Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռք» Լրագրողներու Ամառնային Դասընթացքը Կը Շարունակուի

July 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-26-15_hrayr-27

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք» լրագրողներու ամառնային դասընթացքին, որ 21 յուլիսին սկսաւ, արդէն իսկ առաջին շաբաթը իր աւարտին հասած է: Չորեքշաբթի, 22 յուլիս  2015-ին, Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան շուրջ զեկուցում-զրոյց մը ցեղասպանագէտ Արմէն Մարուքեանի հետ,

ապա մասնակցողները այցելեցին «Թումօ» արհեստագիտական կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնի զանազան բաժանմունքներուն:

Հինգշաբթի, 23 յուլիսին դասընթացքին առաջին յայտագիրն էր պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ցեղասպանագէտ Արմէն Մարուքեանի զեկուցումը Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան նիւթով: Զեկուցումը զրոյցի վերածուեցաւ. մասնակցողները իրենց հարցադրումներն ու տեսակէտները փոխանակեցին: Ապա` ծրագիրին մասնակիցները միանալով սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի միւս բաժանմունքին` ղեկավարներու խումբին` պարի դասընթացքի հետեւեցան մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ: Հինգշաբթի օրուան օրակարգը փակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, երաժշտահան Էտկար Գեանջումեանի հետ հանդիպումով: Իսկ ուրբաթ, 24 յուլիսին լրագրողներու դասընթացքի օրակարգը բաւական ճոխ էր: Մհեր Յովհաննիսեան Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր նիւթով զեկուցեց, որմէ ետք «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան «Սքայփ»-ով միացաւ լրագրողներու խումբին ու Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք տեղեկատուական դաշտին մէջ համագործակցութեան մասին խօսեցաւ: Զեկուցումը քննարկումի աշխուժ մթնոլորտ ստեղծեց եւ հարցադրումներու դուռ բացաւ: Ուրբաթ օրուան վերջին յայտագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով այցելութիւն էր: Լրագրողները միացան սփիւռքի նախարարութեան այլ ծրագիրներու մասնակիցներուն` Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն աթոռներուն վրայ: Հանդէս եկան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ու Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան: Պաշտօնատարները ողջունեցին արտասահմանէն եկած մասնակիցները եւ ոգեշնչող խօսքեր արտասանեցին: Շաբաթ, 25 յուլիսին դասընթացքի մասնակիցները այցելեցին «Արարատ» պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնատեղին` Երեւանի կեդրոնը: Այնտեղ «Արարատ»-ի աշխատակազմը դիմաւորեց լրագրողները: Լրագրողները ծանօթացան պատկերասփիւռի կայանին աշխատանքային համակարգին եւ առիթ ունեցան հաղորդման տաղաւարին մէջ գտնուելու: Օրուան օրակարգը շարունակուեցաւ Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ ու Գեղարդ այցելութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պէտք Է Շատ Աւելի Մտահոգուինք Էրտողանի Վտանգաւոր Գործողութիւններով, Քան` Անոր Խելացնոր Պատմութիւններով

Յաջորդը

Նշմար. Միւս Քաղաքապետութիւններն Ալ Պէտք Է Օրինակ Վերցնեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութենէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.