Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք երէկ տեղի ունեցաւ գլխաւոր մզկիթի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են իսլամական երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անոնց շարքին` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը: Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ ներկայ գտնուեցաւ մզկիթի բացման արարողութեան:
Վեց յարկերէ բաղկացած նոր մզկիթին մէջ կը տեղաւորուի մօտաւորապէս 10 հազար հաւատացեալ: Ատիկա մեծութեամբ Ռուսիոյ երրորդ մզկիթն է:
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ատհա տօնին նախօրեակին:
Ռուսիոյ մէջ երկրորդ ամէնէն տարածուած կրօնը իսլամութիւնն է, ունի 15-23 միլիոն հետեւորդ:
Էրտողանը` Մոսկուայէն. «Գաղթականներուն Հարցով
Պէտք Է Ամբողջ Աշխարհը Ամչնայ»
Մոսկուայի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած մզկիթի բացման արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը իր ունեցած ելոյթով անդրադարձած է գաղթականներու հարցին: Ան յայտարարած է, որ գաղթականներու հարցով պէտք է ամբողջ աշխարհը ամչնայ: «Գաղթականներու հարցին լուծումը այն չէ, որ անոնք մահանան Միջերկրական ծովուն մէջ, այլ այն, որ անոնց երկիրները պէտք է ապահով եւ անվտանգ ըլլան», ըսած է Էրտողան:
Փութինը Էրտողանը Ողջունած Է Թրքերէնով
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր թուրք գործընկեր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Ըստ թրքական «Թուրքռուս» կայքին Ռուսիոյ նախագահը Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Ուշագրաւը այն է, որ կայքը յատկապէս շեշտած է, թէ Փութին ընտրութիւններուն յաջողութիւն մաղթած է Էրտողանի կուսակցութեան:
Ի դէպ, թրքական կայքերը նշած են, որ ռուս ղեկավարը Էրտողանը ողջունած է թրքերէնով` ըսելով` «Հոշ կալտինիզ», որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Բարի եկած է»: Սակայն ռուսական կայքերուն մէջ նման տեղեկութիւն չկայ:
Փութին. «Ռուսիան Չափազանց Գոհ Է
Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Զարգացումէն»
Ռուսիան չափազանց գոհ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումէն: Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ իր թուրք գործընկեր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին ընթացքին, յայտնած են ռուսական լրատուամիջոցները:
Փութին նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կանոնաւոր յարաբերութիւնները կը շարունակուին ամէնէն բարձր մակարդակով` թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ կառավարական ուղղութիւններով:
Խօսելով առեւտրական եւ տնտեսական կապերուն մասին` Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ հակառակ շարք մը հանգամանքներով պայմանաւորուած բարդութիւններուն, Ռուսիան կը մնայ Թուրքիոյ` մեծութեամբ երկրորդ առեւտրական-տնտեսական գործընկերը: