Աբրահամեան Վրաստանի Վարչապետին Հետ Այցելեց Վրաց-Ռուսական Սահմանի Անցակէտ
Վրաստան կատարուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, վրացի իր պաշտօնակիցին` Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ երէկ այցելեց վրաց-ռուսական սահմանին վրայ տեղակայուած Թարիալի (Քազպեքի) սահմանանային անցակէտ: Երկու երկիրներու կառավարութեան ղեկավարները տեղւոյն վրայ ծանօթացան սահմանային անցակէտի աշխատանքներուն, զրուցեցին աշխատաւորներուն հետ: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՛նչ խնդիրներ կ՛ունենան Վրաստանի տարածքով Հայաստանէն Ռուսիա մեկնող ինքնաշարժները, որքա՛ն ժամանակ անհրաժեշտ է փաստաթուղթերը քննելու...



















