Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դրօշներով Բաղրամեան Պողոտայ Եկած Հայրիկեանին Դիմաւորեցին «Սադրի՛չ, Հեռացիր» Կոչերով

July 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-02-15_tal-37Երէկ ուշ երեկոյեան ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ Բաղրամեան պողոտային վրայ բողոքի ցոյց կատարող ցուցարարներուն այցելութեան եկաւ Ազգային ինքնորոշում միաւորումի առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը:

Ցոյցին մասնակիցները սուլոցներով դիմաւորեցին Հայրիկեանին եւ անոր ուղեկիցներուն, որոնք բացի հայկական Եռագոյնէն, իրենց հետ բերած էին նաեւ Եւրոպական Միութեան դրօշներ: Ցուցարարները պահանջեցին իջեցնել Եւրոպական Միութեան դրօշները, լսուեցան` «Սադրի՛չ», «Հեռացի՛ր» եւ «Եռագո՛յն» կոչեր:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ եկած է Եւրոպական Միութեան դրօշներով, Պարոյր Հայրիկեան պատասխանեց. «Որովհետեւ տղաքը դիմած են Եւրոպական դատարան»:

Յայտնենք, որ  23 յունիսին Բաղրամեան պողոտային վրայ ոստիկանութեան կողմէ ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ նստացոյցի մասնակիցներուն նկատմամբ ուժի կիրարկումէն տուժած 16 քաղաքացիներ դիմում ներկայացուցած են Մարդու իրաւունքներու  եւրոպական դատարան:

Ի վերջոյ, Եւրոպական Միութեան դրօշները հեռացուեցան եւ լարուածութիւնը Բաղրամեան պողոտային վրայ նուազեցաւ:

Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Հացադուլ Յայտարարած
Երիտասարդները Տեղափոխուեցան Հիւանդանոց

30 յունիսէն Բաղրամեան պողոտային վրայ հացադուլի սկսած Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Հայկ Պարիկեան դադրեցուցին հացադուլը եւ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուեցան համալսարանական թիւ 1 հիւանդանոց:

Յարութիւն Յարութիւնեան սուր ցաւեր ունէր, իսկ Պարիկեան ինքզինք վատ կը զգար:

Յիշեցնենք, որ երիտասարդները հացադուլի սկսան ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման որոշումը չեղեալ յայտարարելու  պահանջով:

«Ո՛չ Թալանին»-ը Գիւմրիի Մէջ Հանրային
Քննարկում Պիտի Կազմակերպէ

«Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ օր Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ կը հրաւիրէ հանրային քննարկումի:

«Քննարկումին նպատակը մեր հետագայ քայլերուն, գործողութիւններուն  եւ միասնական օրակարգի մշակումն է: Ցանկալի է նաեւ մարզին հետ առնչութիւն ունեցող մասնագէտներու` տնտեսագէտներու, իրաւաբաններու, ելեկտրագէտներու եւ այլն, մասնակցութիւնը», ըսուած է նախաձեռնութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Ցոյցերը Քաղաքականացնելու Փորձ Կը Կատարուի»

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Սպառազինութեան Համար Ռուսիայէն Վարկ Ստանալու Մասին Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 9, 2026
Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.