Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի սպառազինութիւնը աւելցնելու նպատակով Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ 200 միլիոն տոլար վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիրը Ազգային ժողովը ընդունեց միաձայնութեամբ` կողմ 98, դէմ` 1: Դէմ էր միայն Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան:
Համաձայնագիրով, ինչպէս յայտարարած էր Պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան, Հայաստան Ռուսիայէն գործարանային սակերով պիտի գնէ ժամանակակից զէնք, սպառազինութիւն:
Իսկ համաձայնագիրով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ստանձնէ մասնաւորապէս, հետեւեալ պարտաւորութիւնները` օգտագործել վարկը 2015-2017 թուականներուն ընթացքին` ռուսական ռուպլիով հաշուարկուած արտադրանքի մատակարարման վերաբերեալ համաձայնագիրներէն իւրաքանչիւրին արժէքի 90 առ հարիւրին ֆինանսաւորման համար, վարկի օգտագործման ժամկէտը լրանալու ատեն 30 օրուան ընթացքին ռուսական կողմին ի նպաստ իրականացնել ռուսական ռուպլիով միջնորդական վճարում` վարկի չօգտագործուած գումարի 1 առ հարիւրի չափով:
Հայաստան Ռուսիայէն Պիտի Ստանայ Նախապէս
Իր Սպառազինութեան Մէջ Չեղած Զէնք
Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած Ազգային ժողովի` արտակարգ նիստին ընթացքին, երէկ քննարկուեցաւ Հայաստանի նախագահի ներկայացուցած` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ կնքուած` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 200 միլիոն տոլարի չափով պետական արտահանման վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիրի կատարման վաւերացման մասին հարցը:
Հիմնական զեկուցող` պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ համաձայնագիրի լիազօր մարմիններն են ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նազարեան նաեւ նշեց, որ համաձայնագիրը ունի գաղտնի յաւելուած մը, որ Հայաստան պիտի ունենայ զէնքի նոր տեսակ, որ նախապէս Հայաստանի զինեալ ուժերու սպառազինութեան մէջ չէ եղած:
Պատգամաւոր Մհեր Շահգելդեան հարցուց. «Եթէ այլ երկիր մը այդ զէնքէն ձեռք անցընէ, ուրեմն ի՞նչ պիտի շահի Հայաստան այդ պարագային»:
Արա Նազարեան պատասխանեց, որ, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր երկիրը ինչ միջոցներ ձեռք պիտի անցընէ, Հայաստան ունի իր միջոցներն ու կարելիութիւնները, որոնք կատարելագործման կարիք ունին: Փոխնախարարը նշեց, որ Հայաստանի ձեռք անցընելիք սպառազինութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ նպաստելու շրջանին մէջ զինուորական միջոցներու հաւասարակշռութեան:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խօսք առնելով ըսաւ, որ պէտք է անդրադառնալ անվտանգութեան այլ բաղադրիչներու: Մինասեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ փաստաթուղթին մէջ կը բացակային դրամական բաղադրիչին վերաբերեալ տեղեկանքները:
«Ասիկա միայն ապրանքի սպառման տարաժամկէտ վճարման մեքանիզմ է: Այդ տեսակէտէն, մեկնելով դրամական համակարգի անվտանգութեան խնդիրներէն, մտահոգիչը տոլարով ներկայացուածութիւնն է, որ ճնշում կը բանեցնէ թէ՛ ռուսական, թէ՛ հայկական ելեւմտական շուկաներուն վրայ: Այսօր, ըստ էութեան, մենք Ռուսիոյ հետ արեւմուտքին գործիք տուած ենք, որպէսզի մեր վրայ ճնշում բանեցուի: Եթէ վաղը տոլարի տատանումներուն հետեւանքով ռուսական տնտեսութիւնը վնասներ կրէ, անոնք ինքնաբերաբար պիտի տարածուին նաեւ Հայաստանի վրայ: Ես կը հասկնամ, որ ռուսական կողմին համար ձեռնտու է համաձայնագիրը կապակցել արտարժոյթին, բայց մեզի համար կարեւոր է ունենալ կանխատեսելի դրամական խողովակներ: Այդքան փոխանցուող գումարները, որոնք Ռուսիայէն Հայաստան կ՛ուղղուին, եթէ անոնք կապակցուին ամերիկեան տոլարին, ատոր հետեւանքով անկում կ՛ապրի մեր քաղաքացիներուն գնողականութիւնը, մեր պետութեան կարելիութիւնները կը կրճատուին», ըսաւ պատգամաւորը` առաջարկելով Կեդրոնական դրամատան` նկատի ունենալ այդ մտահոգութիւնը եւ աշխատիլ դրամական համակարգի կանխատեսելիութեան ուղղութեամբ: