24-էն 25 սեպտեմբերի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 260 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 եւ 82 մմ-ոց ականանետերէ ու Ռպգ-7, Հան-17 եւ Սպգ-9 տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 4000 կրակոց: Վերոնշուած զինատեսակներէն բացի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է նաեւ թրքական ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուած է:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:
Հայկական Կողմը Ոչնչացուցած Է
Հակառակորդին Յենակէտերէն Մէկը.
Ազրպէյճանցի 5 Զինուոր Սպաննուած Է
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը ներկայիս համեմատաբար հանգիստ է, հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերը նուազած են:
24 սեպտեմբերի երեկոյեան հայկական զինուած ուժերու պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով կարելի եղած է զսպել հակառակորդին աշխուժութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ, որուն ընթացքին ազրպէյճանական կողմէն կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ հայկական կողմը զինուորական զոհեր եւ վիրաւորներ չունի:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, հայկական զինուած ուժերը յաջողած են նաեւ ոչնչացնել հայկական Պառաւաքար համայնքին դիմաց գտնուող ազրպէյճանական յենակէտերէն մէկը, ուրկէ հակառակորդը կրակ բացած է հայկական գիւղին ուղղութեամբ: Հայկական զինուժի պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով 5 ազրպէյճանցի զինուորական ծառայող սպաննուած է:
Արցախի Մէջ Հակառակորդի
Հրետակոծութենէն Չորս Զինուոր Զոհուած Է
25 սեպտեմբերին` ժամը 17:30-ի մօտ, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ թրքական արտադրութեան ԹՐ-107 կայանքներէն հրթիռահրետանային արկակոծման ենթարկուած է պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասը, որուն արդիւնքով բեկորային մահացու վէրք ստացած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ Նորայր Խաչատրեան (ծնած` 1995-ին), Ռոպերթ Մկրտչեան (ծնած` 1995-ին), Յարութ Յակոբեան (ծնած` 1997-ին) եւ Կարէն Շահինեան (ծնած` 1997-ին): Կան վիրաւորներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Հակառակորդի Կրակոցէն Զոհուած Է
3 Խաղաղ Բնակիչ Եւ Վիրաւորուած 2 Հոգի
25 սեպտեմբերին հակառակորդի կրակոցներէն սահմանամերձ Պառաւաքարի մէջ մահացած է 83-ամեայ Պայծառ Աղաճանեան, Բերդաւանի մէջ` 94-ամեայ Շուշան Ասատրեան եւ 41-ամեայ Սոնա Ռեւազեան: Բերդաւանի մէջ կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
Այս տեղեկութիւնները, ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, փոխանցած է Պառաւաքարի գիւղապետ Ռոլանտ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ` ոստիկանութեան լրատուական բաժինը:
Կատարուածին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը` տեղեկացնելով, որ 25 սեպտեմբերին ազրպէյճանական կողմը խախտած է զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ` կիրարկելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ եւ ականանետեր: Գնդակոծուած են սահմանամերձ բնակավայրերը, որուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ կան զոհեր խաղաղ բնակչութեան մէջ:
«Յատկանշական է, որ ազրպէյճանական կողմը մշտապէս կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններու եւ հանդիպումներու նախաշեմին ու միտումնաւոր լարուածութիւն կը ստեղծէ սահմանագօտիին վրայ: Այս բոլորը կրկին անգամ կը վկայեն, որ դրացի պետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛արհամարհէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած նախաձեռնութիւններն ու պարբերաբար արհեստականօրէն կ՛ապակայունացնէ իրավիճակը շփման գիծին վրայ», նշուած է պաշտպանական նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ստեղծուած իրավիճակը Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նենգ մարտավարութեան արդիւնքն է եւ սկզբունքօրէն կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու տրամաբանութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներուն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս մէկ անգամ կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական կողմին զերծ մնալու իրավիճակի լարման ուղղուած քայլերէն եւ գործուն միջոցներու ձեռնարկելու իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանամերձ ազրպէյճանական ազգաբնակչութեան կոչ կ՛ուղղենք այսուհետեւ խուսափելու սեփական զինուած ուժերուն համար վահան հանդիսանալէ: Սահմանագօտիին վրայ իրավիճակը կայունացնելու եւ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն զսպելու նպատակով Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի դիմեն համարժէք գործողութիւններու, որուն հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը
Այսուհետեւ Պիտի Օգտագործեն Համարժէք Միջոցներ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ 25 սեպտեմբերի դէպքերուն եւ կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ զինադադարի դրոյթի խախտման ընթացքին ազրպէյճանական կողմէ հրետանիի կիրարկումը շփման գիծին վրայ նոր իրադրութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու անցման հերթական քայլն է:
Տագնապի խաղաղ լուծման քաղաքական հոլովոյթին աջակցելու նպատակով մինչեւ հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զուսպ պահուածքը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներուն արձագանգը որեւէ ձեւով չեն ազդեր հակառակորդին վրայ զինադադարի դրոյթի պահպանման հարցին մէջ, դեռ աւելին` անոր մօտ կը ստեղծեն անոր զինուած ուժերու գերազանցութեան պատրանք` հրահրելով անպատժելիութեան մթնոլորտի մը մէջ դիմելու նորանոր արկածախնդրութիւններու:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդին կողմէ իրադրութեան հետեւողական լարումը, որ պարբերաբար կը յանգեցնէ մարդկային կորուստներու, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անհասցէ քննադատութիւնը եւ մտահոգութիւնները անընդունելի են:
