Գլխաւոր լուրեր

Միւֆթի Շաար Այցելեց Թրիփոլիի  Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարան

Միւֆթի Շաար Այցելեց Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարան

Կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի կատարած այցելութենէն խորապէս ազդուած, Թրիփոլիի եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի Մալեք Շաար յայտնած էր, թէ ինք միշտ փափաքած է այցելել Թրիփոլիի Ազգային վարժարան եւ խոստացած ամէնէն մօտիկ ապագային իրականացնել իր փափաքը: Հիմնուելով իր խոստումին վրայ` միւֆթի Շաար երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին այցելեց Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին Հետ

Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Քանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան գծով եւ կոչ ուղղեց Քանատայի պետութեան աւելի...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Զոհրապ Քիրէճեանի  Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Զոհրապ Քիրէճեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 4 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ Զոհրապ Քիրէճեանի ցուցահանդէսին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արուեստասէր ներկաներուն ըսաւ, որ Զոհրապ Քիրէճեան ծանօթ է հայ հասարակութեան իբրեւ արձակագիր: Աշխատակցած է գրական զանազան պարբերաթերթերու հետ: Ապա յայտնեց, որ Զոհրապ Քիրէճեան հրատարակած է երեք հատորներ եւ անդամ է Հայաստանի...

Ակնարկ.  Էրտողան Կ՛արծարծէ Թուրքիոյ Մասնատման  Վտանգի Հնարաւորութիւնը

Ակնարկ. Էրտողան Կ՛արծարծէ Թուրքիոյ Մասնատման Վտանգի Հնարաւորութիւնը

7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց վրայ կը հրաւիրեն դիտարժան բազմահայեացքային մօտեցումներ: Պարզ է, որ գործող իշխանութիւններու գլխաւոր առաջադրանքը` նախագահ Էրտողանի կուսակցութեան խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելն է: Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը այսպիսով կը փորձէ իրականացնել նոր սահմանադրութեան մշակումը: Իսկ այստեղ գերխնդիրը գործող նախագահի լիազօրութիւններու ընդլայնումն է: Այստեղ հայկական ոսպնեակը անմիջապէս համեմատութիւն կը կատարէ պաշտօնական Երեւանի հրապարակած առաջադրանքին հետ:...

Պրազիլի Ծերակոյտը Կը Ճանչնայ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պրազիլի Ծերակոյտը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը 3 յունիսին վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ: Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու: Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ուղղած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ: Պրազիլի Հայ դատի յանձնախումբէն Ճէյմս Օննիկ Թամաճեան ողջունեց բանաձեւին...

Ազրպէյճան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել  Մինսքի Խմբակին Ձեւաչափը

Ազրպէյճան Կ՛առաջարկէ Ընդլայնել Մինսքի Խմբակին Ձեւաչափը

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ առաջին փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ, շաբաթասկիզբին Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք, երէկ հասաւ Երեւան, ուր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տեսակցութենէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Ազրպէյճան  կ՛առաջարկէ աւելցնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն թիւը: «Կը կարծեմ, որ ասիկա նոր առաջարկ չէ, սակայն այս առաջարկը ընդունելու համար մենք կարիք ունինք...

«Ազդակ Էփ»-ը` Առցանց

«Ազդակ Էփ»-ը` Առցանց

Ինչպէս յայտարարած էինք տարեսկիզբին, աշխատանքներ կ՛իրականացուէին «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի դարձնելու թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն: «Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազով բովանդակութիւնը առօրեայ դրութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ էփ»-ի ճամբով: Յատկապէս մեր երիտասարդ ընթերցողներէն կը խնդրենք տարածել «Ազդակ էփ»-ը (aztagdaily). անոնք, որոնք կը ներբեռնեն (download) «Ազդակ էփ»-ը իրենց բջիջային հեռախօսներուն թէ «այ փէտ»-երուն մէջ, անպայման պէտք է ընդունին նաեւ...

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար,  Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար, Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

Սուրիոյ հայ համայնքի ղեկավարները չեն խոչընդոտեր, որ  սուրիահայերը լքեն Սուրիան», 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Բերիոյ թեմի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան  բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին առաջնորդարանին պատճառով չէ քննարկուած տեղափոխման հարցը այն սուրիահայերուն, որոնք կը ցանկան լքել Սուրիան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ համայնքի ղեկավարները կը խոչընդոտեն սուրիահայերուն`...

Մինասեան. «Եթէ Ձեր Ռազմավարութեան  Հետեւանքով Սակը Պիտի Բարձրանայ,  Ուրեմն Ռազմավարութիւն Պէտք Չէ»

Մինասեան. «Եթէ Ձեր Ռազմավարութեան Հետեւանքով Սակը Պիտի Բարձրանայ, Ուրեմն Ռազմավարութիւն Պէտք Չէ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին  մէջ ուժանիւթի մարզի 2014 թուականի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ հարցում  ուղղեց ուժանիւթի փոխնախարար Արա Սիմոնեանին, թէ ինչո՞ւ նուազած են ընդերքի մասով մուտքերը: Մինասեան հարցուց, թէ ի՞նչ ցուցանիշներ արձանագրած է նախարարութիւնը, ի՞նչ ռազմավարութիւն մշակուած է: «Նախարարութեան գործունէութեան արդիւնքով որքա՞ն ներդրումներ եղած են տնտեսութեան մէջ, կամ արդեօք կը սպասուի՞ն ներդրումներ: Բնական...

Գալստեան. «Զգօն Ըլլալու,  Ինքնապաշտպանուելու Կարիք Ունինք»

Գալստեան. «Զգօն Ըլլալու, Ինքնապաշտպանուելու Կարիք Ունինք»

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր անվտանգութիւն. մարտահրաւէրներ, խնդիրներ» բնաբանով կլոր սեղան-քննարկում: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարնինի անդամ Լիլիթ Գալստեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշեց. «Որեւէ պետականութիւն, որ մտահոգ է սեփական երկրի եւ հանրութեան անվտանգութեամբ, իր կենսունակութիւնը, բարգաւաճումն ու ինքնութիւնը ապահովելու համար պարտաւոր է, իբրեւ գերակայ ուղղութիւն, ուսումնասիրել ազգային անվտանգութեան նետուած մարտահրաւէրները եւ տալ համապատասխան լուծումներ: Որեւէ երկրի...

Առաջին Անգամ Ըլլալով`   Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր  Կուսակցութիւնները Յայտարարեցին  Իրենց Միացեալ Սկզբունքները

Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Յայտարարեցին Իրենց Միացեալ Սկզբունքները

Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ ամիսներու բանակցութիւններէ եւ երկու կուսակցութիւններուն ջանքերով փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մշակումէն ետք, երէկ երեկոյեան ժամը 6:45-ին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի:...

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական  Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական  Մարմինի Ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

Երեքշաբթի, 2 յունիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանին մասին` Պաղտասարեան ըսաւ, որ հիմնադրամը եզակի մարմին մըն է եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր տարած աշխատանքը անգնահատելի է: Ան...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն.  Արամ Ա. Կաթողիկոս` Պոսթընի Ազգային  Ս. Ստեփանոս Վարժարանին Մէջ

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն. Արամ Ա. Կաթողիկոս` Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս Վարժարանին Մէջ

Երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս վարժարանը, ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստի խօսք...

Անդրադառնալով Ոստանիկ Մարուխեանի  Առաջադրած Թեկնածութեան`.  Մարգարեան. «Կողմնորոշիչները  Պէտք Է Ըլլան Մասնագիտական  Եւ Բարոյական Որակները»

Անդրադառնալով Ոստանիկ Մարուխեանի Առաջադրած Թեկնածութեան`. Մարգարեան. «Կողմնորոշիչները Պէտք Է Ըլլան Մասնագիտական Եւ Բարոյական Որակները»

20 յունիս 2015-ին տեղի պիտի  ունենայ Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի նախագահի ընտրութիւն: Այս ընտրութեան շուրջ գոյութիւն ունի որոշ լարուածութիւն, որ դուրս եկած է համալսարանի պատերէն եւ ստացած է հասարակական հնչեղութիւն: Յառաջիկայ ընտրութեան ղեկավարի թեկնածուներ առաջադրուած են ներկայիս նախագահ  Յովհաննէս Թոքմաճեան եւ նախկին նախագահ  Ոստանիկ Մարուխեան: 29 մայիսին «Առաւօտ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Յովհաննէս Թոքմաճեան, անդրադառնալով Ոստանիկ Մարուխեանի առաջադրման, մասնաւորապէս ըսած...

Սարգսեան Եւ Ծառուկեան Մասնակցեցան  «Հայաստան» Շարժապատկերի Սրահի Բացման

Սարգսեան Եւ Ծառուկեան Մասնակցեցան «Հայաստան» Շարժապատկերի Սրահի Բացման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ մայրաքաղաք Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ «Հայաստան» շարժապատկերի սրահի բացման արարողութեան: Շրջագայութեան  ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ծանօթացաւ վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կատարուած շուրջ 8 միլիոն տոլարի համարժէք դրամի ներդրումներուն շնորհիւ ստեղծուած ժամանակակից ընտանեկան ժամանցի կեդրոնի (շարժապատկերի սրահ, խաղասրահներ, երաժշտական ժամանցի կեդրոն) կարելիութիւններուն: Ընտանեկան հանգիստը կազմակերպելու համար կեդրոնին մէջ կը գործեն նաեւ ճաշարաններ, սրճարաններ: Ըստ...

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիմումը Իրարանցում Կը Յառաջացնէ

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիմումը Իրարանցում Կը Յառաջացնէ

Կիլիկիոյ Սիս քաղաքին մէջ իր կեդրոնակայանը վերադարձնելու պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմումը մեծ իրարանցում կը յառաջացնէ Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ մէջ  «Ամերիկայի Ձայն»-ի թղթակից Տորիան Ճոնս: Ճոնս կը յիշեցնէ, որ վեհարանը բռնագրաւուած էր Թուրքիոյ կողմէ մօտ մէկ դար առաջ` հայերու զանգուածային սպանութիւններուն ընթացքին: Ըստ եկեղեցւոյ բանբեր Թենի Փիրի-Սիմոնեանի, դատը շուտով պիտի չքննուի:...

Մամլոյ 102-րդ Լսարան.  «Պատմութիւնը Տարօրինակ Ձեւեր  Ունի Վրէժ Լուծելու»  Ըսաւ Խաչիկ Մուրատեան

Մամլոյ 102-րդ Լսարան. «Պատմութիւնը Տարօրինակ Ձեւեր Ունի Վրէժ Լուծելու» Ըսաւ Խաչիկ Մուրատեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Ներթրքական զարգացումները եւ մենք» նիւթով մամլոյ 102-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդին համար հետաքրքական կը թուի ըլլալ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայոց ցեղասպանութիւնը...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ`  Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ` Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` երկուշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագը մատուցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը: Ան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին եւ անոնց նահատակութեան` հաստատելով, որ...

«Մենք Տակաւին Երկար Տարիներ  Կրնանք Շարունակել  Պայքարը, Մինչեւ Որ Թուրքիա  Ներում Հայցէ Եւ Հատուցէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Տակաւին Երկար Տարիներ Կրնանք Շարունակել Պայքարը, Մինչեւ Որ Թուրքիա Ներում Հայցէ Եւ Հատուցէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ն 1902-էն ի վեր գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած է հայկական առաջին ուսանողական միութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի բոլոր որոշումները համաձայնութեամբ կ՛որդեգրուին` աւելցնելով, որ իր 125-ամեակը նշող այս կուսակցութեան գաղտնիքը կ՛ամփոփուի...

ՀՅԴ Անդամներու Եւ Համակիրներու  Համաարցախեան Հաւաք` Հատրութի Շրջանին Մէջ

ՀՅԴ Անդամներու Եւ Համակիրներու Համաարցախեան Հաւաք` Հատրութի Շրջանին Մէջ

Շաբաթ, 30 մայիսին Հատրութի շրջանին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներու եւ համակիրներու համաարցախեան հաւաքը: Ներկաներուն ողջունեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, որ նախ շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ հայկական պետականութեան վերակերտման օրուան` Մայիս 28-ի առիթով` կարեւոր նկատելով 28 մայիս 1918-ի դերն ու նշանակութիւնը հայ...

Page 766 of 795 1 … 765 766 767 … 795

Արխիւներ