Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» Դարմանատուն-Կեդրոնի Բացում

Յունիս 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-06-15_1a

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը:

3a

Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ  ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ  դարմանատուն-կեդրոնին բացումը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոզ Պագալեան: Ան  ըսաւ. «Վազքով սկսած եւ զանազան դժուարութիւններ յաղթահարած աշխատանքէ մը ետք, շնորհիւ մեր ժողովուրդին, ղեկավարութեան, Շրջանային վարչութեան, գիւղին միութիւններուն, հեռաւոր ափերուն գտնուող մուսալեռցի-այնճարցի հայորդիներուն` այնճարցին ու Այնճարը սիրող բարերարներուն նուիրատուութեամբ եւ մեր տարեց ընկերուհիներուն օրհնութեամբ, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թափ ստացաւ եւ իրագործուեցաւ շինարարական այս ծրագիրը` ճարտարապետութեամբ գիւղի զաւակներէն Հրակ Սթամպուլեանի»: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Այս կեդրոնին մէջ «Աղթամար» մասնաճիւղի 200 անդամներով պիտի գործենք` վերանորոգուած կամքով մեզի վստահուած աշխատանքը հասցնելով լաւագոյնին, մեր նորահաս սերունդին փոխանցելով մեր պապերէն ժառանգած կամքի, կորովի, ազգասիրութեան, հաւատարմութեան եւ զոհողութեան ոգին»:

6-06-15_4a6-06-15_5a«Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան ներկայացուց մասնաճիւղին պատմականը` անդրադառնալով մասնաճիւղին եւ դարմանատան հիմնադրութեան հանգրուաններուն, 1942-էն մինչեւ օրս: Ան յիշեց հիմնադիրները, դերակատար ընկերուհիները եւ անցեալի երիտասարդ բժիշկները, որոնք ընդհանրական շահերը գերադասելով եւ անսակարկ նուիրումով հիմը դրին այսօրուան դարմանատան:

Ան ըսաւ, թէ «վերանորոգուած դարմանատունը իր նոր  կառոյցով եւ բարելաւուած սարքաւորումներով կու գայ ըսելու մեր սիրելի ժողովուրդին` եղէ՛ք առողջ, իսկ եթէ դիմագրաւէք որեւէ առողջական հարց, դիմեցէ՛ք «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի դարմանատուն, ուր պիտի գտնէք ձեր ցաւերը ձեզի հետ բաժնող ընկերուհիներ եւ պաշտօնէութիւն»:

Հաւաթեան յայտնեց, որ վարչութիւնը ինքզինք գօտեպնդուած կը զգայ` նեցուկ ունենալով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը:

Ան իր խօսքը շարունակեց արաբերէնով եւ դարձեալ անդրադարձաւ դարմանատան պատմականին` յիշելով անոր դերակատարութիւնը գիւղի եւ շրջանի բնակիչներուն առողջապահական հարցերուն խնամքին եւ բարօրութեան մարզերուն մէջ:

6-06-15_6aԱպա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան գնահատեց դարմանատան ցարդ ընծայած ծառայութիւնները` վստահեցնելով, որ մասնաճիւղը պիտի վայելէ Շրջանային վարչութեան հոգատարութիւնը, համակրանքը եւ հովանաւորութիւնը:

Ան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի ընտանիքը միշտ յատկանշուած է իր միասնակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Գլպաշեան  իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորութեան եւ  յարատեւութեան մաղթանքներով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան: Ան ըսաւ. «Այնճարի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողքին, ժողովուրդին առողջապահական եւ ընկերային կարիքները իր ուսերուն վերցուցած կամաւորներու մեծ բանակով մը գործած է ու կը շարունակէ գործել «Աղթամար» մասնաճիւղը, որ տեղէ տեղ փոխադրուելով վերջապէս իրականացուց գիւղի անմիջական առողջապահական կարիքները հոգացող եւ արդիական պայմաններով օժտուած կեդրոնի մը շինութեան իր երազը»:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Հիմա պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած շարունակենք գործը, որպէսզի այս կեդրոնը համալրուի նոր սարքաւորումներով եւ աւելի ընդարձակէ իր գործունէութիւնը եւ ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութիւնները»:

6-06-15_8a6-06-15_9aՏոքթ. Այնթէպեան աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք նոր թռիչք առնող այս ժողովուրդին եւ իր 75-ամեակը արդէն բոլորած մեր գիւղին համար մեծ նուէր է այս կեդրոնը:

Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան շնորհաւորեց այնճարցիները եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը` վերանորոգուած դարմանատան բացումին առիթով` նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընտանիքին: Ան ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, ուր կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ, սակայն մենք կը նմանինք այն նաւուն, որ երբեք չ՛ընկղմիր եւ  կը յաղթահարէ սպառնացող բոլոր խոչընդոտները»:

Տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւն եւ գնահատանք Ծաղիկ Հերկելեանին` մասնաճիւղի դարմանատան մէջ իր 25-ամեայ պաշտօնավարութեան առիթով:

Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան այս ազնիւ մօտեցումին համար եւ ըսաւ, թէ ան իր պարտականութիւնը կատարած է հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան գիւղի պարմանուհիներէն Յասմիկ Այնթապլեան` ֆլիւթով, Մեղեդի Թոփալեան` երգով եւ Էլենա  Քերքեզեան` ջութակով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` ձեռամբ շինարարական յանձնախումբի ընկերուհիներուն:

Ներկաները խանդավառուած տօնական մթնոլորտէն կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ

RelatedPosts

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Մարտ 24, 2023
Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In