Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Պաշտօնական Բացում «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովին
Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ գիտաժողովը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին անունով բարի գալուստ մաղթեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք հասած են Ճափոնէն,...




















