Նախանցեալ օր շփման գիծին վրայ ամբողջ օրուան լարուածութենէն ետք գիշերը համեմատաբար հանգիստ անցած է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան` աւելցնելով, որ պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը լռած է:
Հասրաթեան չի շտապեր համեմատել սահմանին նախորդ տարուան յուլիս-օգոստոսի լարուածութիւնը վերջին մէկ շաբթուան ահագնացած կրակոցներուն հետ` ընդգծելով, որ նախորդ տարի զինադադարի դրութեան խախտումները կ՛ուղեկցուէին նաեւ հետախուզական գործողութեամբ, սակայն «այս պահու դրութեամբ նման բան չկայ»:
«Ազրպէյճան անընդհատ կը փորձէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ պատերազմական գործողութիւնները տակաւին չեն աւարտած, որ Ազրպէյճան մարտադաշտին վրայ տակաւին ըսելիք ունի», յայտնեց Սենոր Հասրաթեան` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը «բոլոր ոտնձգութիւններուն պիտի պատասխանէ անհամարժէք եւ շատ խիստ»:
Ազրպէյճանական զինուժը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն եւ նռնականետերէն Ասկերանի եւ Մարտունիի ուղղութեամբ կրակ բացած էր:
Երէկ առաւօտեան հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է սահմանագօտիի հարաւ-արեւմտեան զօրամասերը` Նախիջեւանի ուղղութեամբ:
Օհանեանի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ վերջին չորս օրերուն լարուածութիւն կը նկատուի նաեւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, սակայն զինադադարի դրութեան խախտումները Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ աւելի շատ են:
«Ընդհանուր առմամբ, ամբողջ սահմանագօտիի երկայնքին վերջին օրերուն որոշակիօրէն բազմացած են կրակոցները, բայց ատիկա համեմատել Արցախի երէկուան տուած հաղորդագրութեան հետ կարելի չէ», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Արծրուն Յովհաննիսեան ձեռնպահ մնաց պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Սէյրան Օհանեանի այցելութիւնը սահմանային լարուածութեամբ պայմանաւորուած էր:
Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկի նախագահ Ստեփան Սաֆարեանի խօսքով զինադադարի դրութեան յաճախակիացած խախտումները կապուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութիւններուն հետ, ըստ որոնց, պէտք է վերականգնել կանոնաւոր բանակցային հոլովոյթը եւ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի համապարփակ լուծման: Սաֆարեանի կարծիքով, սահմանին վրայ լարուածութիւն ստեղծելով` Ազրպէյճան կը փորձէ խափանել բանակցային հոլովոյթը:
«Եւ հասկցէք, որ քանի մը հանգամանք կայ, որոնք Ազրպէյճանի սրտով չեն: Նախ` սեղանի վրայ դրուած տարբերակները: Ուորլիքը, երբ կը շօշափէ լուծման այդ տարբերակը եւ կը նշէ, որ բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է քննարկուին համալիր եւ համապարփակ, հասկնանք, որ ասիկա բացարձակապէս ընդունելի չէ Ազրպէյճանի համար, որուն ղեկավարը արդէն բարձրացած է ե՛ւ հասարակութեան, ե՛ւ իր ախորժակը, հետեւաբար չի կրնար թոյլ տալ, որ քննարկումները շարունակուին այդ տարբերակներուն շուրջ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ստեփան Սաֆարեան:
Յիշեցնենք, որ 20 յուլիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Երեւան կը գտնուէին: Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծում կարելի չէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կամքի ազատ արտայայտման` «իբրեւ այդ համապարփակ լուծումի մաս»:
Փորձագէտին կարծիքով, Ազրպէյճանը պարզապէս շանթաժի կ՛ենթարկէ միջազգային հանրութիւնը եւ նման քայլերով կը փորձէ հասնիլ բանակցային հոլովոյթի պայմաններու փոփոխման:
«Ալիեւ կը ցանկայ իր այս անհնազանդութեան քայլերով ուղղակի պարտադրել անոնց, որպէսզի անոնք բաւարարեն իր քմահաճոյքները` փոխեն պայմանները», ըսաւ Սաֆարեան:
Հակառակորդը 123 Արկ Եւ Խոշոր Տրամաչափի Գնդացրային
Միջոցներէ Աւելի Քան 140 Կրակոց Արձակած Է
Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 21 յուլիսի ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակած են բուռն կերպով խախտել զինադադարը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է մօտ 160 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1600 կրակոցներ, որոնց մէջ` 60 միլիմեթրնոց ականանետերէ 123 արկ, «ՌՊԳ-7» տիպի նռնականետերէ 3 արկ եւ խոշոր տրամաչափի գնդացրային միջոցներէ աւելի քան 140 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու, որոնց շնորհիւ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուցած են:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Արցախի բանակը կը տիրապետէ իրադրութեան եւ իրավիճակի որեւէ զարգացման պարագային պատրաստ է անհամաչափ ու պատժիչ գործողութիւններու:
Օհանեան Այցելեց Հարաւ-Արեւմտեան Սահման
21-22 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց հարաւարեւմտեան սահմանագօտիի զօրամասեր:
Օհանեան նախ այցելեց սահմանային առաջին գիծի տարբեր դիրքեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ իրավիճակին, դիրքերուն մէջ տեղի ունեցող մարտավարական եւ ծառայողական փոփոխութիւններուն:
Նախարարը իրեն ուղեկցող բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ քննարկեց զինուորական ծառայութեան եւ կազմակերպչական հարցեր, լսեց անոնց զեկուցումները, տուաւ համապատասխան հրահանգներ:
Արցախ Կը Հերքէ «Ազրպէյճանական Քարոզչութեան»
Տարածած Տեղեկութիւնը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հերքեց «ազրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ տարածուած տեղեկութիւնը», թէ ռազմափորձի ընթացքին հակահրասայլային ականի վրայ պայթած է պաշտպանութեան բանակի երկու հրասայլ:
«Տարածուած տեղեկութիւնը ընդունեցէք իբրեւ ազրպէյճանական քարոզչութեան երեւակայութեան արդիւնք», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: