Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունած Է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Սեպտեմբեր 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

KarekinII__Krikor Bedros XI_9-23-15

23 սեպտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի: Ասիկա նորընտիր պատրիարքին առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորած է Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը` ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով եւ անոր մաղթած է արգասաբեր ծառայութիւն:

Իր խօսքին մէջ ան գնահատանքով ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց առաքելական եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերելք կ՛ապրին եւ յատկանշուած են սերտ համագործակցութեամբ:

Այս առիթով Ամենայն Հայոց հայրապետը գոհունակութեամբ յիշած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ 12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագը եւ պապին կողմէ արտասանուած ուղերձը` մարդկութեան կեանքին մէջ նորանոր ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերող: Ան հաստատած է, որ համաշխարհային զարգացումներու արդի պայմաններուն մէջ եկեղեցիները արդարութեան ուղին կրնան հարթել միմիայն միացեալ  ջանքերով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ աղօթքով:

Իր կարգին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` իր ընտրութեան առիթով յղուած շնորհաւորական ուղերձին եւ մաղթանքներուն համար: Զրոյցին ընթացքին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը նշած է, որ պիտի ջանայ ուժերու ներածին չափով իր հոգեւոր փորձառութիւնը ծառայեցնել ի շահ իր հօտին, ինչպէս նաեւ զօրացնել յարաբերութիւնները Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հետ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան եւ Մայր աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Շահէ վրդ. Անանեան:

Հոգեւոր Տէրը Այցելեց
Սփիւռքի Նախարարութեան

Hranush_Catholics_9-23-15

22 սեպտեմբերին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի նախագահին հրաւէրով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն:

Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորած է զայն` պատրիարք ընտրուելուն առիթով եւ ուրախութիւն յայտնած, որ ան նոր կարգավիճակով կ՛այցելէ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Նախարարը նորընտիր հոգեւոր տէրը տեղեակ պահած է, որ սփիւռքի նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ եւ դրուատանքով խօսած է առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի նուիրեալ աշխատանքին մասին: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով կատարուող միացեալ նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի մատենադարանի ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ մշակութային այդ թանկարժէք նմուշները փրկուեցան ոչնչացումէն եւ հասանելի դարձան ապագայ սերունդներուն: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ թուայնացուած ձեռագիրներուն կրկնօրինակները տեղ կը գտնեն նաեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանին մէջ` այդպիսով եւս հասու դառնալով ուսումնասիրողներուն եւ այցելուներուն: Նախարարը երախտագիտութեամբ խօսած է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներու ունեցած անգնահատելի դերակատարութեան մասին` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ արտասանած ճառին մէջ, որ շրջադարձային կրնայ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին համար:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսած, որ մեծապէս կը գնահատէ հայապահպանութեան ի նպաստ իրականացուող սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ պատրաստ է շարունակելու գործակցութիւնը անհրաժեշտ ծրագիրներու իրականացման համար:

Զրոյցի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան հոգեւոր տիրոջ նուիրած է հայ մանրանկարչութեան կրկնօրինակ` ի յիշատակ սփիւռքի նախարարութիւն կատարած այցելութեան:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ընտրական Մարմինը Մերժած Է Սեւան Նշանեանի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Սառեցուած Չէ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?