Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ կենդանի պատնէշ կազմած պատգամաւորներուն կարգին էր: Հինգ-վեց օր է, որ արդէն կենդանի պատնէշը փլուզուած է: Ի դէպ, փլուզումէն ետք ալ Աղուան Վարդանեան այն քիչերէն էր, որ կը շարունակէր մնալ պողոտային վրայ:
Առաջին լրատուականը պատգամաւորին հարցուցած է պատնէշի փլուզման պատճառներուն մասին:
«Ատիկա պայմանաւորուած էր անով, որ որեւէ ուժ պիտի չկիրարկուի ոստիկանութեան կողմէ եւ այլեւս այնտեղ գտնուելու անհրաժեշտութիւն չկայ, արդէն երրորդ օրն է` այնտեղ չեմ: Կը կարծեմ, որ արդէն աւելորդ է մեր ներկայութիւնը այնտեղ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի սկզբանէ կը հետեւէր ցոյցերուն, անոնք ի՞նչ ընթացք ստացան, Վարդանեան ըսաւ. «Ես միշտ խուսափած եմ որեւէ գնահատական տալ քաղաքացիական նախաձեռնութեան որոշումներուն եւ ընթացքին մասին, բայց ես կը կարծեմ, որ այս շարժումը կրցաւ բաւական մեծ արդիւնքի հասնիլ, եւ եթէ կրնային այդ արդիւնքը ամփոփել եւ անոր շարունակութեան վրայ կառուցէին յաջորդ քայլերը, աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար: Խօսքը` ստացած արդիւնքը արժեւորելու եւ անկէ բխող իրենց հետագայ գործողութիւնները կազմակերպելու մասին է»:
Վարդանեանին հարց տրուեցաւ նաեւ, թէ ի՞նչ արդիւնք պիտի ունենան պողոտային վրայ շարունակուող ցոյցերը: Ցուցարարները պիտի չնահանջեն` շարունակելով պահանջել չեղեալ յայտարարել որոշումը, իսկ իշխանութիւնը տակաւին քայլի դիմած չէ:
«Իրենց որոշելիքն է, քայլերն է: Ես չեմ պատկերացներ ամիսներով, տարիներով այս շարունակութիւնը, իրենք պիտի որոշեն, մենք կը փորձենք առաւելագոյնս չէզոք մնալ, որպէսզի այն մաքուր նախնական շարժումը, որ սկսած էր կիրթ գիտակից քաղաքացիներու մասնակցութեամբ, ես կ՛ուզէի, որ այդ շարունակութիւնը ըլլար, ոչ թէ փոխակերպուէր այլ խնդիրներու»:


