Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի. 75-Ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

Օգոստոս 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_Ainjar1

Երէկ` ուրբաթ, 31 յուլիս 2015-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու բացման ժողովրդային հանդիսութիւնը` Նահատակ Ճապրա Խէյոյեանի յիշատակին`  հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու առաջնորդներուն:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Այնճարի պատմական բերդէն, ուր 76 տարիներ առաջ ապաստան գտած էին մուսալեռցիք եւ ուրկէ սկսած էին Մուսալեռ-Այնճարի հիմնադրութեան աշխատանքներուն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Գաբրիէլ  Թ. Ծ. վրդ.  Մուրատեանի ներկայացուցիչ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի Քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

 

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, որմէ ետք Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Այնթապլեան կատարեց ձեռնարկին բացումը:

7-31-15_Ainjar2

Այնթապլեան ըսաւ, թէ Մուսա լերան յաղթանակած հերոսամարտի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ կ՛առնեն Այնճարի բերդէն, ուր 76 տարիներ առաջ մուսալեռցիներ կայք հաստատեցին անապատային տարածքին վրայ, ուր ապրիլը պայքար կ՛ենթադրէր եւ կեանքի գոյատեւումը հրաշքի համազօր կը թուէր ըլլալ:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ Այնճարի հիմնադրութեան տարիներուն մուսալեռցիք ունեցան բազմահարիւր նահատակներ, որոնք զոհ գացին անօթութեան, համաճարակին եւ զանազան դժբախտութեանց, սակայն մուսալեռցին իր արիւնը եւ քրտինքը խառնեց Այնճարի հողին` կեանք տալով անոր, շինելով եւ շէնցնելով, ցանելով եւ կանաչազարդելով անոր դաշտերը, տալով անոնց  գոյն, համ ու հոտ: Վերջապէս, մուսալեռցիք շունչ տուին եկեղեցիներուն, զարկ տուին դպրոցներուն եւ միութիւններուն` վերածելով Այնճարը փոքրիկ Հայաստանի:

Յակոբ Այնթապլեան կոչ ուղղեց բոլոր մուսալեռցիներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եւ հետեւելու Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Մուսա լեռ- Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներուն եւ տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 31 յուլիսէն մինչեւ 13 սեպտեմբեր, որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի համախմբուին աշխարհի բոլոր կողմերէն մուսալեռցի-այնճարցիներ` հայրենիքի մէջ տօնակատարելու համար Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը:

7-31-15_Ainjar4

Բացման խօսքէն ետք Մուսա լեռ ծնած տարեցներ 18 ճերմակ աղաւնիներ արձակեցին` Մուսա լերան 18 նահատակներուն յիշատակին եւ գայլիկ-արծուիկներ Եռագոյն փուչիկներ արձակեցին  :

 

7-31-15_Ainjar5

Այնուհետեւ բազմութիւնը ուղղուեցաւ Մուսա լերան յուշարձան-համալիր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին:

7-31-15_Ainjar3

Յուշարձան-համալիրի կողքին ձեռնարկը հանդիսավարեցին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներ Նանօր Սթամպուլեան եւ Յովիկ Ադամեան: Անոնք բեմ հրաւիրեցին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի աշակերտները, որոնք հանդէս եկան ազգագրական պարով մը:

7-31-15_Ainjar6

Ապա Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան ըսաւ, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի  եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն հիմնական նպատակներէն մէկն է յիշել պատմութիւնը, ներշնչուիլ այդ պատմութենէն եւ կամրջել անցեալին հետ, որպէսզի ատիկա կենդանի մնայ ներկայ երիտասարդ սերունդին խղճին, մտքին եւ յիշողութեան մէջ:

Վեր. Մսըրլեան աւելցուց, որ Մուսա լերան ժողովուրդը պայքարեցաւ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ` իր վճռակամութեամբ, աշխատանքով, աշխատասիրութեամբ եւ վերականգնելու տեսիլքով: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ Մուսա լերան ժողովուրդը իր յարութիւնը ապրեցաւ Այնճարի մէջ, իր տուած նահատակներուն արեան գնով եւ նախահայրերուն թափած քրտինքով:

Ապա ազգային երգով հանդէս եկաւ Պետրոս Գառնէշեան, որմէ ետք Սարգիս Այնթապլեան ասմունքեց Մուսա լերան բարբառով իր հեղինակութեամբ կտոր մը:

Սեւան Հաճեան-Մեթլեան ներկայացուց Մուսա լերան բարբառով 3 երգեր:

7-31-15_Ainjar8

Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան արտասանեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գաբրիէլ  Թ. Ծ. վրդ.  Մուրատեանի խօսքը: Ան ըսաւ. «Մեր նահատակներուն արիւնը մեր սերմն է, մեր ոգին  եւ մեր կեանքը: Այնքան ատեն մենք ունինք կորով պայքարելու եւ նահատակուելու, մեր ազգին վիճակը ապահով է: Նոյնպէս այնճարցիներուն զոհաբերութիւնը ապահովագիրն է Մուսա լեռ- Այնճարի ներկային եւ ապագային»:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ հայ ժողովուրդին կը մնայ սիրել, աղօթել, զոհաբերել եւ աշխատիլ, որովհետեւ իր ժողովուրդը սրբացնել ուզող հայորդին պէտք է տառապի իր ազգին եւ իր ազգակիցին համար:

Այնուհետեւ Այնճարի  Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին տարբեր հեղինակներէ ասմունքներու փունջ մը:

Ապա գրող Յակոբ Փամպուքեան կարդաց իր գրքէն «Եէյբըր թը կընու» հատուածը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները:

7-31-15_Ainjar7

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց. Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց մուսալեռցիները իրենց մղած մարտնչումին համար` Մուսա լերան հերոսամարտին ընթացքին, որ մաս կը կազմէ հայոց դարաւոր գոյամարտին:

Ան ըսաւ, թէ մուսալեռցիք իրենց արեան հեղումով հաստատեցին, որ իրենք ապրելու իրաւունք ունին եւ իրենց սեփական բազուկներուվ Այնճարը վերածեցին դրախտանման վայրի մը, որպէսզի հոն ապրին իրենց  նախնիներուն հոգիով ու հաւատքով` քաջ գիտնալով, որ հայրենիքը չի կորսուիր, այնքան ատեն որ անոր սեփականատէրը չի մոռնար իր հայրենի բնօրրանը եւ իր նախնիները եւ կը շարունակէ ապրիլ եւ մաքարիլ ի խնդիր գոյութեան եւ իր ժողովուրդի յաւերժական երթին:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն պայքարելու հայ ժողովուրդին սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ որպէսզի Մուսա լերան հերոսամարտը ոգեւորէ եւ նորոգէ հայերը` գալիք բոլոր ժամանակներուն:

 

 

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Դեսպան Թոմ Ֆլեչըր Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Օհանեան Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Խորհրդանշող Յուշանուէր Մը Յանձնեց Դեսպանին

Յաջորդը

Քազանի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում Կրնայ Տեղի Ունենալ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?