«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ թիւ 104 լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը Հարաւային Ամերիկայի մէջ» տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յուլիս 2015-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Լսարանի զեկուցաբերն էր Արժանթինի Սան Անտրես եւ պետական Լանուսի համալսարաններու դասախօս դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի ծիրին մէջ եւ Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնառութեան դիրքերուն վրայ յառաջատար կը մնայ հարաւային ամերիկեան երկիրներու դերը, ապա յայտնեց, թէ ոչ միայն Հայ դատի յանձնախումբերուն կատարած տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ լատինամերիկեան երկիրները կառչած կը մնան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքին, այլ նաեւ շնորհիւ այդ երկիրներու քաղաքական կեանքին, որ դրոշմուած է մարդկայնական գաղափարներով` ձախակողմեան ու ընկերվարական մօտեցումներուն ընդմէջէն: Այս ու նման հարցադրումներու մասին զեկուցելու համար Ժաք Յակոբեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր զեկուցումին սկսաւ հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կազմակերպուածութեան իմաստով աւելի շատ մղում մըն էր շարունակելու համար պահանջատիրութիւնը:
Այս առումով, ըսաւ ան, Հարաւային Ամերիկան ունի եզակիութիւններ, ինչպէս օրինակ` Ուրուկուէյը առաջին պետութիւնն է, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պատահական չէ, յայտնեց ան, որ 1965-ին Ուրուկուէյը եղաւ այն երկիրը, որ առաջին անգամ օրէնքով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ թուականին Ուրուկուէյի հայ գաղութն էր, որ ամբողջովին համարկուած էր երկրի քաղաքական հոլովոյթին մէջ: Ան ըսաւ, թէ խանդավառութիւնը 1970-ական թուականներուն մարեցաւ պետութեան մէջ քաղաքական վատ պայմաններուն եւ զինուորական բռնատիրութեան բերումով:
Եւ այսպէս, հարաւային ամերիկեան երկիրներուն մէջ ապրող հայութեան փորձառութիւնը յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ ժողովրդավարութիւնը առանց ընկերային արդարութեան իմաստ չունի:
Ան ըսաւ, թէ շնորհիւ Հայ դատի աշխատանքներուն Արժանթինի պետութիւնը 2006 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրէնք ընդունեց, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, որովհետեւ օրէնքի վաւերացումն ալ իր կարգին մթնոլորտ ստեղծեց տարբեր նահանգներու մէջ:
Իսկ Պոլիվիոյ մէջ, ուր հայ գոյութիւն չունի, շնորհիւ Հայ դատի աշխատանքներուն, որոնք կատարուեցան գաղափարական առաջադրանքներէն մեկնած` երկրին օրէնսդիր մարմինը ճանչցաւ ցեղասպանութիւնը:
Եւ այս բոլորը ըսաւ ան, արդիւնք է Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթին մէջ կատարուած հետեւողական աշխատանքներուն եւ երկրին քաղաքական հոլովոյթին մէջ հայ համայնքի մասնակցութեան աշխուժացման: Ապա Խաչիկ Տէր Ղուկասեան հարց տուաւ, թէ որքանո՛վ այս բոլոր իրադարձութիւնները հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ տեղ կը գտնեն:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան դիտել տուաւ, թէ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու ձեռքբերումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները տասնամեակներ շարունակ աննկատ մնացած են Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ միշտ ալ հարցականի տակ դրուած է, Հարաւային Ամերիկայի դերը:
Ան խօսեցաւ նաեւ թրքական եւ ազրպէյճանական աշխուժ գործօնին մասին` Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հասարակական ու քաղաքական միջավայրին մէջ հակահայ քարոզչութեան առումով: Ան ըսաւ, թէ վերջին տասնամեակին քաղաքական յարաբերական լուրջ աշխատանք կը տանի մանաւանդ Ազրպէյճան, ինչ որ Հայաստան չէ յաջողած ընել 16 տարիներու ընթացքին:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հայ իրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան եւ համակարգուած աշխատանքի մը բացակայութիւնը միշտ ալ զգալի եղած է: Սակայն 2012-էն սկսեալ կացութիւնը որոշ չափով փոխուած է, ըսաւ ան, եւ շնորհիւ հետեւողական աշխատանքին յաջողած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութեան կազմակերպումը Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Չիլի:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի յայտարարութիւնը ամէնէն աւելի միջազգային հնչեղութիւն գտաւ` յայտնելով, որ պապի արտայայտած գաղափարները Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մթնոլորտի ծնունդ են: Ապա հարցադրեց, թէ մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ տեղ պիտի գտնե՞ն նմանօրինակ յայտարարութիւններ:
Տէր Ղուկասեան աւարտեց իր զեկուցումը ըսելով, թէ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքի հետ համագործակցութեան ռազմավարական հայեցակարգ մշակէ: Իսկ Հայաւային Ամերիկայի երկիրներուն համար հայապահպանութենէն աւելի առաջնային խնդիր է հայակերտումը: