Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կարեւոր Կը Նկատէ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Հետ Կապերու Ընդլայնումը

Յուլիս 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-29-15_yergpay-30

Հայաստան կարեւոր կը նկատէ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ երկկողմանի կապերու ընդլայնումը, եւ այդ մասին կը վկայէ նաեւ այդ մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն հիմնելու պաշտօնական Երեւանի որոշումը: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, երէկ ընդունելով հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ծրագրաւորման նախարար Ալի Սինտին, որ մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի ջերմ ողջոյններն ու մաղթանքները փոխանցեց Հայաստանի վարչապետին, կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին: Ան նաեւ ըսաւ. «Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացմամբ, եւ իմ այցելութեանս նպատակն է ուսումնասիրել Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւններն ու հայ գործընկերներուն հետ քննարկել գործակցութեան զարգացման հեռանկարները»:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակէն եւ կարեւոր նկատեցին  առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացումն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու բացայայտումը: Տնտեսական ներուժի լիարժէք օգտագործման առումով երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ հայ – իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի գործունէութիւնը, հայ եւ քիւրտ գործարար շրջանակներու միջեւ ուղղակի կապերու  հաստատումը, գործարար համաժողովներու եւ  հանդիպումներու կազմակերպումը: Նշուեցաւ, որ միջկառավարական յանձնախումբի երրորդ նիստը կը նախատեսուի կազմակերպել աշնան Պաղտատի մէջ, եւ ատիկա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ քննարկելու  երկկողմանի գործակցութեան կարգ մը ուղղութիւններ եւ կեանքի կոչել գործնական ծրագիրներ:

Կողմերը նաեւ բարձր գնահատեցին  փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Իրաքի դեսպանութիւններուն ջանքերը:

Ալի Սինտի երէկ նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպան Ղազի Թահիր Խալետ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան  ներկայացուցիչը:

Նախարար Ճշմարիտեան, ողջունելով հիւրերը` նշեց երկկողանի տնտեսական համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու հաստատումն ու զարգացումը:

Նախարար Ալի Սինտի, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նոյնպէս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ կապերու հաստատումն ու ամրապնդումը: Սինտի աւելցուց, որ այս այցելութիւնը լայն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ` ծանօթանալու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ գործակցութեան գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին Կարէն Ճշմարիտեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութիւնը, Հայաստանի մէջ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու իւրայատկութիւններն ու առաւելութիւնները, արտաքին առեւտուրի բարենպաստ պայմանները, այնուհետեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ գործող ազատ տնտեսական գօտիներու մէջ արտադրութիւն կազմակերպելու կարելիութիւններուն մասին: Ճշմարիտեան առաջարկեց նաեւ հայ-իրաքեան միջկառավարական հերթական միացեալ նիստի ծիրին մէջ կազմակերպել գործարար համաժողով:

Հանդիպման աւարտին նախարար Ալի Սինտի Կարէն Ճշմարիտեանը հրաւիրեց Էրպիլ:

 

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Ընդունեց Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Արցախ Կը Հերքէ Հայկական Անօդաչու Թռչող Սարք Հարուածելու Մասին Ազրպէյճանի Պնդումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?