Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յուլիս 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-24-15_Belgium

Հինգշաբթի, 23 յուլիսին, Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները գրեթէ միաձայնութեամբ ի պաշտպանութիւն էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները:

Այս բանաձեւին վաւերացումով, Պելճիքայի խորհրդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց արդէն ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւին վաւերացումը ողջունեց Արդարութեան եւ Ժողովրդավարութեան Եւրոպայի հայութեան դաշինքի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որ Պելճիքայի խորհրդարանի այս քայլը նկատեց թրքական կառավարութեան ուղղուած պատգամ մը, թէ Եւրոպայի մէջ կեղծիքն ու ուրացումը տեղ չեն կրնար ունենալ եւ ուշ կամ կանուխ Թուրքիա պարտաւորուած պիտի ըլլայ դէմ յանդիման գալու իր պատմութեան եւ անցեալին հետ:

Կարապետեան նաեւ նշեց, որ բանաձեւի հաստատումը կարելի դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Հայ դատի յանձնախումբի Պելճիքայի կառոյցին եւ Պելճիքայի հայութեան յանձնախումբի համակարգուած ճիգերուն շնորհիւ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պելճիքան մեղադրեց «պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու» եւ Թուրքիան «անհիմն մեղադրելու» մէջ: Նախարարութիւնը նշեց, որ բանաձեւը կրնայ բացասական կերպով ազդել թուրք-պելճիքական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ:

 

Նախորդը

Աբրահամեան. «Որոշ Ժամանակով Պէտք Է Դադրեցնել Ստուգումները»

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Ողջունելի Է Հայոց Ցեղասպանութեան Աներկբայ Ճանաչումը Պելճիքայի Կողմէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?