Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռք» Ամառնային Դասընթացքին Մասնակիցները Այցելեցին Նախագահական Նստավայր

July 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_spurk-1

7-28-15_spurk-2Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած սփիւռքահայ լրագրողներու ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն ծիրին մէջ, երկուշաբթի , 27  յուլիսին Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան «Հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրները համացանցում» խորագիրով դասախօսութիւն տուաւ: Յովհաննիսեան լուսարձակի տակ առաւ «տեղեկատուական պատերազմ»-ը` անդրադառնալով չինական հին քաղաքակրթութեան, անցնելով Յովսէփ Էմինի եւ Շահամիր Շահամիրեանի պատմութենէն ու հասնելով մինչեւ համացանցի ժամանակաշրջանը: Սփիւռքահայ լրագրողները այս շահեկան դասախօսութիւնը ունկնդրելէ ետք անցան երգեցողութեան դասընթացքի` Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Սարգսեանի դասախօսութեամբ: Ապա` օրուան յայտագիրը լրացաւ Երեւանի քաղաքապետարանի թանգարան այցելութեամբ: Երեքշաբթի, 28 յուլիսին սփիւռքահայ լրագրողները Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ ունեցան հանդիպում, ուր պաշտօնատարը մասնակիցներուն հարցումներուն պատասխանեց: Անկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. Յարութիւնեանի անուան պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտէսագրութեան տարրալուածարանի ղեկավար Վարդան Մխիթարեան զեկուցեց «Հայաստանը պատմական քարտէսներում» նիւթին մասին: Անոր ելոյթին յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական ու լրագրող Հրայր Զօրեանի դասախօսութիւնը լրագրողներու վարպետութեան մասին: Զօրեան յատուկ կերպով կարեւոր նկատեց «անձնական կապերը (փի. ար.)»` իբրեւ արդի տեղեկատուական աշխարհին մէջ յաջողութեան նախապայման: Յետմիջօրէին լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրը` Բաղրամեան պողոտայի վրայ, ուր նախագահին աշխատակազմը ներկաները ծանօթացուց նախագահի գործունէութեան, նստավայրի ժողովասրահներուն: Անոնք միասնաբար շրջայց կատարեցին նստավայրին մէջ:

Յայտնենք, որ «Սփիւռք» ամառնային դասընթացքի ծիրին մէջ դասախօսեց նաեւ Վերա Սիսեռեան, որ ներկայացուց ձայնասփիւռի դերակատարութիւնը հայապահպանման եւ Հայաստան – սփիւռք փոխադարձ յարաբերութիւններու մարզին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Հասաքէ Շրջանին Մէջ Յայտնաբերուած Է Քանի Մը Շաբաթ Առաջ Զոհուած Սուրիահայ Զինուորական Ծառայողին Դիակը

Յաջորդը

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթը Այս Շաբաթավերջին Պիտի Ներկայանայ Լիբանանի Արուեստասէրներուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.