Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ

August 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

7-31-15_badani

«Հայաստան երթալ կ՛ուզենք,
Արարատ տեսնել կ՛ուզենք,
Արարատի գագաթին,
Եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»: Այսպէս կանչելով, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 124 պատանիներ մեկնեցան օդակայան` մեծ խանդավառութեամբ, բուռն զգացումով ու յոյսերով իրականացնելու իրենց կեանքի երազը`  գրկելու սրբազան հայրենիքի հողը:

Այսպէս, հինգշաբթի, 30 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:20-ին, պատանիները իրենց պատասխանատու ընկերներուն առաջնորդութեամբ հասան «Զուարթնոց» օդակայան` հոն գտնելով իրենց պատասխանատուներու երկրորդ խմբակը, որ ազգային երգերով ու պարերով դիմաւորեց ընկերները, մեծ խանդավառութիւն սփռելով անոնց մօտ եւ նախաքայլը հանդիսանալով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին:

Օդակայանէն պատանիները անմիջապէս մեկնեցան Կոտայքի Քանաքեռաւան շրջանի «Սերժ Գալուստեան» բանակավայր, հոն գտնելով Երեւանի պատանեկան միութեան ու Կոտայք մարզի պատանիները, որոնք իրենց հայրենակիցները ընդունեցին մեծ ջերմութեամբ: Պատանիները բանակավայր հասնելէ անմիջապէս ետք բաժնուեցան չորս խումբերու` «Փոթորիկ», «Նեւրուզ», «Խան» եւ «Որսկան», որոնք կը խորհրդանշեն 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» զինատար խումբերը:

Ութօրեայ սոյն բանակումը պիտի ընդգրկէ յատկանշական հանդիպումներ, տեսարժան վայրերու այցելութիւններ, դաստիարակչական յատուկ ծրագիր, մարզական օրակարգեր եւ զանազան աշխատանքներ` համալրուած դաշնակցական պատանիի կարգապահութեամբ:

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 30 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, բանակավայրին մէջ, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ընկերներու եւ բարեկամներու:

Նշենք, որ պաշտօնական բացումի մանրամասնութիւններուն եւ հետագայ օրերու ծրագիրներուն պիտի անդրադառնանք յաջորդ թղթակցութիւններով:

 

 

Նախորդը

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Յաջորդը

«Ինծի Համար Հայաստանը Այն Հայրենիքն Է, Ուր Հարազատօրէն Կրնամ Ստեղծագործել» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Շարլ Ազնաւուր

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.