Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Դժգոհ Է Եւ Դէմ Պիտի Քուէարկէ Պիւտճէի Կատարման Հաշուետուութեան

Յունիս 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_tem-1162014 թուականի պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան վերաբերեալ Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովին մէջ երէկ ներկայացուց ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը:

«Ցաւով պիտի նշեմ, որ ընդդիմութեան յոռետես  կանխատեսումները իրականութիւն դարձան: Պարոն փոխվարչապետը կ՛ըսէ` մեր փորձը համադրենք այլ երկիրներու հետ: Մինչեւ համադրելը` փորձենք տեսնել այն նպատակները, զորս ունէինք. կատարա՞ծ ենք, թէ՞ չենք կատարած, որպէսզի յետոյ ալ կարենանք համադրել այլ երկիրներու վիճակին հետ: Մենք ոգեւորուած կ՛ըսէինք` տնտեսական աճի ցուցանիշը 2,3 առ հարիւր է, եւ նախկին կառավարութիւնը ներկայացուցած էր այդ ցուցանիշը, եւ «ներում-բեկում» չկայ: Մենք ի՞նչ ըրինք, չապահովեցինք: Մենք այս ցուցանիշի սխալ կանխատեսումներուն պատճառով հարկայինի բեռը աւելի խորացուցինք: Տնտեսութիւնը, ըստ էութեան, յայտնուած է ճգնաժամի փուլի մէջ», նշեց պատգամաւորը:

Ըստ անոր, պատճառը նախ  եւ առաջ կառավարութեան ոչ բաւարար աշխատանքն է: «Տիգրան Սարգսեանի կառավարութիւնը եւ, պարո՛ն փոխվարչապետ, դուք ալ գաղափարակիցն էիք կուտակային կենսաթոշակային համակարգին, անընդհատ կը պնդէիք, որ այս համակարգով մենք յեղաշրջում պիտի ընենք, այնքան գումար պիտի կուտակենք, որ տնտեսութիւնը թռիչքաձեւ զարգացում պիտի ունենայ: Յետոյ, երբ սահմանադրական դատարանի ապրիլեան որոշումը եղաւ, ձեր մօտեցումները փոխանակ վերատեսութեան ենթարկելու, հակառակը ըրիք: Ատոր հետեւանքով` 2014 թուականի պետական պիւտճէէն շուրջ 10 երկիլիոն դրամ գացած է սեփական ֆոնտերուն: Հիմա` հարցում. այդ ֆոնտերու գումարները Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան օգնա՞ծ են: Այդ գումարները տնտեսութեան ո՞ր ճիւղերուն գացած են: Հիմնական մասը գացած է պետական պարտքը ֆինանսաւորելուն: Կուտակային բաղադրիչի մասնակիցները կ՛երաշխաւորուին 6-7 առ հարիւր  եկամուտով այն գումարի հաշուոյն, որ պետական գումար պէտք է ըլլար: Բայց պետութիւնը իր պիւտճէէն հանել կու տայ սեփական մարզին եւ կ՛ըսէ` ինծի կու տա՞ս 13 առ հարիւրով: Այսինքն` մենք 6-7 դրամ անիմաստ ծախս կ՛ընենք: Ո՞րն է այստեղ տրամաբանութիւնը: Մենք ասով ի՞նչ կը  խթանենք կամ կը խրախուսենք:

Դուք առնուազն ճշդում պէտք է կատարէիք ձեր կանխատեսումներուն մէջ եւ գայիք Ազգային ժողով եւ համապատասխան փոփոխութիւններ առաջարկէիք: Ատոր կարելիութիւնը ընձեռուած էր, նոր կառավարութիւն կար: Գայիք, փոխէիք եւ ըսէիք` սխալ կանխատեսած ենք: Չըրիք ասիկա, լաւ: 2013 թուականի դեկտեմբերին ի՞նչ գործողութիւններ ըրիք, եւ այս ամպիոնէն ինչպիսի՞ ճառեր կը լսուէին` մենք գործազրկութեան նպաստը կը հանենք, բայց պիտի աշխուժացնենք աշխատանքի շուկան: Եթէ մոռցած էք, կ՛ուզէք յիշեցնեմ: Աշխուժացուցի՞ք: Բերած էք հաշուետուութիւն, որ գործազրկութիւն ունինք: Ասոր մասին չէք խօսիր եւ չէք ըսեր, որ սխալ ըրած էք: Մարդը սխալական է, երբ սխալ կը տեսնես, կրնաս ուղղել եւ ճիշդ ընթացք ունենալ», ըսաւ Մինասեան:

Պատգամաւորը նշեց նաեւ, որ իրենք միշտ ըսած են, որ պիւտճէն պէտք չէ ըլլայ նպատակ, ատիկա միջոց է: «Ամէն տարի պիւտճէն նպատակ ընելու մասին կը  խօսինք` կատարեցինք, չկատարեցինք, բայց ատիկա միջոց է: Թուային ցուցանիշներու տակ պէտք է որակ ըլլայ: Մենք, այդ առումով, հպարտանալու եւ գովելու բան չունինք: Մենք պէտք է դադրինք պիւտճէն դիտարկել իբրեւ  նպատակ, ատիկա պէտք է իբրեւ միջոց դիտարկենք», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան եւ աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն դէմ պիտի քուէարկէ պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան:

 

Նախորդը

Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Թուրքիոյ Յայտնած Են. «Կան Դիրքորոշումներ, Որոնք Ենթակայ Չեն Փոփոխութեան»

Յաջորդը

Թուրքիոյ 2014-ի Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Եւս Եւրոպական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?