Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յուլիս 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_Pakradouni

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կտրուկ կերպով մերժեց Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման հաւանականութեան գաղափարը:

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի «կարմիր գիծ» նկատեց Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումը, որ «կարելի չէ արտօնել որեւէ պարագայի տակ»: Ըստ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտ իր բաժինը կատարած է աղբանոցներու հարցով եւ «այսօր անիկա այն չէ, ինչ որ էր 5 տարի առաջ: Արդարեւ, բնակչութիւնը կրկնապատկուած է գաղթականութեան հոսքին բերումով ու կը բաւեն անոր ներկերու թէ ձկնորսներու հարցերն ու անոր վրայ բեռցուող տագնապները»: Բագրատունի մերժեց քննել նոյնիսկ աղբանոցի ժամանակաւորապէս բացումի գաղափարը: «Մենք ապրեցանք փորձառութիւնը այդ «առժամեայ»-ին, որ տեւեց երեսուն տարի: Մեր կրած տառապանքին ոչ ոք կը տոկայ ու կը հանդուրժէ», շեշտեց Բագրատունի` կոչ ուղղելով կառավարութեան «տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ մտածելու արմատական լուծումներու մասին, փոխանակ հողային առուծախով ժամավաճառութիւն ընելու»:

Աղբակոյտերու ամբարման վայրը պարտէզի վերածելու եւ առ այդ պետութենէն գումար գանձելու կարելիութեան շուրջ հարցումին անդրադառնալով` Բագրատունի ըսաւ. «Մենք մարդոց առողջութիւնը ոչ մէկ գումարով կը փոխարինենք, Պուրճ Համուտի իրաւունքն է աղբանոցի հողատարածքը վերամշակել եւ պարտէզի վերածել, սակայն այս գծով շանթաժի չենք ենթարկուիր: Տագնապի պահուն փրկարար նախաձեռնութեան դիմելու քայլին մասին հարցումին ակնարկելով` «մենք այդ հերոսութեան դերակատարութիւնը ուրիշներու կը զիջինք», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի: Ես այս շրջանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երեսփոխան եմ, ինչպէ՞ս կրնամ արտօնել մարդոց վնաս պատճառող նման քայլ մը», շեշտեց ան` հարցականի տակ առնելով այն յայտարարութիւնը, թէ «Մեթնի եւ Պէյրութի երեսփոխանները խորքին մէջ դէմ չեն աղբանոցի վերաբացման, բայց կը խուսափին իրենց կեցուածքը բացայայտելէ` ընտրական հաշիւներով»: Ան յիշեցուց, որ Պուրճ Համուտի հայկական ընտրական ձայները ի՛նչ վճռական դեր ունին` հերքելով աղբանոցի վերաբացման գծով որեւէ կոչ:

«Աղբանոցի վերաբացումը կը վնասէ ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլեւ` ամբողջ Մեթնի եւ Պէյրութի ծովափին», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Նոյն ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան յայտնեց, որ «թեքնիք եւ քաղաքական պատճառներ կ՛արգիլեն աղբանոցի վերաբացումը»: Ան յիշեցուց, որ աղբանոցի ջուրերը կը հասնէին ծովեզերք, մեծապէս վնասելով Պէյրութի նաւահանգիսին, ինչ որ անոր փակման գլխաւոր պատճառ հանդիսացաւ:

Մսըրլեան աւելցուց, որ քաղաքապետութիւնը կը մերժէ հոն ամբարել նոյնիսկ իր շրջանի աղբերը, որոնք օրական 120 թոն կը կշռեն: Ըստ անոր, աղբակոյտերը կ՛ամբարուին քաղաքապետութեան սեփականութիւնը եղող մօտակայ տարածքի մը մէջ` Նահր Պէյրութի մօտ, քաղաքապետութեան ծախսերով:

Ան շեշտեց, որ «շրջանի խիտ բնակչութիւնը կը մղէ, որ ձեռնածալ չմնանք, որովհետեւ այլապէս հիւանդութիւններն ու ախտերը պիտի ողողեն մեզ»:

Նաեւ` «Մուսթաքպալ» Թերթին

Միւս կողմէ, երեսփոխան Բագրատունի «Մուսթաքպալ» օրաթերթին դիտել տուաւ, որ քաղաքական բոլոր կողմերը պարտին միանալ «անցընելու համար» ներկայ հանգրուանը եւ համոզելու վարչապետը, որ զանց առնէ հրաժարելու գաղափարը, եթէ նման մտադրութիւն ունի եւ այս` ի շահ լիբանանցիներուն»:

«Վարչապետ Սալամ երբ կ՛ըսէ, թէ արկածախնդրութեան պիտի չդիմէ, ապա ան իրաւացիօրէն կ՛ըսէ այդ մէկը, որովհետեւ ան քաղաքական ընտանիքի զաւակ է եւ գիտէ ինչպէս համբերել ու տոկալ խոչընդոտներու դիմաց ու քաջ գիտէ, թէ նման քայլ մը չի նպաստեր երկրին»:

 

Նախորդը

Հակառակ «Աղբակոյտերու Մասնակիօրէն Վերացման. Ժողովրդային Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձանը Կը Պղծուի

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?