Կիրակի յետմիջօրէին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Զմմառ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ը` անոր մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն:
Իր հերթին, Գրիգոր-Պետրոս Ի. պատրիարքը ողջունեց լիբանանահայ համայնքի միասնական աշխատանքը եւ շեշտեց համագործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: