Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարան` Օդային Եւ Ցամաքային Պատերազմներու Նեղ Արանքին Մէջ

Յուլիս 29, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-29-15_Agn

Բաւական բարդ է Անգարայի յարափոփոխ դիրքորոշումներուն մասին մեկնաբանութիւն կատարելը: Աւելի մասնակի` «Իսլամական պետութեան» եւ քրտական ուժերու դէմ միաժամանակ յայտարարուած եւ իրականացուող պատերազմը մեծ հարցականներու դուռ բացած է:

Խնդիրը կը կեդրոնանայ հետեւեալ հարցին վրայ: Անգարան միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ ըսելով մասամբ կ՛ընկալէ «Իսլամական պետութեան», բայց յատկապէս ՔԱԿ-ի դէմ պայքարը, մինչ Միացեալ Նահանգները ոչ միայն հաւասար դիրքերու վրայ չի դներ ռազմական այս երկու միաւորները, այլեւ «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմ, քիւրտերուն` աջակցութիւն դիրքորոշումով կը շարժի:

Ամէնէն խօսուն ընդգծումը այս հակասութեան, Թուրքիա – Սուրիա սահմանին վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու Անգարայի  յանկերգն է, աւելի ճիշդը` մղձաւանջը, որ համապատասխան արձագանգ չի գտներ միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Այստեղ լրատուութիւնները իրար կը հակասեն: Շատ յատկանշական է վարչապետի պաշտօնակատար Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ նախագահ Ասատի դէմ «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը միջազգային անգործութեան արդիւնքն է: Յայտարարութեան հետեւելով կը հասկցուի այն, որ եթէ օրին Անգարայի առաջադրած ապահովութեան գօտին ստեղծուէր, նախ կանխուած կ՛ըլլար սուրիական պատերազմը եւ «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը: Թրքական պաշտօնական կեդրոններու մօտ կանգնած աղբիւրներ կը շարունակեն շրջանառութեան մէջ դնել այն, որ Ուաշինկթընն ու Անգարան համաձայնած են յառաջացնել ապահովութեան գօտին: Մինչ ամերիկեան կողմը կը հերքէ` շեշտելով, որ ապահովութեան գօտին կամ այդ տարածքին մէջ թռիչքազրկումը աւելորդ է, որովհետեւ այդ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան դէմ դաշնակցած ուժերու օդանաւներն են, որ թռիչք կը կատարեն:

«Իսլամական պետութեան» դէմ առնուած Անգարայի զինուորական քայլերը առայժմ չեն օգնած ապահովական գօտիի որոշման յանգումին: Այս համատեղ պատերազմը, որ Անգարա կը մղէ, խորքին մէջ ոչ թէ «Իսլամական պետութիւն»-ը արմատախիլ ընելու համար է, այլ քրտական վտանգը չէզոքացնելու: «Իսլամական պետութիւն»-ը Անգարայի համար այդ գործիքն էր. «Իսլամական պետութեան» դէմ հասցուած հարուածը դարձեալ այդ գործիքի օգտագործումն է` ապահովութեան գօտիի ստեղծման որոշումը հիմնաւորելու եւ արդարացնելու համար: Ապահովական գօտին ոչ թէ «Իսլամական պետութեան» չէզոքացման նպատակը կը հետապնդէ, այլ արգելակումն է Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերու ցամաքային միաւորման:

Մինչ Ուաշինկթընէն հնչած ձայներ կ՛ողջունեն Անգարայի երեւութական աշխուժացումը «Իսլամական պետութեան» դէմ, սակայն չեն հաստատեր ապահովական գօտիի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Անգարային կը պարտադրուի գործնապէս դիրքորոշուիլ «Իսլամական պետութեան» դէմ: Գետնի վրայ երեւցածը այն է, որ «Իսլամական պետութիւն» – քրտական ուժեր պատերազմին Անգարան կը միջամտէ սահմանափակ հարուածելով «Իսլամական պետութեան» ռազմակայանները, աւելի ուժգին հարուածելով քրտական ուժերը: ՔԱԿ-ը արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է վերջ տալ զինադուլին: Այդ կը նշանակէ տարածաշրջանային բռնկուածութեան կարեւոր միջավայրի վերածել նաեւ Թուրքիան:

Տարբեր քաղաքական եւ վերլուծական շրջանակներու մօտ կը թուի, որ շատ թէական է «Իսլամական պետութեան» դէմ Անգարայի պատերազմ մղելու երեւոյթին հաւաստիութիւնը: «Իսլամական պետութեան» դէմ կամ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ միջազգային դաշինք կազմուած է այո, բայց այդ դաշինքէն անկախ գետնի վրայ «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուողներն են Դամասկոսը, Հըզպալլան, քիւրտերը, պարագայաբար իրաքեան կառավարական ուժերը: Եւ այժմ թէականօրէն եւ հարցականներու դուռ բանալով` Անգարան, որ աւելի Միացեալ Նահանգներու նման առայժմ կ՛իրականացնէ օդային սահմանափակ գործողութիւններ:

Յստակ տարբերութիւն կայ ուրեմն, ցամաքային, գետնի վրայ  կողմերուն մղած պատերազմին եւ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պատերազմ յայտարարած օդային սահմանափակ գործողութիւններ իրականացնողներուն միջեւ:

Անգարան յայտնուած է այնպիսի կացութեան մէջ, որ չի կրնար մնալ միայն օդային տարբերակը ընտրած դաշինքի սահմաններուն մէջ: Դէպքերը կը պատահին իր սահմաններուն անմիջական հարեւանութեան մէջ, եւ նոյնիսկ իր երկրին մէջ: Ապահովական գօտին ալ գէթ մինչ այժմ չ՛աշխատիր:

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին

Յաջորդը

Հայկ Գալստեան Մաս Պիտի Կազմէ Հոֆընհայմի 19 Տարեկանէն Վար Խումբին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?