Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Մասին`. «Սկզբունքային Առումով Մեր Տեսակէտը Յաղթած Է» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

July 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
FotorCreated25
Հրանդ Մարգարեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան առաջինէն  7-րդ գլուխներու նախագիծին առնչութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Մենք տակաւին կը քննարկենք ատիկա, առանձին հատուածներու, պարբերութիւններու, ձեւակերպումներու վերաբերեալ մենք խնդիրներ ունինք, բայց հիմնականին մէջ, սկզբունքային առումով, այո՛, կը հաւատանք, որ մեր տեսակէտը յաղթած է»: Սահմանադրական բարեփոխումներու նախաձեռնումէն ետք ընդդիմադիր Դաշնակցութիւնը առաջարկներ ներկայացնող ամէնէն գործուն ուժերէն էր: Ըստ Հրանդ Մարգարեանի, հայեցակարգէն նախագիծ դառնալու ընթացքին Դաշնակցութեան  սկզբունքային առաջարկները ընդունուած են:

Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին վերաբերեալ կուսակցութեան ներկայացուցած առաջարկներուն մէջ գրուած է «պէտք է բացառել Ազգային ժողովին մէջ  արհեստական մեծամասնութեան ձեւաւորումը, օրինակ` ընտրական համակարգով առաւելութիւններ նախատեսելու տարբերակը»: Նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին մշակած նախագիծին մէջ կը խօսուի Ազգային ժողովին մէջ կայուն մեծամասնութեան անհրաժեշտութեան մասին, ընդ որում, առաջին հանգրուանին մէջ չձեւաւորուելու պարագային, երկրորդ հանգրուան կը նախատեսուի: Այս ձեւակերպումը արդեօք չի՞ հակասեր Դաշնակցութեան առաջարկին, հարցումին Հ. Մարգարեան պատասխանեց. «Ոչ չի հակասեր: Կայունը չի նշանակեր արհեստական մեծամասնութիւն: Աւելի՛ն, կը խորհիմ, որ այս  ձեւակերպումը կը բացառէ որեւէ ուժի միահեծան ղեկավարման յաւակնութիւնը: Կայունը կը նշանակէ, որ ըստ էութեան, սկզբունքը նոյնը կը  մնայ, այսինքն` համաձայնական դաշինքներու կազմութեան կարելիութիւն կը ստեղծուի: Եթէ երկրորդ հանգրուանը անպատեհութիւն ունի, իրականութեան մէջ ատիկա անպատեհութիւն է այն ուժին համար, որ համեմատական մեծամասնութիւն բերած է, այսինքն` 45 առ հարիւր, 40 առ հարիւր բերած է, որովհետեւ ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ միւս բոլորը կարենան համախմբուիլ, մէկ ցուցակով երթալ եւ սեւ ու սպիտակի ընտրութեան վերածուի: Շատ հաւանական է, որ յաղթանակը երթայ  այսպէս ըսուած ընդդիմութեան: Այսինքն` կ՛ուզեմ ըսել, որ երբեք կայունը մտահոգիչ չէ, կայունը երկրին համար նոյնիսկ անհրաժեշտութիւն է, կարեւոր է, որ այդ կայունութիւնը ըլլայ»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնեաները Խոստացած Են Օգնել Սուրիահայերուն

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Սարգիս Կիրակոսեանին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.