Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Եւրոպական Խաղերուն Ժամանակ Կրակոցներու Թիւը Նուազած Էր, Կը Փորձեն Հիմա Տեղը Հանել»

Յուլիս 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-30-15_papa-31

«Սահմանային միջադէպերու վերջին օրերու աշխուժացումը, դժբախտաբար, տարօրինակ երեւոյթ չէ», ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` «Երկիրի»-ին հետ զրոյցին ընթացքին:

Ըստ անոր, ամրան ամիսներուն աշխուժացումը  Ազրպէյճանի ապրելակերպն է, որովհետեւ Ազրպէյճան իր էութեամբ ահաբեկչական պետութիւն է եւ կ՛ընէ ամէն բան, որպէսզի ձեւով մը վատութիւն ընէ հայ ժողովուրդին, եւ ատիկա իր ժողովուրդին ներկայացնէ իբրեւ «մեծ յաղթանակ» պատերազմի դաշտին մէջ:

«Ազրպէյճան նաեւ աշխուժ քաղաքական ժամանակաշրջան կը մտնէ հոկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները: Բացի ատկէ, ժողովուրդի ընկերային վիճակը այնտեղ ծանր է, որքան ալ փորձեն քողարկել, ուրեմն հիմա ազրպէյճանական կողմը մեծ գումարներ կը ծախսէ քարոզչութեան համար, որպէսզի շեղէ բնակչութեան ուշադրութիւնը եւ ցոյց տայ, թէ` տեսէք, պատերազմի դաշտին մէջ  իշխանութիւնները կ՛ընեն ամէն բան, կը նուաճեն «յաղթանակներ»», ըսաւ Բաբայեան:

Ըստ անոր, պահ մը, Եւրոպական խաղերուն կապուած, սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած էր, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ իրավիճակը փոխուած է, կամ Ազրպէյճան կառուցողական հունի մէջ մտած է:

«Քանի որ Եւրոպական խաղերուն ժամանակ կրակոցներու թիւը նուազած էր, կը փորձեն ատոր  տեղը հանել եւ կը սկսին խախտել զինադադարը: Մեզի ատիկա չ՛ահաբեկեր, չի կրնար ահաբեկել: Ամէնէն լաւ պատասխանը ուժգին հակահարուածն է, որն ալ հակառակորդը կը ստանայ ամէն օր: Այո՛, վատ է, որ զինադադարի խախտման պատճառով մեր երիտասարդները կը զոհուին, ատիկա անդառնալի ողբերգութիւն է մեզի համար, բայց ի վերջոյ, ատիկա հայրենիքի պաշտպանութիւն է, պէտք է հաշուի առնենք, որ եթէ տղաները չպաշտպանեն սահմանը, ցեղասպանութիւն կ՛ըլլայ», նշեց Բաբայեան:

Վերջերս Արկադի Տէր Թադեւոսեան` Քոմանտոս, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ յառաջիկային կը պատրաստուի այցելել Ղարաբաղ, բարձրանալ դիրքերը եւ քաջալերել զինուորները: Բաբայեան, խօսելով այս մասին նշեց, որ նման այցելութիւնները շատ կը նպաստեն տղաներու մարտական ոգիի  բարձրացման: «Մանաւանդ` երբ կու գան մարդիկ, որոնք գործուն մասնակցութիւն ունեցած են պատերազմին մէջ, ապրող  առասպելներ են: Պիտի ընդարձակուի այցելութիւններու շրջանակը` գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ, սփիւռքէն մարդիկ պիտի գան, որպէսզի ե՛ւ իրենք տեսնեն` ինչ է սահմանը, պատկերացնեն` այդ տղաները առօրեայ ինչ հերոսութիւն կ՛ընեն, ե՛ւ տղաները ոգեւորեն», ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

 

Նախորդը

Ֆրանսա Կը Կասեցնէ Արցախի Հետ Գործակցութիւնը

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Մարզի Հայ-Ամերիկեան Խորհրդակցութիւններ` Ուաշինկթընի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In