Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 106-Րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Ներկայացուց «Պատմութեան Փոխուող Մեկնաբանութիւնները. Օրինակներ Հայոց Անցեալէն» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Յուլիս 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-29-15_sanjian-2

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 106-րդ լսարանի ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Պատմութեան փոխուող մեկնաբանութիւնները. օրինակներ հայոց անցեալէն»:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանը, որ իր նիւթը սկսաւ Փիթըր Կայլի նշանաւոր խօսքով, թէ «Պատմութիւնը անվերջ բանավէճ է», ապա` առաջ քաշեց Կայլի ներկայացուցած խնդիրները, թէ պատմագիտական բոլոր երկերը անցողիկ են, եւ թէ անկարելի է բոլոր ժամանակներուն համար վերջնական նկատուող պատում մը ունենալ: Ըստ Կայլի, ըսաւ Սանճեան, բոլոր պատմաբանները` իրենց երկերը շարադրելու ժամանակ, կ’ազդուին իրենց ժամանակաշրջան`ի տրամադրութիւններէն: Անոնք պէտք է ձգտին իրենց համոզումներուն նկատմամբ քննական մօտեցում ցուցաբերել եւ նոյնը յորդորել իրենց ընթերցողներուն:

7-29-15_sanjian-1Դոկտ. Արա Սանճեան լսարանին ներկայացուց այն բոլոր ազդակները, որոնք կը պայմանաւորեն պատմաբանին յանգելիք եզրակացութիւնները  եւ արժեւորումներու ու մեկնաբանութիւններու փոփոխութիւնները: Ան անդրադարձաւ հայ պատմագրութեան գլխաւոր երեք հանգրուաններուն` երեւան հանելով իւրաքանչիւր հանգրուանի աշխարհահայեացքի փոփոխութիւնները` Մովսէս Խորենացի (Ժ.-ԺԸ. դարեր), Հ. Միքայէլ վրդ. Չամչեան (մօտ 1785-1885), պատմականութեան կամ «ռանքէական» ժամանակաշրջան (1885-էն առ այսօր), ապա իբրեւ օրինակ մէջբերեց Լէոյի խօսքը Չամչեանի մասին. «Յիսուն տարի առաջ հայոց պատմութիւն գրողի գործը շատ հեշտ էր: Եթէ մեր բազմաթիւ մատենագիրներին դիմելու ու նրանցից նիւթեր քաղելու յօժարութիւնը չկար, բաւական էր եւ Չամչեանը® Պատմութիւնը հասկացւում էր այնպէս, ինչպէս հասկացել էր Չամչեանը®»: Դոկտ. Արա Սանճեան հաստատեց, որ ժամանակի ընթացքին, կ’աւելնայ ուսումնասիրուող նիւթին վերաբերող «հում» տեղեկութեան քանակը, ի յայտ կու գան նոր փաստեր, նոր ապացոյցներ, եւ անոնք կը նպաստեն, որ պատմաբանները նոր հայեացքով նային նոյն պատմական իրողութեան եւ մինչ այդ տրուած գնահատականներուն: Ան օրինակ տուաւ նշելով, թէ Խորենացիի գործին մէջ չէ յիշատակուած Ուրարտուն, ոչ ալ Չամչեանի գործին մէջ` Իսրայէլ Օրին:

Դոկտ. Սանճեան ըսաւ նաեւ, թէ ժամանակի ընթացքին, պատմագիտական մեթոտաբանութեան վրայ կ’աւելնայ յարակից գիտակարգերու ազդեցութիւնը, ինչպէս` աղբիւրագիտութիւն, հնագիտութիւն, դրամագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, ծագումնաբանութիւն, տնտեսագիտութիւն, ազգագրութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլն:

Ան մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս նոր մեծ պատմումներ (metanarrative) կը ձեւաւորուին ընդհանուր, գաղափարախօսական, նոր արժեհամակարգերու յառաջացման պատճառով: Նոր հարցադրումներու եւ նոր մօտեցումներու պատճառով կը վերարժեւորուին անցեալի կարծրացած պատմումները: Ան օրինակ տուաւ ազգայնականութեան գաղափարի եւ մարքսականութեան մասին:

Դոկտ. Սանճեան օրինակներով ներկայացուց նաեւ հայ ժողովուրդի ծագման հարցին մասին եղած մեկնաբանութիւնները` Խորենացիէն մինչեւ այսօր: Ան անդրադարձ մը կատարեց , թէ ինչպէ՛ս պատմութեան հորիզոններուն մէջ նախապէս լուսանցքայնացուած հասարակական խաւերու ներկայացուցիչներ կը սկսին համալրել պատմաբաններուն շարքերը: Ան անդրադարձաւ նաեւ ապագայի կերտման մէջ ստորին դասակարգերու, ցեղային փոքրամասնութիւններու, իգական սեռի եւ սեռական փոքրամասնութիւններու աշխարհահայեացքին, դերին ու ներգործութեան:

Ան արագ ակնարկ մը նետեց խորհրդային ժամանակաշրջանի առանձնայատկութիւններուն, թէ գաղափարական-դասակարգային շղարշով պետական միջամտութիւնը ինչպիսի՛ն եղած է Հայաստանի ստրկատիրական հասարակարգի գոյութեան փաստին մասին եւ կամ արեւմտահայ ազգային-ազատագրական շարժման մասին: Ապա հարցադրեց, թէ ինչպիսի՞ն է կացութիւնը այսօր` խորհրդային պետութեան անկումէն գրեթէ քառորդ դար ետք:

Դոկտ. Արա Սանճեան աւարտեց նիւթին ներկայացումը հաստատելով, որ վերջնական պատմութիւն մը գրելու հարց չկայ երբեք, հիմնականը այն է, թէ յաջորդ սերունդները ինչպէ՛ս կը նային անցեալին, իսկ գերիշխող բոլոր տեսակէտները ժամանակի ընթացքին կը հիննան ու կը փոխուին:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում` արծարծուած հարցերուն շուրջ:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Նորընտիր Պատրիարքին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Առաջնահերթութիւնն Ու Առաջնահերթ Առաջնահերթութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?