Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով Կ՛անդրադառնայ Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Պարոյր Հայրիկեանի Հետ Եղած Միջադէպին

Յուլիս 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1435918156-6517Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած  պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էր ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, վերջերս Պիելոռուսիա այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի  ներկայացուցիչներուն հետ:

Լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք Պիելոռուսիոյ իրենց գործընկերները հետաքրքրուա՞ծ են, թէ այս օրերուն ի՛նչ կը կատարուի Բաղրամեան պողոտային վրայ, Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց, որ այդ նիւթով բազմաթիւ հարցազրոյցներ տուած են  պիելոռուսական լրատու միջոցներուն: Ան նշեց, որ երբ հանդիպում ունեցած են Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոյի հետ, անդրադարձ կատարուած է Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցող ցոյցերուն, իսկ Անտրէյչենքօ հայկական պատուիրակութեան փոխանցած է  Պիելոռուսիոյ մէջ ելեկտրական հոսանքի գիներու կարգաւորման փորձառութեան մասին բազմաթիւ նիւթեր:

Էդուարդ Շարմազանով աւելցուց, որ այդ նիւթերը տուած է Արծուիկ Մինասեանին, որպէսզի ան զանոնք լաւ ուսումնասիրէ եւ պատրաստէ զեկուցում մը, որ կ՛օգնէ ուժանիւթային համակարգի առողջացման ուղղուած գործողութիւններուն:

Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն կրնայ փակ մնալ Բաղրամեան պողոտան, պատասխանեց. « Քանի տակաւին ամէն ինչ խաղաղ է, մարդիկ կրնան շարունակել իրենց ցոյցը: Ես երբ աշխատանքի կու գայի, միայն այդ աղբարկղները տեսայ, թերեւս մարդիկ ալ կային, որ ծառերու շուքին մէջն էին, բայց ես զանոնք չտեսայ: Իշխանութիւնները հանդուրժող են եւ համբերատար: Իշխանութիւնը կը հասկնայ ժողովուրդին բողոքները»:

Շարմազանով նաեւ անդրադարձաւ տարբեր երկիրներու դրօշներ բերող ցուցարարներուն` մէջբերելով ժողովրդական ասացուածքը. «Ուրիշին սեղանին թամատայութիւն մի՛ ըներ, մանաւանդ` ուրիշին դրօշներով: Այդ սեղանին թամատան մեր քաղաքացիներն են, եւ պէտք չէ պատրաստի սեղանին, որ արդէն որոշ յաջողութեան հասած է, գալ սեղանին դիրքը փոխել եւ ըսել, որ` այսօրուընէ սեղանին թամատան ես եմ: Այդ պահանջին թամատաները մեր քաղաքացիներն են, մեր երիտասարդները, իրենք ալ կ՛որոշեն` ինչ ընել: Ըլլայ ատիկա իշխանութենէն, թէ` ընդդիմութենէն, պէտք չէ խառնուիլ մեր հանրութեան աշխուժ բողոքներուն»:

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր Ազգային ինքնորոշման միաւորումի նախագահ Պարոյր Հայրիկեան Եւրոպական Միութեան դրօշներով Բաղրամեան պողոտայ եկաւ: Ասիկա յարուցեց ցուցարարներու բուռն դժգոհութիւնը: Հայրիկեան Եւրոպական Միութեան դրօշներուն   առկայութիւնը բացատրեց անով, որ բռնութեան ենթարկուած ցուցարարները դիմած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Ըստ Շարմազանովի, եթէ կայ բողոք, խաղաղ է եւ ապաքաղաքական, ուրեմն պէտք չէ քաղաքական դրօշներով երթալ, եւ այնտեղ միայն Հայաստանի Եռագոյնը պէտք է ըլլայ:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի

Յաջորդը

Կրկին Անհամաձայնութիւն Եւ Վէճ Բաղրամեան Պողոտայի Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?