Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.

July 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-26-15_gat-287-26-15_gat-27Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր երեքշաբթի, 14 յուլիս 2015-ի առաւօտեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 25 յուլիս 2015-ի առաւօտեան նիստին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք ընտրեց արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպս.  Կապրոյեանը, որ առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ծնած է 15 նոյեմբեր 1934-ին, իբրեւ Զմմառու միաբան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 մարտ 1959-ին, եպիսկոպոս օծուած է 13 փետրուար 1977-ին: Առաջնորդն է Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ նաեւ, թէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու պատրիարքական աթոռ` Զմմառու վանքին մէջ, կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Շնորհաւորեց
Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ֆրանչիսկոս քահանայապետը շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նամակին մէջ սրբազան քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է անոր  ընտրութեան առիթով եւ շնորհած է եկեղեցական հաղորդութիւնը, որ  նորընտիր պատրիարքը առանձին նամակով  մը խնդրած էր պապէն, ինչպէս սահմանուած է եկեղեցական կանոններով:

Ֆրանչիսկոս պապը իր նամակին մէջ գրած է, որ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ հայ եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Պապը նկատի ունի յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները ահաբեկչական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

«Յարուցեալ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի լոյսով լուսաւորուած` մենք լի ենք յոյսով եւ եղբայրասիրութեամբ, որովհետեւ վստահ ենք, որ Յիսուսի Խաչը կենսատու ծառն է», գրած է սրբազան քահանայապետը:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը եւ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսի միւս եպիսկոպոսները միասին պիտի առաջնորդուին Սուրբ Հոգիով` ըլլալու բարի հովիւներ` իրենց խնամքին վստահուած Աստուծոյ  ժողովուրդին համար, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու  եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի` Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետին:

Նախորդը

«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն

Յաջորդը

«Լիզպոնի Մէջ Բոցավառած Ջահը Ձերն Է, Հայ Երիտասարդնե՛ր, Հատուցումի Ու Ազատագրութեան Կռիւը Ձեզ Կը Սպասէ». Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակի Ձեռնարկին Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.