Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճամբով տագնապին լուծման ուղղուած ջանքերը:
Նալբանդեան – Ուորլիք Հանդիպում
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:
Զրուցակիցները հանգամանալից կերպով քննարկեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցեր:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման յստակ թուականը տակաւին յայտնի չէ, բայց մենք պիտի այցելենք երկու մայրաքաղաքներ, եւ ատիկա հարցերէն մէկն է, որ պիտի քննարկենք», ըսաւ Ուորլիք` հայաստանեան լրատու կայքի մը տուած հարցազրոյցին մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` յառաջընթաց կա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ, Ուորլիք ըսաւ, որ հանդիպումներ կ՛ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: «Մենք կը խօսինք բանակցային հոլովոյթին մէջ հետագայ քայլերու մասին: Երկու նախագահներն ալ յայտարարած են երկխօսութիւնը աշխուժացնելու մտադրութեան մասին, եւ համանախագահները կ՛օգնեն անոնց դիւրացնելու այդ քննարկումները», ընդգծեց Ուորլիք:
Յիշեցնենք, որ միջազգային միջնորդներուն վերջին այցելութիւնը շրջան տեղի ունեցաւ այս տարուան փետրուարին: