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յիշելը Պարտադիր Է. Յանցանքը Ծածկել Կը Նշանակէ Թոյլ Տալ, Որ Վէրքը Արիւնահոսի» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական Ս. պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ: Հայոց ցեղասպանութեան...

Page 775 of 795 1 … 774 775 776 … 795

Արխիւներ