
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 30 յուլիս 2015-ին, Ժմմէյզէի «Փասթէօր» հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայութեան երախտագիտութեան յուշակոթողն, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Լիբանանեւհայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան եւ Վայելէ Էշրեֆիէն ընկերակցութեան կողմէն Լիբանանին առ ի երախտագիտութիւն նուիրուած այս յուշակոթողի բացման հանդիսութեան առիթով խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն որ ընդգծեց, թէ այս յուշակոթողը կը հաստատէ ընտրանքներու սակաւութիւնը` կա՛մ տեղի կու տանք ահաբեկչական հոսանքին դիմաց եւ կա՛մ մեր գլուխները բարձր պահելով կը պաշտպանենք քաղաքակրթութիւնը:
«Այսօր երջանիկ օր է, որովհետեւ այս առիթը վերածուած է այս յուշակոթողով դրսեւորուող քաղաքակրթական, արուեստի ստեղծագործութեան, եւ հայկական ձեռքը միաձուլուած է լիբանանեան ձեռքով», շարունակեց նախարար Ֆարաոն` բարձր գնահատելով Ժմմէյզէի եւ Էշրեֆիէի ցուցաբերած խիզախ կեցուածքը` արուեստի, իւրայատկութեանց եւ սկզբունքներու պաշտպանութեան մէջ: Ան յատկապէս դրուատեց Էշրեֆիէն, որուն բնակչութիւնը հիւրընկալեց հայ ժողովուրդը աւելի քան ութսուն տարիներ առաջ, որովհետեւ կը հաւատայ այս ժողովուրդի գոյատեւելու իրաւունքի իրաւացիութեան, հաստատելով հայկական ջարդերուն գծով այս մեծ պայքարի արդարացիութիւնը եւ յիշեցնելով, որ այս շրջանը 24 Ապրիլին զօրակցական կեցուածքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ լիբանանցի ծանօթ գրող Ալեքսանտր Նաժժար, որ նկատեց, թէ հայերուն դէմ գործուած ոճրարարքը բարբարոսական, կանխամտածուած ոճիր է, որ կը միտէր ձերբազատիլ ամբողջ ազգէ մը, ազգային եւ կրօնական ծանօթ պատճառներով:
«Հայ դատը մե՛ր դատն է եւ հայոց պայքարը մե՛ր պայքարն է», շարունակեց Նաժժար` ընդգծելով, որ «հայերուն դէմ գործադրուած ողբերգական ջարդերը իրապէ՛ս Ցեղասպանութիւն են»: «Այսօր հայերուն հետ մեր համերաշխութիւնը դիպուածային պատահականութիւն չէ, այլ անիկա կը բխի հասարակաց ճակատագրէ եւ պատմական հաստատ համոզումէ», աւելցուց Նաժժար` յիշեցնելով եւ մէջբերելով լիբանանցի հանրածանօթ գրագէտ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի գրութիւնները` հայերու տառապանքին մասին, գրեթէ յար եւ նման էր լիբանանցիներու տառապանքին, երբ անոնցմէ շատեր պատմական նոյն շրջանին կանխամտածուած եւ կազմակերպուած ձեւով կախաղան հանուեցան եւ 250 հազար ալ զոհ գացին սովի:
Նմանապէս խօսք առաւ Սեպուհ Մխճեան:
Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Արաքս Չեքիճեան` ընկերակցութեամբ «Կիւրճիեֆ» երաժշտական միջազգային նուագախումբին:
Նշենք, որ «Երախտագիտութեան» յուշակոթողը գործն է լիբանանահայ ծանօթ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի:


