Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Մինասեան. «Անընդհատ Կ՛արծարծենք Այդ Հարցը, Ոչ Թէ Այն Պատճառով, Որ Հրաչ Մուրատեան ՀՅԴ-ի Անդամ Էր…»

June 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-08-15_ArdzvigՀայաստանի Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին ընթացքին, երէկ, երբ կը քննարկուէր գլխաւոր դատախազի` 2014 թուականի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ նախ կարեւոր նկատեց Ազգային ժողովին մէջ հաղորդում ներկայացնելը, որ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ` նշելով, որ ատիկա կրնայ բարելաւել գլխաւոր դատախազութեան գործունէութիւնը:

Պատգամաւորը այդ հաշուետուութեան մէջ նկատեց հակասութիւններ, երբ բաժինի մը մէջ ներկայացուած է, թէ ինչպէ՛ս գլխաւոր դատախազութիւնը նպաստած է յանցագործութիւններու նուազման, բայց, միւս կողմէ, այլ բաժինի մը մէջ գրուած է, որ գլխաւոր դատախազութիւնը չի կրնար անմիջական մասնակցութիւն ունենալ յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ: Մինասեան ցանկալի նկատեց, որ հաշուետուութեան մէջ ըլլար օրէնսդրական վերլուծութիւն, որ օգտակար կրնար ըլլալ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներուն համար:

Իրաւապահ համակարգի գործունէութեան անդրադառնալով` Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ զեկուցումին մէջ չներկայացուեցան համակարգային բնոյթի խնդիրները: Պատգամաւորը ոչ բաւարար գնահատեց հանրային հնչեղութիւն ունեցող գործերու բացայայտման ուղղուած` գլխաւոր դատախազութեան գործողութիւնները: Ան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտման` զայն նկատելով ոչ լիարժէք եւ անբաւարար:

«Հաւատացէք` եթէ մենք անընդհատ կ՛արծարծենք այդ հարցը, ոչ թէ այն պատճառով, որ Հրաչ Մուրատեան ՀՅԴ-ի անդամ էր, այլ պատճառները աւելի խորքային են. օր ցերեկով սպաննուած  է Մարտական խաչի շքանշանակիրը, հերոսը, գիւղապետը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ գործը ցարդ  բացայայտուած չէ:

 

 

Նախորդը

Աշոտ Հայրունի. «Թուրքիոյ Ճնշումով Պունտեսթակի Բանաձեւէն Հանուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրը»

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ-ի Կովկասի Եւ Սեւ Ծովու Յանձնախումբի Երկօրեայ Ժողովը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.