Ուստի հակառակորդին լռեցնելու, անոր գործողութիւնները կանխարգիլելու եւ այսպիսով իսկ բանակցային հոլովոյթին աջակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ այսուհետեւ պիտի օգտագործուին հրետանային եւ հրթիռային խոցման համարժէք միջոցներ` մնայուն խոցման տակ պահելով ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն տեղակայման վայրերը, բոլոր զօրաշարժերը, զինուորական սարքաւորումներն ու կենդանի ուժը:
Նալբանդեան Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ
Քննարկած Է Քաղաքացիական Անձերու Մահուան Դէպքերը
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ եւ զրուցած զինադադարի խախտման վերջին դէպքին մասին:
Այս մասին, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ արձանագրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
«Լուրջ խօսակցութիւն ունեցած ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ, թէ ինչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել բռնութեան վերջին դէպքերուն, մասնաւորապէս քաղաքացիական անձերուն մահուան դէպքերուն առնչութեամբ», նշած է Ուորլիք:
Մինսքի Խմբակի Համանախագահները
Բռնութիւններուն Վերջ Տալու Կոչ Ուղղած Են
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր իրենց լուրջ մտահոգութիւնը կը յայտնեն քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ ականանետներու եւ ծանր զինատեսակներու օգտագործման առնչութեամբ:
«Նման զէնքերու կիրարկումը տագնապին մէջ անընդունելի լարուածութիւն կը յառաջացնէ: Մենք մեր խորագին վշտակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն` միջազգային սահմանի եւ շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ եղած կորուստներուն առնչութեամբ: Մենք կողմերուն կարելի ամէնէն ազդեցիկ խօսքերով կը դիմենք` խուսափելու քաղաքացիական անձերու հետ տեղի ունեցող դժբախտ դէպքերէն: Կողմերը Ժընեւեան համաձայնագիրով պարտաւորուած են պաշտպանելու ոչ զինծառայողներու անվտանգութիւնը»,¬ «Արմէնփրես»¬ի փոխանցմամբ` կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնած են, որ դէպքերը տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրաւորուած հանդիպման նախօրէին: «Մենք կ՛ակնկալենք նախարարներէն լուրջ քննարկումներ բռնութեան աճին, ինչպէս նաեւ խնդիրի բանակցային լուծման շուրջ խնդիրներու վերաբերեալ: Քանի որ մենք անկարող ենք յստակօրէն հասկնալու, թէ ուրկէ՛ ծագած է բռնութիւնը, քանի որ ամէն կողմ կը մեղադրէ միւսը, կողմերը պէտք է աշխատին ԵԱՀԿ-ի հետաքննութեան մեքանիզմին շուրջ, ինչպէս քննարկած էին նախագահները: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ ամէնէն բարձր մակարդակով` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ յառաջընթաց արձանագրելու տեւական եւ խաղաղ լուծման հարցով», կը նշուի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ:
Հայկական Կողմը Միշտ Ալ Կրնայ
Համարժէք Պատասխան Տալ
Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սահմանային լարուածութեան: Անոր խօսքով` մեր երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններն ալ համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած են, եւ այդ յայտարարութիւններուն պէտք է հետեւին համապատասխան գործողութիւններ:
«Կը կարծեմ` այդ յայտարարութիւնները նուազագոյնն են, որոնցմով նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ շահագրգիռ կողմերը իրազեկ կը դարձնենք: Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի համանախագահող կողմերուն, որոնք այս օրերուն կը փորձեն կազմակերպել նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ», նշեց Իշխանեան` աւելցնելով, որ հակառակորդին վերջին օրերու աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է յատկապէս այդ` յառաջիկային տեղի ունենալիք հանդիպումներով:
«Տարբեր առիթներով այդ լարուածութիւնը աւելի կը սրէր ու կը թէժանար, բայց կը կարծեմ, որ յատկապէս այդ հանդիպումներուն նախօրէին է, որ կ՛ուժեղանայ: Սակայն հայկական կողմը միշտ ալ կրնայ համարժէք պատասխաններ տալ», յայտարարեց ան:
Վարդանեան. «Ազրպէյճան Սովորութիւն Դարձուցած Է
Իւրաքանչիւր Բարձրաստիճան Հանդիպումէ Առաջ
Սահմանը Լարուած Պահել»
25 սեպտեմբերին խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է յատկապէս այս օրերուն ամէնէն հրատապ նիւթին` սահմանային լարուածութեան, որուն իբրեւ հետեւանք կան զոհեր ու վիրաւորներ:
«Արդէն սովորութիւն դարձած է` իւրաքանչիւր հաւանական բարձրաստիճան հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճանը կը դիմէ լարուածութեան: Առաջինը` ուժի դէմ պէտք է կիրարկել առաւել մեծ ուժ, ինչ որ, կը կարծեմ, մեր բանակը կը կատարէ որոշ չափով: Եւ երկրորդը` ես խորապէս համոզուած եմ, որ համանախագահող երկիրները ցանկութեան պարագային, միասին գործելու պարագային կրնան իսկապէս, առնուազն կտրուկ նուազեցնել լարուածութիւնը, յարձակումները, սադրանքները եւ զոհերուն թիւը: Իսկ թէ համանախագահողները ինչո՞ւ չեն կատարեր, թերեւս այդ մէկը պէտք է փնտռեն իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարաձայնութիւններու կամ ոչ միասնական գործելու մէջ: Այս մէկը իսկապէս շատ մտահոգող է, եւ դարձեալ, այս պարագային, կը մնայ մեր բանակի հզօրութիւնը, մեր բանակի` համարժէք պատասխան տալու կարողութիւնը», ըսած է Վարդանեան: