Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Դիտորդական Առաքելութիւն Իրականացուց Թուրքիոյ Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հրաւէրով, դիտորդական կարճաժամկէտ առաքելութիւն իրականացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պետրոս Պետրոսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի...




















