Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Հայերը  Օտար Պետութեան Մէջ Հայաստանի Անձնագիր  Պիտի Ստանան Մինչեւ 2016-ի Վերջը

Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Հայերը Օտար Պետութեան Մէջ Հայաստանի Անձնագիր Պիտի Ստանան Մինչեւ 2016-ի Վերջը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը քննարկէ իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծը, որով մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016 առիթ կու տայ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքացիներուն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ ստանալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 6 օգոստոսի նիստի օրակարգին մէջ: Նախորդ որոշումով` նշուած երկիրներու քաղաքացիները օտար պետութեան մէջ Հայաստանի անձնագիր կրնային...

Բաբայեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային  Համարկման Հոլովոյթը Անխուսափելի Է»

Բաբայեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային Համարկման Հոլովոյթը Անխուսափելի Է»

Իրադարձութիւններուն Ազրպէյճանի ջղային եւ հիւանդագին արձագանգը խղճահարութիւն կը  յառաջացնէ: Այս մասին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով Արցախի Հանրապետութեան կեանքին մասին գերմանական «Տէօչէ Վելէ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդման շուրջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան  վրդովմունքը: «Անգամ մը եւս ասիկա ոչ թէ արձագանգ է իրադարձութիւններուն, այլ իրականութեան հիւանդագին ընկալում: Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային համարկման հոլովոյթը անխուսափելի է, եւ ատիկա կը...

Աբրահամեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ  Պիելոռուսիոյ Դեսպանը

Աբրահամեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Պիելոռուսիոյ Դեսպանը

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Պիելոռուսիոյ դեսպան Սթեփան Սուխորենքոն, որ կ՛աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Վարչապետը բարձր գնահատեց  պաշտօնավարման ընթացքին դեսպան Սուխորենքոյի կատարած աշխատանքը հայ-պիելոռուսական յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Աբրահամեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Պիելոռուսիոյ հետ ե՛ւ երկկողմանի, ե՛ւ բազմակողմանի ձեւաչափով փոխգործակցութեան խորացումը եւ ընդլայնումը: Սթեփան Սուխորենքօ շնորհակալութիւն յայտնեց  վարչապետ Աբրահամեանին...

Վանի, Տիգրանակերտի Եւ Պիթլիսի  Քաղաքապետները Պատրաստակամ Են  Երեւանի Հետ Կապը Ամրապնդելու

Վանի, Տիգրանակերտի Եւ Պիթլիսի Քաղաքապետները Պատրաստակամ Են Երեւանի Հետ Կապը Ամրապնդելու

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Համահայկական 6-րդ խաղերուն մասնակցելու նպատակով պաշտօնական պատուիրակութիւններուն հետ Երեւան գտնուող կարգ մը քաղաքապետներու եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Ողջունելով հիւրերը` քաղաքապետը կարեւոր նկատած է Համահայկական խաղերու կայացումը եւ խաղերուն մասնակից երկիրներու ու քաղաքներու հետզհետէ ընդարձակուող աշխարհագրութիւնն ու պատուիրակութիւններու թիւի բարձրացումը: «Եւ յատկապէս այս տարի, երբ համայն հայութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը,...

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

Քեսապի Մէջ Կացութիւնը Խաղաղ Է. Սկսած Է Բերքահաւաքի Առաջին Շրջանը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի բանբեր Կարօ Մանճիկեան «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Քեսապի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, բախումներ չկան: Ան նաեւ դիտել տուած է, որ բերքահաւաքի առաջին շրջանն է արդէն, մարդիկ զբաղած են այդ գործերով: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին քանի...

Առողջապահական Արշաւ` «Գարակէօզեան»  Հաստատութեան Մէջ

Առողջապահական Արշաւ` «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իբրեւ առողջապահական կեդրոն, երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը կատարեց առողջապահական արշաւ մը, Ֆանարի ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» ակումբի սրահին մէջ, գործակցաբար UNHCR կազմակերպութեան եւ «Սեն Ժորժ» յունական հիւանդանոցի ընտանեկան բժշկութեան բաժանմունքին: Այս արշաւի գործադրութեան իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի աւարտական կարգի ուսանողները: Ձեռնարկին «Գարակէօզեան» հաստատութեան անձնակազմին, UNHCR...

Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրեց Համահայկական  Ամառնային Վեցերորդ Խաղերու Կազմակերպիչները

Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրեց Համահայկական Ամառնային Վեցերորդ Խաղերու Կազմակերպիչները

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորները եւ պատուոյ հիւրերը: Նախագահին նստավայրին մէջ ի պատիւ հիւրերուն տեղի ունեցած ընդունելութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին համար Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան մետալով: Նախագահին կարգադրութեամբ խումբ մը անձեր ալ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագիրով`...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը  Ընկերվարական Երիտասարդներու  Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Ժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի համագործակցութեան հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 31 յուլիս, 1-2 օգոստոս 2015-ին` Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Ժողովին կը մասնակցէին մօտ 30 պատուիրակներ: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան: Ժողովի հիմնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին «Ինչպէ՞ս կրնանք  հասարակութիւններուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել» եւ  «Խաղաղութեան հաստատում եւ տագնապներու կառավարում ընկերվար-ժողովրդավարական...

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան  Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան Նուիրուած Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 32-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գառնի Քենտիրճեան: Ան ներկայացուց Լիզպոնի գործողութեան նախօրեակին տիրող կացութիւնը, ուր համաշխարհային կարծիքը կը մերժէր ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ կը ժխտէր Ցեղասպանութեան հասկացողութիւնը: Ան...

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս  Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգիին Համար

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հոգիին Համար

Կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ժեհթաուիի Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար` անոր մահուան քառասունքին առիթով: Ս. պատարագը մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեան` ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ: Իսկ արարողութեան նախագահեց եւ օրուան խօսքը փոխանցեց Մանուէլ եպս. Պաթագեան` վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  «Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը  Կը Շարունակուի Սարդարապատի  Եւ Ծիծեռնակաբերդի Խորհուրդներով

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը Կը Շարունակուի Սարդարապատի Եւ Ծիծեռնակաբերդի Խորհուրդներով

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումը արդէն իսկ թեւակոխած է իր հինգերորդ օրը` հետզհետէ զարգացնելով պատանիներուն եւ իրենց հայրենիքին միջեւ գործնական ծանօթացումը, նոր յոյսեր եւ երազներ սփռելով անոնց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Այսպէս, բանակումի չորրորդ օրը պատանիները իրենց առաւօտեան դրօշակի արարողութեան եւ կարգապահական օրակարգերը ամբողջացնելէ ետք, ուղղուեցան Սարդարապատ, ուր ամբողջ ժամուան մը տեւողութեան ընթացքին ծանօթացան...

Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային  Դպրոցի Փակման Արարողութիւնը

Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Փակման Արարողութիւնը

31 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: 9 յուլիսէն 1 օգոստոսին Երեւանի պետական համալսարանին հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուեցան զանազան դասընթացքներ: Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները եւ հիւրերը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն դերը հայապահպանութեան աջակցելու գործին մէջ: Նախարարը նշեց. «Այս կարճ ժամանակաշրջանին դուք ձեռք բերիք նոր գիտելիքներ ու հմտութիւններ,...

Պաշտօնական Բացում` Համահայկական 6-րդ Խաղերուն

Պաշտօնական Բացում` Համահայկական 6-րդ Խաղերուն

Համահայկական 6-րդ խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 2 օգոստոսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: 2-13 օգոստոսին աւելի քան 6215 մարզիկներ պիտի պայքարին` իրենց քաղաքներուն համար ապահովելու մետալներ: *** Պարերու եւ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ բեմականացուեցաւ հայ ժողովուրդին պատմական ընթացքը` դարերու ընդմէջէն: Համահայկական խաղերու ընթացքին, Հայկեան երթի բեմականացումը չէր կրնար անտեսել հայ ժողովուրդին պատուհաս եղած դաժանագոյն փորձութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, որուն...

Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՓրենսաԱրմենիա»-ն, կը հաղորդէ, որ Լատին Ամերիկայի խորհրդարանը 31 յուլիսին յատուկ որոշումով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս նոր յայտարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ կատարուածը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կ՛որակէ: Ուրուկուէյի երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթու յայտարարած է, որ խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է այդ յայտարարութիւնը. դէմ արտայայտուած է ընդամէնը մէկ երեսփոխան: Ասաթու իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ յիշեցուցած է, որ Ուրուկուէյ...

