«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած «Քաղաքացիական շարժումը Հայաստանի մէջ` համաշխարհային նմանօրինակ շարժումներու խորապատկերին վրայ» նիւթով մամլոյ 103-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 2 յուլիս 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վերջին օրերուն Հայաստանի հասարակական կեանքը կլանած` ելեկտրականութեան սակերու թանկացման դէմ պայքարի շարժումը:
Խօսք առաւ Արտաշէս Շահպազեան: Ան ըսաւ, թէ քաղաքացիական շարժում ըսելով անմիջապէս կը հասկնանք եւ կը մտաբերենք հասարակութեան երիտասարդ խաւը, որովհետեւ աշխուժ ու եռանդուն` ան շարժումը յառաջ տանող ուժն է: Ապա ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս քաղաքացիական շարժումները ծնան համակարգերու քայքայումէն ետք, ինչ որ տեղի ունեցաւ շուրջ 25 տարի առաջ, եւ թէ ինչպէ՛ս համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք աշխարհի վրայ կը տիրէր համեմատաբար կայուն վիճակ: Իսկ համաշխարհային երկու բեւեռներու հաստատման գծով, թէեւ աշխարհը բաժնուած էր ոչ արդար կերպով, բայց գէթ հաւասարակշռութիւն կը պահպանուէր, որովհետեւ բեւեռները մտահոգ էի, որ իրենց տարածքներուն վրայ շարժումներ չստեղծուին, ըսաւ ան, ապա յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս համայնավարական համակարգը խախտուեցաւ արեւելեան Եւրոպայի, ապա Խորհրդային Միութեան, իսկ ներկայիս արաբական աշխարհի մէջ, որովհետեւ ներկայ սահմանները անգլիացիներուն կամքով հաստատուած են, այլ խօսքով` արհեստական բնոյթ կը կրեն, ինչպէս օրինակ` Իրաքի պարագան, որ հակոտնայ ժողովրդագրական պատկեր կը կրէ, հետեւաբար անջատումները բնական երեւոյթ կրնան դառնալ:
Ա. Շահպազեան հաստատեց, որ հասարակական շարժումներուն մէջէն պէտք է ընդունիլ այն շարժումները, որոնք ունին բնական հիմք ու խորք: Շարժումներու հաւասարակշռութեան խախտումը կրնայ ստեղծել այնպիսի վիճակ, ուր ժողովուրդները կը սկսին կազմակերպել իրենց կեանքը:
Ան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս պետութիւններու անկախացման հետ ժողովրդավարութիւնը թափանցեց երկիրներուն մէջ ժողովուրդներուն կամքով: Իսկ ժողովուրդները հասկցան, որ չեն կրնար մաս չկազմել միջազգային հանրակցութիւններու եւ դաշինքներու, բայց այս մէկը իրենց կը պարտադրէ կամքի սահմաններուն մէջ ինքնազսպումի ենթարկուիլ առաւելագոյն չափով հասնելու համար ժողովրդավարութեան:
Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս համաշխարհային բեւեռներու խախտումով մեծցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու դերը, որ պարտադրեց զիջումներու երթալ ժողովրդավարական հարցերով, եւ այս բարիքներէն օգտուեցան աւելի շատ քաղաքացիական հասարակութիւնները:
Ան նկատել տուաւ, թէ ժողովրդավարական շարժումը եթէ նոյնիսկ քաղաքական խնդիրներ առաջ չի դներ, կը շարունակէ մնալ քաղաքական պայքար, որ սակայն պէտք է ունենայ քաղաքական կազմակերպուած ձեւ, այլապէս երկար շունչի վրայ կը վերածուի փակուղիի: Ապա ըսաւ, թէ բոլոր պարագաներուն պէտք է ընդունիլ, որ ժողովուրդներու ընդվզումը արդար է, այլ խնդիր է, թէ ինչպէ՛ս կ՛իւրացուի այն:
Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն երիտասարդութիւնը տարբեր խնդիրներ առաջադրած է եւ ըստ այնմ փոփոխութիւն կը պահանջէ: Եթէ այդ պահանջները արդարացուին եւ համապատասխան հիմնաւորում կատարուի, ուրեմն պէտք է յստակօրէն փաստուի սխալը:
Շահպազեան ըսաւ, թէ քաղաքական պայքարի մենաշնորհը չի կրնար ուժը իր վրայ վերցնել: Այս առումով ալ իրաւական ընկերային պայքարի ամբողջութիւնը անկարելի կ՛ըլլայ լուծել անորոշ ու անկազմակերպ վիճակով: Ապա ան աւելցուց, որ պէտք է ընդունիլ, որ այս շարժումը ազատ եւ ժողովրդավար է, քան առաջ եւ այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ունինք հանդուրժողականութեան որոշակի մակարդակ, որ ինքնին ձեռքբերում մըն է, ինչ որ պէտք է պահպանել:
Ա. Շահպազեան հաստատեց, որ քաղաքացիական շարժումները դանդաղ փոփոխութեան կը տանին, իսկ համակարգային փոփոխութեան հասնելու միակ ելքը անոր քայլ առ քայլ հասնիլն է: Քաղաքացիական շարժումներու ընդվզումը ընդունելով իրապէս պէտք է կրնանք տեսնել, թէ որքանո՛վ անոնք իսկական փոփոխութեան կը տանին եւ էապէս կ՛ունենան հեռանկար:
Շահպազեան աւարտեց խօսքը ըսելով` Հայաստանի մէջ ուժերու միաւորումով միայն կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ էական փոփոխութեան եւ սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնել: