Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղովմի Կուսակցութեան Հիմնադիր Անթուն Սաատէի Նահատակութեան Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Յուլիս 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-26-15_pakradouni-2775

Կազմակերպութեամբ Ղովմի կուսակցութեան, երէկ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ Լիբանան ազգային նոր տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ, խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք չի կատարեր, կառավարութեան աշխատանքները սառած են, տնտեսութիւնը տագնապէ կը տառապի, իսկ մարդիկ ձգուած են իրենց ճակատագիրին:

«Առանց «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին Լիբանան կորսնցուցած կրնար ըլլալ իր դիմադրողականութիւնը եւ Իսրայէլ կամ ահաբեկչութիւնը զայն կուլ տուած կ՛ըլլային», ըսաւ ան:

Հարտան կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին առաջադրելու նախաձեռնութիւն մը, որուն լոյսին տակ երկխօսութեան հրաւիրելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Ղովմի կուսակցութեան հաւատարմութիւն եւ անձնազոհութիւն» խորագիրը կրող այս հանդիսութեան ընթացքին Հարտան խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ մղուող համաշխարհային պատերազմը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ ժողովուրդին բոլոր թեւերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ Սուրիոյ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը միայն սուրիացիներուն իրաւասութիւնն է, ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Ռիատի եւ ո՛չ ալ Ուաշինկթընի:

Հարտան կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարող շրջանի երկիրներուն միացեալ պայքար մղելու, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը ծառայէ միայն Իսրայէլի շահերուն:

Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան դրուատեց Անթուն Սաատէի գաղափարներն ու անոր գործունէութիւնը:

«Սաատէ իրաւունք ունէր, երբ կ՛ըսէր, թէ արաբական շրջանը պաշտպանողը սուրիական բանակն է եւ ոչ թէ թրքական բանակը: Ան կը մերժէր, որ Ղովմի կուսակցութիւնը համայնքային կուսակցութեան վերածուէր եւ կամ կրօնները վերածուէին կուսակցութիւններու: Եւ որովհետեւ ան իրաւունք ունէր, զայն սպաննեցին, սակայն անոր գաղափարը մնաց ու գոյատեւեց եւ պայքարը շարունակուեցաւ բոլոր անոնց կողմէ, որոնք յարգեցին այդ գաղափարն ու անոր արժէքը եւ հաւատացին, որ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը կը պատկանի միայն ժողովուրդին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ոչ միայն կը յարգէ Անթուն Սաատէի սկզբունքները, այլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ զանոնք վերստին շեշտելու եւ տարածելու, յատկապէս շրջանին դիմագրաւած այս ճակատագրական հանգրուանին ընթացքին:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնականացնելու իրենց ուժերը եւ ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը` պայքարելու համար գաղութատիրութեան, ազգերը պառակտելու պայքարին, շրջանը քանդելու եւ անոր վնաս հասցնելու արշաւներուն դէմ: «Հաւանաբար ճշմարտութիւն է, թէ պատմութիւնը կրնայ ինքզինք կրկնել, սակայն պատմութիւնը ունեցած է նաեւ հերոսներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք փոխած են դէպքերուն ընթացքը: Մենք պէտք է օգտուինք պատմութենէն, որպէսզի դարձեալ չիյնանք այն թակարդներուն մէջ, որոնք կը լարուին ազգը հարուածելու նպատակով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ մահը անխուսափելի է եւ մարդ անհատը մէկ անգամ կը մահանայ, սակայն երանի անոր, որ իր ազգին ազատութեան համար կը զոհուի: «Իսկ Սաատէ ըսած է, թէ քիչ են անոնք, որոնք իրենց մահով պատիւ կը բերեն իրենց գաղափարին: Մենք կը գտնուինք ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 125-ամեակի տօնակատարութեան սեմին եւ պէտք է միասնաբար շարունակենք պայքարը, որպէսզի պատմութիւնը չկրկնուի, այլ ապրինք արժանապատիւ եւ գերիշխան կեանք մը` ապահովելով բոլորին ապագան եւ հայրենիքի կերտումը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Աղբերը Կը Մնան Տիրական Ամբողջ Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Պրազիլ Ռիօ Տը Ժանէյրօ Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?