Ազնաւուր Հմայեց…

Ազնաւուր Հմայեց…

Բեմին վրայ եռանդուն, խանդավառ, սրամիտ եւ իսկական արուեստագէտի բոլոր տուեալներով տասնեակ տարիներէ սերունդներ եւ սերունդներ հմայած ու տակաւին հմայող 91-ամեայ Շարլ Ազնաւուրին ներկայութիւնը իսկական հմայք մը ըլլալէ բացի ոչինչ կրնայ ըլլալ եւ պահ մը հանդիսատեսին մտածել տալ, թէ ան շատ հեռու է նոյնիսկ 70-ամեակի դռները բախելէ: Պաթրունի միջազգային փառատօնին բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 9:30-ին, միջազգային...

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու  Համոյթի Ելոյթը` Պէյրութի Ամերիկեան  Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» Սրահին Մէջ

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթի Ելոյթը` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» Սրահին Մէջ

Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթին ելոյթը 1 եւ 2 օգոստոս 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ: «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը ելոյթ ունեցաւ երկու տարբեր ծրագիրներով: 1 օգոստոս 2015-ին համոյթը ներկայացուց մեծ փիլիսոփայ եւ երաժիշտ Գէորգի Կիւրճիեֆի  ստեղծագործութիւնները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիւրճիեֆ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան  Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ.  ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  «Դար Մը Բռունցքով Դէպի Ամբողջական Հատուցում»  Բանակումը Պաշտօնապէս Բացուած Կը Յայտարարուի

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու «Դար Մը Բռունցքով Դէպի Ամբողջական Հատուցում» Բանակումը Պաշտօնապէս Բացուած Կը Յայտարարուի

«Հայաստան երթալ կ՛ուզենք, Արարատ տեսնել կ՛ուզենք, Արարատի գագաթին, Եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»: Այսպէս բացագանչելով` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 124 պատանիներ մեկնեցան օդակայան, մեծ խանդավառութեամբ, բուռն զգացումով ու յոյսերով մեկնեցան հայրենիք` իրականացնելու իրենց կեանքի երազը` գրկելու սրբազան հայրենիքի հողը: Այսպէս, հինգշաբթի, 30 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:20-ին պատանիները իրենց պատասխանատու ընկերներուն առաջնորդութեամբ հասան «Զուարթնոց» օդակայան` հոն գտնելով իրենց պատասխանատուներու երկրորդ խմբակը, որոնք ազգային...

«Երախտագիտութեան» Յուշակոթող` Ժմմէյզէի Մէջ

«Երախտագիտութեան» Յուշակոթող` Ժմմէյզէի Մէջ

  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 30 յուլիս 2015-ին, Ժմմէյզէի «Փասթէօր» հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայութեան երախտագիտութեան յուշակոթողն, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը: Լիբանանեւհայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան եւ Վայելէ Էշրեֆիէն ընկերակցութեան կողմէն Լիբանանին...

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի.  75-Ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան.  Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի  Ձեռնարկներու Բացման  Ժողովրդային Հանդիսութիւն

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի. 75-Ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 31 յուլիս 2015-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներու բացման ժողովրդային հանդիսութիւնը` Նահատակ Ճապրա Խէյոյեանի յիշատակին`  հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու առաջնորդներուն: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Այնճարի պատմական բերդէն, ուր 76 տարիներ առաջ ապաստան գտած էին մուսալեռցիք եւ ուրկէ սկսած էին Մուսալեռ-Այնճարի հիմնադրութեան աշխատանքներուն: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ...

Բրիտանիոյ Դեսպան Թոմ Ֆլեչըր Այցելեց  «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն.  Օհանեան Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը  Խորհրդանշող Յուշանուէր Մը Յանձնեց Դեսպանին

Բրիտանիոյ Դեսպան Թոմ Ֆլեչըր Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Օհանեան Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Խորհրդանշող Յուշանուէր Մը Յանձնեց Դեսպանին

Երէկ` ուրբաթ, 31 յուլիս 2015-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որուն կ՛ընկերակցէին «Պի. Պի. Սի. Լոնտոն»-ի լրագրողներ: Դեսպան Թոմ Ֆլեչըրին ընդունեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Դեսպան Ֆլեչըր եւ իր ընկերակիցները շրջեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ, ծանօթացան հաստատութեան անձնակազմին եւ գործող բժիշկներուն: Ֆլեչըր ըսաւ, թէ ան բարձր կը գնահատէ վերջին շրջանին ՄԱԿ-ի եւ «Գարակէօզեան»...

Page 754 of 795 1 … 753 754 755 … 795

Արխիւներ