Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնեաները Խոստացած Են Օգնել Սուրիահայերուն

Յուլիս 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-23-15_vikenՈւաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատեն Սուրիոյ հայ համայնքի պաշտպանութեան խնդիրը եւ հաւատարիմ են ատոր իրականացման:

Հանդիպումը կարելիութիւն ընձեռած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն փոխանցելու հայ համայնքի մտահոգութիւնները: «Այդ լուրջ հանդիպումը մեզի կարելիութիւն տուաւ անկեղծ եւ բաց կարծիքներ փոխանակելու եւ սուրիահայերու մարտահրաւէրներու առաջքն առնելու իրական լուծումներ մշակելու», նշեց Համբարեան:

Հանդիպումին մասնակիցներէն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի համաձայն, գոյութիւն ունի լուրջ հակասութիւն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ տեղահանուածներուն տրամադրուող օգնութեան չափերուն եւ սուրիահայերուն այդ օգնութեան ընդամէնը չնչին մասի բաժին հասնելուն հետ կապուած. «Մենք կրցանք խօսիլ եւ հրաւիրել ներկայացուցիչներու ուշադրութիւնը մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու կարեւորութեան վրայ, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրին անոնք»:

Հանդիպումին մասնակիցներուն հաւաստումով, Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտները համայնքի ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած են պաշտօնապէս ներկայացնելու իրենց առաջարկները, որոնց միջոցով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իր աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ սուրիահայ տեղահանուածներուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին:

Միացեալ Նահանգներու հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ուշադրութիւն հրաւիրած են շարք մը լուրջ խնդիրներու վրայ, որոնք կապուած են օգնութիւնը հասցէատիրոջ հասցնելու հետ, որուն իբրեւ արդիւնք Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ վայրերու հայերուն չէ հասած ամերիկեան օգնութիւնը:

 

Նախորդը

Ալիեւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրը

Յաջորդը

Խօսելով Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Մասին`. «Սկզբունքային Առումով Մեր Տեսակէտը Յաղթած Է» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?