Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիզպոնի Մէջ Բոցավառած Ջահը Ձերն Է, Հայ Երիտասարդնե՛ր, Հատուցումի Ու Ազատագրութեան Կռիւը Ձեզ Կը Սպասէ». Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակի Ձեռնարկին Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յուլիս 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի

Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը խուռներամ եւ մարդաշատ էր երէկ` կիրակի, 26 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ: Տարբեր տարիքի հայորդիներ փութացած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնք 32 տարիներ առաջ նահատակուեցան Հայ դատի ու պահանջատիրութեան ուժանակին ցնցումին հետ իրենց հերոսութեան բագինը կերտելով` համայն հայութեան իբրեւ ժառանգ ու կտակ:

20006828006_654c5425ef_o

Տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ եկած էին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց անձնականը հաւաքականին համար զոհած օրինակելի տղոց, որոնց Լիզպոնի մէջ կատարած գործողութիւնը, ինչպէս երէկուան իր խօսքին մէջ բնութագրեց օրուան պատգամաբեր Յակոբ Բագրատունի, «անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր, վերընձիւղման ազդանշան, որ նոր ուժականութիւն տուաւ մեր ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ դատի հետապնդման արիւնոտ, փշոտ ու երկար ճամբուն վրայ»:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 32-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որ կը կրէր «Նեմեսիսէն Լիզպոն, Լիզպոնէն դէպի Միացեալ Հայաստան» խորագիրը, սկիզբը ներկաները անոնց շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ եւ վառեցին մոմեր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար նահատակ հինգ հերոսներուն յիշատակին: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անոնց անմահ հոգիներուն համար` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիզպոնի գործողութենէն կարգ մը հատուածներ ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որուն ընթացքին հնչեցին նաեւ Լիզպոնի հերոսներուն վերջին խօսքերը, մտածումներն ու պատգամները:

Մեղրի Պապիկեան
Մեղրի Պապիկեան

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Մեղրի Պապիկեան, որ դիտել տուաւ, թէ 32 տարիներ ետք Լիզպոնի հինգին պատգամը տակաւին վառ կը մնայ բոլորին մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ` հաստատելով, որ անոնց յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ է վերանորոգուելու անոնց փոխանցած կտակով եւ վերահաստատելու, որ նոր սերունդները եւս պիտի շարունակեն պահանջատիրական ուղին: Ան դիտել տուաւ, որ Սիմոնը, Սագոն, Վաչէն, Արան եւ Սեդրակը եկան հայօրէն մերժելու օտարամոլութիւնը, անտարբերութիւնն ու նահանջը, իրենց արեամբ իսկ պաշտպանելու այն դատը, որուն կը հաւատային իրենց իւրաքանչիւր բջիջով: Հաւաքականը ամէն բանէ վեր նկատած տղաքը իրենց զոհաբերութեամբ հանդիսացան ներշնչարան, չմտածեցին իրենց ապագային մասին, այլ գործեցին հաւաքականութեան ապագային համար:

Մ. Պապիկեան յայտնեց, որ 32 տարուան հեռաւորութենէն այսօր հինգ տղոց պայծառ դէմքերը կը լուսաւորուին հայութեան երկնակամարին վրայ` յոյս եւ կեանք ներշնչելով, կտակելով, որ նոր սերունդը եւս հետեւի անոնց ակօսած սրբազան ուղիին:

Ապա ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստութեամբ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան Լիզպոնի գործողութիւնը ժամը ժամուն, սփիւռքի ու միջազգային անդրադարձները եւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն պատգամը` անոնց իսկ խօսքերով:

Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի

Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ Լիզպոնի հինգ տղոց գիտակից նահատակութիւնը, երբ իրենց արիւնը շաղախեցին մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ու հայրենիքի գոյատեւման շարունակուող պայքարին` հաստատելով, որ անոնք իրենց նահատակութեամբ դարձան նոր լոյս ու յոյս, նոր աւիւն պարգեւեցին հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարին: Ան ըսաւ, որ հինգ երիտասարդ տղաքը կրնային կառչիլ իրենց անձնականին, ընտրել օտարացումի ուղին, սակայն անոնք որոշեցին քալել դէպի գագաթ, ճզմեցին իրենց եսը, արհամարհեցին նիւթը, խօսքի փոխարէն գործի լծուեցան:

Բանախօսը հաստատեց, որ վերջին հարիւրամեակի Հայ դատի հետապնդման ճամբուն զանազան հանգրուաններուն դրսեւորուած յեղափոխական աւանդներն ու ոգիին արտայայտութիւնները հիմնուած էին Հայկէն եկող ու հայութեան ազատ ինքնութեան պահպանման համար արձակուած նետին վրայ, որ կը շարունակուի նպատակասլաց կերպով ուղղուիլ մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաստատում եւ կայացում` աւելցնելով, որ այս շղթային զօրեղ արտայայտութիւնն էր Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը:

Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ  Հայաստանն ու Արցախը կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տեւական սպառնալիքներուն ենթակայ, Հայաստանէն դուրս եւս սփիւռքեան տարածքին ու Միջին Արեւելքի հայատրոփ գաղութներուն մէջ թրքական սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ առկայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիա կը շարունակէ իր հայաջինջ քաղաքականութեան բանիւ եւ գործով կիրարկումը: Ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ հայութենէն հեռանալու ազգաքանդ երեւոյթին մասին, որ մեծ հարուած է հայութեան: Այս բոլորին զուգահեռ բանախօսը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած տարբեր նախաձեռնութիւնները, որոնք ինքնին մէկական յաղթանակներ էին, սակայն իսկական յաղթանակին հասնելու համար կարիք կայ մարտունակ աւանդներու ամրապնդման:

Օրուան պատգամաբերը հաստատեց, որ հայկական սահմանին հսկող զինուորը, հակաթուրք պայքարի իւրաքանչիւր դրսեւորում ներուժ եւ ապագայի տեսիլք կը ներշնչեն` թշնամիին ըսելու, որ հայութիւնը տէրն է իր դատին, իր արժէքներուն, իր իրաւունքներուն:

Իր եզրափակիչ խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց անոնց ըլլալու գործի մարդ, հատուցումի ու ազատագրութեան կռիւի իսկական զինուոր (Խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք յառաջիկային):

20025310672_c724c72f84_o

Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիզպոնի տղոց ընտանեկան պարագաներուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Լուսանկարը՝ ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի
Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.

Յաջորդը

«Կը Փորձեն Հալէպը Ծունկի Բերել` Ուղղակի Յարձակումի, Ռմբակոծման Եւ Անոր Բնակիչները Ջուրէ Զրկելու Միջոցով» Ըսաւ Ասատ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?