Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Մարզի Հայ-Ամերիկեան Խորհրդակցութիւններ` Ուաշինկթընի Մէջ

July 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-30-15_america-31

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի փոխտեղակալ Էվելին Ֆարքասի համանախագահութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան հայ – ամերիկեան հերթական երկկողմանի պաշտպանական խորհրդակցութիւնները:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ամփոփուեցան պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ – ամերիկեան համագործակցութեան արդիւնքները եւ նշուեցան համագործակցութեան հեռանկարները: Կողմերը բարձր գնահատեցին համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին պահպանելու զարգացման ներուժը:

Հայկական կողմը շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու մէջ աջակցութեան եւ  որոշ մարզերու մէջ արհեստավարժ  ենթասպայական համակարգի, ռազմական կրթութեան, զինուորական բժշկութեան եւ խաղաղապահութեան համագործակցութեան համար:

Ամերիկեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու աջակցութիւնը ներկայիս իրականացուող նախագիծերուն, որոնք կը ծառայեն պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական նպատակներուն` պաշտպանական բարեփոխումներուն, ՄԱԿ-ի եւ ՕԹԱՆ-ի հետ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործողութիւններուն մասնակցող փոխգործակցելի ստորաբաժանումներու` խաղաղապահ ուժերու, դաշտային հիւանդանոցի եւ խաղաղապահ ճարտարագիտական ստորաբաժանման կարողութիւններու զարգացման:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին նաեւ  քննարկուեցան շրջանային ապահովութեան հարցեր, կողմերը իրենց մտահոգութիւնները ներկայացուցին շրջանի ապահովական  սպառնալիքներուն վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Բաբայեան. «Եւրոպական Խաղերուն Ժամանակ Կրակոցներու Թիւը Նուազած Էր, Կը Փորձեն Հիմա Տեղը Հանել»

Յաջորդը

Աղբակոյտերէն Ձերբազատուելու Սայտայի Փորձառութեան Ծանօթանալու Համար` ՀՅԴ-ի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Միացեալ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սայտա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.