Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժունիէի Մէջ . Մաժիտա Ռումի Կը Հնչեցնէ «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Երգը` Յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Յուլիս 6, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Majida-Roumi-Armenian

Լիբանանցի հանրածանօթ եւ վաստակաւոր երգչուհի Մաժիտա Ռումի շաբաթ գիշեր  պաշտօնապէս բացումը կատարեց Ժունիէի միջազգային փառատօներուն, որոնց շրջագիծին մէջ ելոյթ պիտի ունենան արաբ եւ միջազգային աստղեր:

«Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած փառատօնին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատասխանատուներ, պետական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ, լրագրողներ եւ արուեստագիտուհիին հազարաւոր երկրպագուները:

Այս տարի սակայն նշանակալից նորութիւնը այն էր, որ Մաժիտա Ռումի պատրաստած էր հայոց նուիրուած երգացանկ մը, որուն աւարտին հնչեց Ինգա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերուն «Մենք ենք մեր սարերը» երգին արաբերէն տարբերակը:

Հայոց նուիրուած բաժինին ընթացքին, բեմին վրայ երեւցաւ Ծիծեռնակաբերդը, իսկ Մաժիտա Ռումիին ընկերակցեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը, որ հանդէս եկաւ հայկական պարերով` Գօգօ Քելեշեանի ղեկավարութեամբ:

Հայկական երաժշտութեան աւարտին հնչեց «Մենք ենք մեր սարերը» երգին արաբերէն տարբերակը, որուն նպատակն էր ողջունել հայոց մղած գոյութեան պայքարն ու անոնց ջանքերը:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Մաժիտա Ռումի մեծ ճիգերով մէկ անգամուան համար երգին կրկներգը երգեց հայերէնով.

«Ուր էլ տանի ճամբան` օտար ափեր,
Հայը մնում է հայ, մենք ենք ու սարերը մեր:
Հայը հային տեսաւ կեանք է ու սէր,
Կը ստեղծեն Հայաստան:
Մենք ենք ու սարերը մեր»:

Հայերէն երգելու համար Մաժիտա Ռումիի հետ համագործակցած է սուրիահայ երգիչ Արաքս Չեքիճեան:

Ռումի համերգէն առաջ տուած ճեպազրոյցին ընթացքին ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ ըսաւ. «100 տարի է անոնք բարութիւն եւ   ուրախութիւն կը սերմանեն ո՛ւր ալ գտնուին, անոնք արժանի են սրտիս խորքէն բխող այս ողջոյնին, կը յուսամ, որ հայերէնը լաւ ընդունուի, որովհետեւ իսկապէս դիւրին լեզու չէ»:

 

Նախորդը

Զապատանիի Զինուորական Գործողութիւնը Յաջողութեամբ Կ՛ընթանայ

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեանը` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Չգտնուելու Մասին. «Այլեւս Այնտեղ Ըլլալու Անհրաժեշտութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?