Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոստիկանութիւնը Ցրուեց Ցոյցի Մասնակիցները Եւ Երթեւեկութեան Առջեւ Բացաւ Բաղրամեան Պողոտան

Յուլիս 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի
Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Ոստիկաններ երէկ ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային վրայ: Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը «պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն  հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները»:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն առաջարկած էր ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը, այդ յորդորները վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին  ամբողջութեամբ անտեսուեցան: Այսուհանդերձ, ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս, եւ վերջին անգամ, կ՛առաջարկէ հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն` (երէկ) մինչեւ ժամը 12:30 ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը: Հակառակ պարագային, ժամը 12:30-էն սկսեալ ոստիկանութիւնը ատիկա պիտի իրականացնէ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու գործադրման միջոցով», յայտարարեց ոստիկանութիւնը` վստահեցնելով, որ նշեալ գործողութիւնները ուղղուած պիտի չըլլան հաւաքի դադրեցման, եթէ ատիկա պիտի շարունակուի Բաղրամեան պողոտայի ոչ երթեւեկելի հատուածին մէջ եւ պիտի  չխոչընդոտէ ատոր բնականոն ընթացքը:

Փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան կէսօրին ցուցարարներուն մօտենալով յայտարարեց, որ ցուցարարներուն 30 վայրկեան ժամանակ կը  տրուի պողոտան բանալու համար: «Յարգելի՛ քաղաքացիներ, քոյրե՛ր, եղբայրնե՛ր, կոչ կ՛ուղղենք` եկէք միասին վերահաստատենք Բաղրամեան պողոտայի այն տեսքը, որ միշտ եղած է` մաքուր, գեղեցիկ», բարձրախօսով յորդորեց  Օսիպեան:

7-06-15_baghram7-06-15_baghram1Ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքի շարժումը համակարգող խումբի անդամ Դաւիթ Սանասարեան խնդրեց մինչեւ երեկոյ ժամանակ տրամադրել:

«Եթէ չէք սպասեր` ասիկա կը նկատուի սադրանք,  եւ իշխանութիւնները ուղղակի կը վախնան երեկոյեան մեր հանրահաւաքէն», նշեց Սանասարեան:

Երեւանի փոխոստիկանապետը յորդորեց պայմաններով չխօսիլ, ոստիկանները շարունակեցին իրենց գործողութիւնները: Փոխոստիկանապետի վերջին նախազգուշացումէն ետք` ժամը 12:30-ին, ոստիկանները շղթայ կազմեցին աղբամաններուն դիմաց, թոյլ չտալով շարժումի մասնակիցներուն մօտենալու անոնց: Ոստիկանները, անցնելով Բաղրամեան պողոտային վրայ իբրեւ պատնէշներ ծառայող աղբամաններու միւս` ցուցարարներուն կողմը, սկսան անոնց հեռացման աշխատանքները: Քիչ ետք անոնց միացան նաեւ Երեւանի կեդրոնին մէջ  աղբերը հաւաքելու աշխատանքը  իրականացնող «Սանիթեք» ընկերութեան աշխատաւորները:

Յիշեցնենք, որ «Սանիթեք»-ի ներկայացուցիչին  դիմումին  հիման վրայ յարուցուած քրէական գործ կայ` ընկերութեան պատկանող մեծ չափի գոյքային վնաս պատճառելու փաստով, ոստիկանները աղբամանները գրաւելու որոշում ունին:

Մինչեւ ցոյցը ցրուելը Հայաստանի ոստիկանապետի տեղակալ Յունան Պօղոսեան յայտարարեց, որ ցուցարարները պարզապէս պիտի հեռացնեն փողոցի երթեւեկելի հատուածէն, եւ յորդորեց շարժումը շարունակել Ազատութեան հրապարակին վրայ, սակայն ցուցարարները մերժեցին հեռանալ եւ նստան գետին: Բաղրամեան պողոտային վրայ յայտնուած տարբեր ստորաբաժանումներու հարիւրաւոր ոստիկաններ գործի անցան: Ի տարբերութիւն 23 յունիսին ` ոստիկանութիւնը այս անգամ ցոյցը ցրուելու համար չօգտագործեց ջրցան մեքենան:

7-06-15_baghram2Ցուցարարներուն մէկ մասը բերման ենթարկելէ եւ  պողոտան ամբողջովին բանալէ ետք, ոստիկանները Բաղրամեան պողոտայի երկու մայթերուն միջեւ շղթայ կազմեցին, բացին ճամբան, ինքնաշարժներու երթեւեկը վերսկսաւ:

«Կը վստահեցնեմ, որ բերման ենթարկուած ցուցարարներուն նկատմամբ ոստիկանութիւնը հետապնդում պիտի չիրականացնէ: Անոնք մեր քոյրերն ու եղբայրներն են: Յաղթանակը բոլորիսն է », ըսաւ Վալերի Օսիպեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցարարներուն, որոնք շատ լաւ կեցուածք ունեցած են իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան  արժանապատիւ քաղաքացիներ:

Բաղրամեան  պողոտայէն բերման ենթակուած եւ ոստիկանական բաժանմունքներ տեղափոխուած 46 անձերը աւելի ուշ ազատ արձակեցան:

Ցոյցը Տեղափոխուեցաւ Ազատութեան Հրապարակ

Աւելի ուշ, երեկոյեան ցոյցերը համակարգող խումբի անդամ Դաւիթ Սանասարեան անժամկէտ հացադուլ յայտարարեց Ազատութեան հրապարակին վրայ:

«Հացադուլս յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան է, մեր վաղուան համար է եւ ի նպաստ մեր պայքարին: Հացադուլ պիտի ընեմ այստեղ անժամկէտ եւ կը սպասեմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի գան այստեղ եւ միասին որոշում կու տանք, թէ ի՛նչ պիտի ընենք: Այսինքն` իշխանութիւններուն այն քայլը, որ մեզ ուղղակի քաշքշելով Բաղրամեանէն տարին, պողոտան բացին ու կը կարծեն, որ ամէն ինչ հանգիստ պիտի ընթանայ, անոնք չարաչար կը սխալին. պայքարը հիմա նոր հանգրուան կը մտնէ, աւելի վճռական հանգրուան կը մտնէ», Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Սանասարեան:

Ան նշեց, որ այս անգամ պահանջ չէ ներկայացուցած իշխանութիւններուն: Անոր հիմնական ակնկալիքը ժողովուրդէն է, որ երթան այնտեղ եւ միասին կատարեն իրենց քայլը: Ան յայտնեց, որ կը խօսուի, թէ ուրբաթ օրը պիտի հաւաքուին եւ եթէ ուրբաթ օրը մարդ հաւաքուի, կարելի պիտի ըլլայ Բաղրամեան երթալ: Սանասարեան ընդգծեց, որ իր հացադուլը պիտի դադրեցնէ եւ բոլորին հետ միասին Բաղրամեան պիտի քալէ:

Ազատութեան պողոտային վրայ  Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան անգամ մը եւս յորդորեց անօրինական երթեր չիրականացնել: «Երթեր թոյլ պիտի չտանք, կը յորդորենք մնալ այստեղ: Այնուհետեւ կոչ կ՛ուղղենք ստանալու համապատասխան արտօնութիւն` նաեւ այստեղ մնալու համար, որովհետեւ ամէն պարագայի ասիկա քաղաքի կեդրոնն է, կեդրոնական հրապարակը», յայտնեց Օսիպեան:

Ան նշեց, որ ոստիկանութիւնը քաղաքացիներուն շնորհակալ է, որ գիտակից են եւ այն մօտեցումը, պահանջը, որ ոստիկանութիւնը ներկայացուց, ցուցարարներուն կողմէ չեն եղած լուրջ քայլեր` ոստիկանութեան դէմ:

Ազատութեան հրապարակին վրայ նախաձեռնող խումբի անդամներէն Նարեկ Այվազեան յայտարարեց. «Մենք կը շարունակենք այստեղ մնալ: Մենք բախումներու պիտի չդիմենք: Գիտենք, որ մեզի երթ թոյլատրելու հարց չկայ, սակայն գիտենք մեր իրաւունքները, աւելորդ լարուածութիւն չյառաջացնելու համար կը շարունակենք մնալ Ազատութեան հրապարակին վրայ, պիտի լուսցնենք այստեղ: Եւ յետոյ կը հաւաքուինք հինգշաբթի ժամը 19:00-ին` խաղաղ ցոյց իրականացնելու»:

Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան գործիչներուն յորդորեց 3 օր եւս յետաձգել հաւաքը, դիմել քաղաքապետարան հաւաքի կամ երթի համար եւ ամէն ինչ ընել օրէնքի նախատեսուած կարգով: Ցուցարարները մերժեցին փոխոստիկանապետին առաջարկը: Անոնք յայտարարեցին, որ իրենց յարմար է հինգշաբթի օրը, կիրակին յարմար չէ, որովհետեւ  հանգստեան օր է, եւ ցուցարարները շատ չեն ըլլար:

Պօղոսեան. «Ոչ Մէկ Ցուցարարի Դէմ Ք
րէական
Գործ Յարուցուած Է»

Բաղրամեան պողոտայէն բերման ենթարկուածներուն մեծ մասը արդէն ազատ արձակուած են, ձերբակալուածներ չկան, ոչ մէկ ցուցարարի դէմ քրէական գործ յարուցուած է : Այս մասին երէկ լրագրողներուն ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան:

«Որեւէ շարժում օրինականութեան դաշտին մէջ թոյլատրելի է: Բողոքներ կան, որ բերման ենթարկելու ընթացքին կարգ մը ցուցարարներ բռնութեան ենթարկուած են, մենք այդ պարագաները պիտի ուսումնասիրենք: Մեր ներկայութիւնը այնտեղ անոր համար էր, որ հրահրողներու եւ սադրիչներու բոլոր գործողութիւնները կանխարգիլէինք եւ նման ոչ մէկ բան ըլլար: Մեր աշխատակիցներուն հրահանգուած էր ուժ չգործադրել», ըսաւ ան:

Պօղոսեան դժգոհեցաւ. «Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկը վերահաստատելու ընթացքին  լրագրողները մեծ դժուարութեամբ ճամբայ կու  տային, ասիկա անթոյլատրելի է»:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Տեսակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Յովիկ Աբրահամեան Եւ Տմիթրի Մետվետեւը 9 Յուլիսին Պիտի Հանդիպին Մոսկուայի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?