Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը 500 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Սուրիահայութեան

Յուլիս 25, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-24-15_kakig-1Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին` Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան դէպի Եւրոպա իր այցելութեան ճամբուն վրայ երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիս 2015-ին այցելեց Լիբանան: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ան այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր մօտէն ծանօթացաւ Անթիլիասի Մայրավանքի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքին: Հայրենի հիւրը մօտէն ծանօթացաւ մատենադարանին, թանգարանին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի մատրան: Ապա ուղղուեցաւՊիքֆայա, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդներուն, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախքան հանդիպումը ան այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որմէ ետք ուղղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի կողքին գտնուող խաչքարին դիմաց:

7-24-15_kakig-2

Այնուհետեւ Գ. Ծառուկեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ վեհարան: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ ետք Ծառուկեանի ներկայութիւնը նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ոչ միայն պատմական աթոռ է, այլ նաեւ պատմական առաքելութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի ճակատագրական մէկ հանգրուանին եւ ցեղասպանութենէն ետք կարեւոր դեր կատարած է սփիւռքի մէջ` հայապահպանման, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ: «Մեր ազգային պահանջատիրութեան եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման գծով  այս աթոռը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքի մէջ», հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապը կը դիտենք մէկ համապարփակ ամբողջութեան մէջ եւ կը փորձենք հզօրացնել Հայաստանը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի հզօրացումը սփիւռքի հզօրացումն է եւ փոխադարձաբար: Ան ըսաւ, որ երբ հարցերը համահայկական եւ համազգային են, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը ըսելիք եւ ընելիք ունի` աւելցնելով, որ մեր ուժերը պէտք է համախմբենք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը միշտ աջակից եղած է Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ Հայաստանի ժողովուրդի բարօրութեան: «Անձ մը իր գործով կ՛արժեւորուի», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` գնահատելով Ծառուկեանի կատարած բարեգործութիւնները եկեղեցաշինութեան եւ այլ ծառայութիւններու մէջ:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց վերջին 5 տարիներուն տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով Սուրիոյ հայութեան տագնապը եւ կարիքները:

Աւարտին խօսք առաւ բարերար Գագիկ Ծառուկեան, որ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ իր ներկայութեան համար: Ան գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայապահպանման եւ համախմբման ի նպաստ տարած աշխատանքը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ մարդ արարածը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է օժանդակէ եւ աջակցի ազգին յայտարարելով, որ Գագիկ Ծառուկեան հիմնադրամը 500 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան կարիքներուն: Ապա ան արծաթեայ մեծ խաչ մը նուիրեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին Բարձրբերդի Աւետարան եւ յիշատակի նուէրներ յանձնեց յայտնի բարերարին:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետը Այսօր Վրաստան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In