Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Էրտողանի Կուսակցութեան Մեծ Ձախողութիւնը

Յունիս 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Տեմիրթաշ. «Ընտրութիւններուն Միայն
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը
Չէ Որ Յաղթեց. Այլ Նաեւ Յաղթեցին Թուրքիոյ Մէջ
Ապրող Բոլոր Փոքրամասնութիւնները»

6-07-15_քուէ

Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Այս ընտրութիւնները վճռորոշ էին այն առումով, որ անոնց իբրեւ արդիւնք յայտնի կը դառնայ, թէ արդեօք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնա՞յ փոխել սահմանադրութիւնը եւ երկիրը խորհրդարանական համակարգէն դարձնել նախագահական հանրապետութիւն, ինչպէս կը ցանկայ նախագահ Էրտողան:

Երէկ, ընտրութիւններուն օրը, Ուրֆայի նահանգի մեծագոյն շրջաններէն Վիրանշեհիրի մէջ ելեկտրական մեծ փոխարկիչ մը հրդեհ առաւ: Ըստ «Սէօզճիւ»-ի, քուէահամարին սկսելէն կարճ ժամանակ առաջ ծագած հրդեհին պատճառը յստակ չէ, շատ հաւանական է, որ անիկա միտումնաւոր եղած ըլլայ: Նահանգի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ելեկտրականութիւնը անջատուած է:

Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու ժողովրդային մասնակցութեան տոկոսը բարձր եղած է, յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:

6-07-15_erdoghan

Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ քուէարկեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ «Թուրքիա զգայուն ժամանակաշրջան մը կ՛անցընէ»:

Յայտնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Թուրքիոյ 81 նահանգներու 174.000 ընտրատեղամասերու մէջ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Բոլոր կեդրոններուն մէջ քուէատուփերը փակուեցան եւ  քուէահամարի աշխատանքը սկսաւ ժամը 5:00-էն ետք:

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Վանի մէջ կը մասնակցի ընտրութիւններուն
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Վանի մէջ կը մասնակցի ընտրութիւններուն

Աւելի ուշ, թրքական եւ համաշխարհային լրատուամիջոցները կը հաղորդէին ընտրութիւններուն անպաշտօն արդիւնքները: Ուշ երեկոյեան տուեալներով, բոլոր լրատուամիջոցները հաստատեցին ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնց պատկերը հետեւեալն էր` քուէներուն 99,93 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 40,81 առ հարիւրը (258  երեսփոխան), Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 25,01  առ հարիւրը (132 երեսփոխան), Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 16,33 առ հարիւրը (81  երեսփոխան) եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 13,06 առ հարիւրը (79  երեսփոխան):

Ընտրութիւններու արդիւնքներուն անպաշտօն յայտարարութենէն ետք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք միայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը չէ որ յաղթեց, այլ նաեւ յաղթեցին Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները` ալեւիները, լազերը եւ հայերը … Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այլեւս Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն կուսակցութիւնը դարձաւ: Յատուկ շնորհակալութիւն Ապտուլլա Օճալանին: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր լրագրողներուն, որոնք իրենց իրաւունքներէն զրկուած են»:

Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նախապէս խոստացած էր, թէ երբ մուտք գործէ թրքական խորհրդարան, անպայման խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Երեք Հայ Երեսփոխան` Թուրքիոյ
Նորընտիր Խորհրդարանին Մէջ

Կարօ Փայլան  Մարգար Եսայեան  Սելինա Էօզուզուն Տողան
Կարօ Փայլան                                                 Մարգար Եսայեան                                  Սելինա Էօզուզուն Տողան

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ մէջ առաջադրուած հինգ հայ թեկնածուներէն երեքը  անցած են խորհրդարան: Անոնք են` Սելինա Էօզուզուն Տողան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Կարօ Փայլան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն եւ Մարգար Եսայեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?