Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան Ընդունեց Հայաստանի 4-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարի Մասնակիցներու Պատուիրակութիւնը

July 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-03-15_pjshgՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մէջ 1-4 յուլիսին կայացող Հայաստանի 4-րդ միջազգային բժշկական համագումարի մասնակիցներուն պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ այս համագումարը եւս նախորդներուն նման կ՛առանձնանայ իր արդիւնաւէտութեամբ: Գոհունակութեամբ փաստելով, որ տարուէ տարի համագումարին մասնակիցներուն թիւը եւ աշխարհագրութիւնը կ՛ընդարձակուի, նախագահ Սերժ Սարգսեան ոգեւորիչ նկատեց, որ սփիւռքի մէջ բնակող եւ նշանակալի յաջողութիւններու հասած մեր հայրենակիցները  այսօր իրենց փորձառութիւնն ու գիտելիքները կը ներդնեն նաեւ հայրենիքի առողջապահական համակարգին զարգացման գործին մէջ:

Նախագահը կարեւոր նկատեց համագումարին պարբերաբար կայացումը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հայազգի բժիշկներուն` աշխատելու կողք-կողքի եւ Հայաստան բերելու աշխարհի մէջ այս մարզի լաւագոյն եւ յառաջադէմ փորձը, խթանելու բժշկագիտութիւնն ու բժշկական որակեալ կրթութիւնը` այդպիսով նպաստելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակչութեան առողջութեան պահպանման ու տրամադրուող բժշկական օգնութեան որակի բարելաւման:

Հանդիպման մասնակիցները հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցին համագումարին  ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները, փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրենց մօտեցումներն ու առաջարկները` Հայաստանի առողջապահութեան համակարգի այժմէական խնդիրներուն, անոնց լուծման կարելի ուղիներուն վերաբերեալ:

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ մարզի բարեփոխման ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ  տարուէ տարի կ՛արձանագրուին որոշ տեղաշարժեր, առանձին ուղղութիւններով նաեւ` զգալի յառաջընթաց, սակայն ժամանակակից եւ  որակեալ առողջապահական համակարգ ունենալու ճամբուն վրայ տակաւին իրականացնելու զգալի աշխատանք կայ , որուն  ուղղութեամբ Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնագէտներու ներուժի համախմբումը  անհրաժեշտութիւն է:

Նախորդը

Կրկին Անհամաձայնութիւն Եւ Վէճ Բաղրամեան Պողոտայի Մէջ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Կրկնակի Կեղեքում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.