Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Եպիսկոպոսական Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը

July 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150703-WA0001Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ  տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յուլիս 2015-ի, երեկոյեան «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Պշարա Ռայիի եւ ներկայութեամբ ընկերային հաղորդամիջոցներու  եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ,  մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքապետերու, պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա եպիսկոպոսին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի, լիբանանեան հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներու եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

Նախքան երեկոյին պաշտօնական յայտագիրին գործադրութիւնը, ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երանաշնորհ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  կաթողիկոս պատրիարքին յիշատակը: Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առնելով`  տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Պու Քասմ, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը եւ կարտինալ Ռայի` վեր առին մամուլին, հաղորդամիջոցներու եւ լրագրողներու աշխատանքին կարեւորութիւնը հասարակութիւնը իրազեկելու եւ զայն ճշմարտութեան հաղորդակից դարձնելու ուղղութեամբ:

Այնուհետեւ տեսերիզով ներկայացուեցան վեց հաղորդամիջոցներ եւ լրագրողներ` հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուութեան խորհրդական Ռաֆիք Շլելա, հայր Եուսէֆ Մուաննէս, Եուսեֆ Աշքար, Քլոտ Ապու Նատեր-Հինտի, Սարգիս Նաճարեան, Հապիպ Շլուք եւ, Թելէ Լիւմիեր, որոնք կարտինալ Պշարա Ռայիի եւ ներկայ պատրիարքներուն ու պապական նուիրակին ձեռամբ պարգեւատրուեցան Ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին եւ Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին յուշատախտակներով:

Նախորդը

Անդրադարձ. Վերարժեւորման Ողջունելի Նախանշանները

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.