
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ քննարկումներ կը կատարեն Ուաշինկթընի մէջ:
«Մինսքի խմբակի համանախագահները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը», գրած է Ուորլիք: