Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այալա. «Մտադիր Ենք Շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Շուրջ Երկխօսութիւնը Այս Հարթակին Մէջ»

Յունիս 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-09-15_so-1

Ընկերվար միջազգայնականի` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի երեւանեան երկօրեայ ժողովի աւարտին երէկ բանաձեւ ընդունուեցաւ:

Կառոյցի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան միացեալ ասուլիսին ընթացքին  ներկայացուցին ժողովին արդիւնքները:

«Շրջանի տագնապներու խաղաղ լուծում, ժողովրդավարութեան ապահովում եւ ամրապնդում, ԱՊՀ-ի, կովկասեան եւ սեւծովեան երկիրներուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական  առաջնահերթութիւններ. այս հարցերը Ընկերվար միջազգայնականի օրակարգին մէջն են, եւ երեւանեան ժողովին ալ շատ կարեւոր հաստատումներ եղան», ըսաւ Լուիս Այալա:

Ըստ անոր, շատ կարեւոր է, որ ի դէմս ՀՅԴ-ի` իր ղեկավարած կառոյցը այս շրջանին մէջ գործընկեր կուսակցութիւն ունի: «Ընկերվար միջազգայնականի անդամ քաղաքական ուժերը իրենց երկիրներուն մէջ կը փորձեն ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, եւ կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ անոնք գործող իշխանութիւններուն այլընտրանքն են: Միւս կողմէ, շատ կարեւոր է, որ Երեւանի մէջ էին նաեւ Ազրպէյճանի ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Մենք մտադիր ենք շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ երկխօսութիւնը այս հարթակին վրայ: Իսկ տագնապներու, ոչ միայն` Լեռնային Ղարաբաղի, լուծման համար շատ կարեւոր է նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը այդ երկիրներուն մէջ», ըսաւ Այալա:

Արմէն Ռուստամեան իր կարգին նշեց, որ ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբը շրջանի հակամարտող երկիրներուն կարելիութիւն կու տայ հանդիպելու նոյն հարթակին վրայ եւ քննարկելու խնդիրները:

«Ես կ՛ուզեմ ընդգծել յանձնախումբին դերը: Շատ իւրայատուկ ձեւաչափ է ասիկա: Մենք բաց ձեւաչափով կ՛արծարծենք տագնապը: Մասնաւորապէս` Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու ընկերվարական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները այս դաշտին մէջ կը հանդիպին եւ կը քննարկեն բոլորը հետաքրքրող խնդիրները: Այս յանձնախումբը բաւական կենսունակ է եւ կրնայ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունենալ»:

Անդրադառնալով ազրպէյճանցի ներկայացուցիչին դիրքորոշման` Արմէն Ռուստամեան. «Մենք իսկապէս հոս կը փորձենք հասնիլ համախոհութեան: Մեր հիմնական նպատակը փոխադարձ ըմբռնումի հասնիլն է: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի ժողովրդավարութեան ներդրման միջոցով հասնինք փոխհամաձայնութեան: Ազրպէյճանի մեր պաշտօնակիցներն ալ ընդունած են այս սկզբունքները: Մենք բացառած ենք պատերազմի միջոցով հարցերու լուծումը»:

 

Նախորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Մտադիր Է Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Կարեւորը Ոչ Թէ Խորհրդարանին Մէջ Երեք Հայ Ըլլալն Է, Այլ Այն, Թէ Ի՛նչ Պիտի Ընեն Անոնք» Կ՛ըսէ Կարօ Փայլան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?