Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ. Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան Պարգեւատրուեցաւ Նախագահական «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

Յունիս 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-09-15_Sarkis-G.

«Շատ պիտի ուզէի այս շքանշանը ստանալ հերոսածին Սարդարապատի հողին վրայ, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով այսօր կը ստանամ, բայց որովհետեւ այս դեսպանատունն ալ հայկական հող է, իսկ Հայաստանի ամէն մէկ թիզ հող մեզի համար ե՛ւ Ծիծեռնակաբերդ է, ե՛ւ Սարդարապատ է, ե՛ւ Զանգեզուր է, ե՛ւ Արցախ, ես զայն ստացած կը սեպեմ 28 մայիսին առիթով, 28 մայիսին, նոյնիսկ եթէ օրացոյցը այսօր ուրիշ թուական կը նշէ»:

Վերոյիշեալ հաստատումով, մօտեցումով եւ տրամադրութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին բանաստեղծ, մտաւորական, գրող Սարգիս Կիրակոսեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ եւ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ձեռամբ ստանձնեց 28 մայիսին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ նաեւ յատկանշական է պարգեւատրումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որ առիթ եղաւ հայութեան համախմբուածութիւնը, միասնականութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը վերահաստատելու:

Ապա ան հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Շահան Գանտահարեանը` արտասանելու իր խօսքը:

6-09-15_Sarkis-G

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, թէ հակառակ անոր որ ենթակայական ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ կան, ինչպէս նաեւ Սարգիս Կիրակոսեանի բեղուն գործունէութեամբ եւ գրական վաստակով լի կեանքը կը յուշէ խոր վերլուծութեան ենթարկել անոր տարիներու վաստակը, սակայն պարգեւի տուչութեան արարողութիւնն ու առիթը կը թելադրեն հեռու մնալ այդ փորձութենէն:

Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով շնորհուած մետալին հիմնական պատճառը հայրենիք – սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման իմաստով Սարգիս Կիրակոսեանի ունեցած աւանդն է: «Իրօք, ողջունելի է, որ մեր պետութիւնը նկատած է սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի բերած ներդրումը հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու աշխուժացման, համագործակցութեան եւ նոյնիսկ կառուցակարգման աշխատանքին մէջ», ըսաւ ան:

Ապա Շ. Գանտահարեան յիշեց այն նախաձեռնութիւնները զորս կատարեց Ս. Կիրակոսեան եւ որոնք Հայաստանի ու լիբանանահայութեան միջեւ ամուր կամուրջներ ստեղծեցին, ինչպէս` Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին հիմնումը, անոր կապը Հայաստանի գրողներու միութեան հետ, լիբանանահայ գրողներու Երեւան այցելութիւններն ու տարբեր համագումարներու մասնակցութիւնը, Հայաստանի գրողներու միութեան ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համագումարներուն, սփիւռքահայ գրողներու անդամակցութիւնը Հայաստանի գրողներու միութեան:

Գանտահարեան շեշտեց, որ Սարգիս Կիրակոսեան այս բոլորին կողքին նաեւ հայկական մշակոյթը  արտաքին աշխարհին ծանօթացնելու խնդիր ունէր եւ կարեւոր կը նկատէր սատար կանգնիլ օտարալեզու գրողներու հայրենիքի մէջ համախմբման: Այս ծիրին մէջ կայացան լիբանանցի նշանաւոր գրողներու այցելութիւնը Երեւան եւ անոնց մասնակցութիւնը միջազգային համագումարներուն:

«Սարգիս Կիրակոսեանին շնորհուող պարգեւին առիթով նախագահի հրամանին մէջ օգտագործուած են Հանրապետութեան տօն, հայրենիք, սփիւռք, մշակոյթ, աւանդ, Մովսէս Խորենացի բառերն ու անունները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հսկայական խորհուրդ ունի իր մէջ պարփակող: Սարգիս Կիրակոսեանը կ՛արժանանայ մեր պատմութեան նախահօր անունը կրող մետալին, հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ նկատառելի աւանդ ապահոված ըլլալուն համար, Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ, հայոց պետականութեան վերականգնման եւ անկախութեան կերտման տօնին առիթով», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:

Ապա դեսպան Աշոտ Քոչարեան Սարգիս Կիրակոսեանին յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» մետալը:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ յուզիչ եւ յատկանշական նկատեց պարգեւատրումը Հայաստանի անկախութեան հռչակման` 28 մայիսին առիթով` դիտել տալով, որ այս իրողութիւնը շատ աւելի մեծ ու խոր տարողութիւն կու տայ շնորհուած շքանշանին:

«Ես մէկն եմ այն սերունդէն, որուն ներկայացուցիչներս տակաւին 3-4 տարեկան, ՀՄԸՄ-ական կակուղ թաթիկ, մեր աչքերը լոյսին բացինք, տակաւին անգիտակից, մայիս 28-ի խորհուրդով, Եռագոյնի շուքին տակ, մեծցանք Եռագոյնով, եւ Եռագոյնը մեծցաւ մեր սրտերուն մէջ: Եռագոյնը, 28 մայիսը, Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը սրբազան մասունքի պէս բարձր պահեցինք, պահ մը նոյնիսկ մէկդի ձգելով մեր կուսակցական, միութենական դրօշակները, եւ զայն վերադարձուցինք իր հարազատ իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք: Այսօր այս պահը ինծի համար, անկախ իր գրական բովանդակութենէն, նաեւ ազգային ամբողջական բովանդակութիւն ունի, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման այո՛ պատասխանած մեծ ժողովուրդի վճռական որոշումէն ասդին չկան, եւ կը կարծեմ, պէտք չէ ըլլան արեւմտահայ եւ արեւելահայ, սփիւռքահայ եւ արցախահայ, այլ կայ մէկ ժողովուրդ, հայ ժողովուրդ` իր ամբողջական մշակոյթով, իր ամբողջական տեսլականով` ազատ, անկախ, ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեամբ կերտման տեսլականով», հաստատեց Սարգիս Կիրակոսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր գրող` իբրեւ անկեղծ ու համեստ զինուոր, կը հսկէ եւ պիտի շարունակէ հսկել 28 մայիսի ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման, ուռճացման, հզօրացման եւ ամբողջացման նուիրական գործին: Այս առումով Ս. Կիրակոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց` դեսպանին ճամբով, Հայաստանի նախագահին, Հայաստանի իւրաքանչիւր այրին, ամէնէն բարձրաստիճանէն մինչեւ պարզ զինուորին, որոնք իբրեւ հայ ժողովուրդի արթուն պահակներ կը հսկեն մեր դիրքերուն: Անոր համաձայն, այս շքանշանները ստացողները ինքնաբերաբար կը դրուին շատ լուրջ ու ծանր պարտաւորութիւններու տակ, ուստի պէտք է նոյն վճռակամութեամբ, հաւատքով ու նուիրումով ծառայել հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:

Նախորդը

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Համար. Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Յաջորդը

Կիւլ Տաւութօղլուին Կոչ Ուղղած Է Կառավարութիւն Ձեւաւորելու

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?