Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Մինսքի Խմբակի Յայտարարութիւնը Զինադադարի Խախտումներուն Ամբողջ Պատասխանատուութիւնը Կը Դնէ Ազրպէյճանի Վրայ»

September 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

papayan_9-29-15

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն 27 սեպտեմբերի յայտարարութիւնը շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտումներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դնէ Ազրպէյճանի վրայ, յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան դիտել տուած է. «Ես կը կարծեմ, որ ասիկա շատ կարեւոր յայտարարութիւն է, որուն միջոցով ցոյց կը տրուի, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններն են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութեան միակ հրահրողը: Ազրպէյճանը պէտք է համաձայնի զինադադարի դրոյթի խախտումներու  հետաքննութեան մեքանիզմներու մշակման: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները առաջարկած են ներդնել նման մեքանիզմներ: Հայկական երկու հանրապետութիւնները արդէն տուած են իրենց համաձայնութիւնը անոնց ներդրման»:

Ան նկատել տուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած այդ գործելաոճը դարձած է իր կենսակերպի մէկ բաժինը, որ բնորոշ է ամբողջատիրական-ֆաշական պետութեան: «Ներքին եւ արտաքին յարձակողապաշտութեան դրսեւորումը նմանատիպ ֆաշական պետութիւններու հիւանդութիւններէն է: Երկրին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւնները համատարած կերպով կը խախտեն մարդու իրաւունքները, հետապնդման կ՛ենթարկեն ընդդիմութեան գործիչները, աշխատանքէ դուրս կը դնեն դիւանագէտները` հետագային հետապնդելու նպատակով: Ազրպէյճանին ձեռնտու է սահմանային իրավիճակի սրումը` թէժ ներքաղաքական վիճակէն եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ժողովրդական զանգուածները երկրին մէջ կուտակուած խնդիրներէն շեղելու, ինչպէս նաեւ արտաքին թշնամիին կերպարը զարգացնելով` լրացուցիչ ձայներ հաւաքելու համար», շեշտած է Բաբայեան:

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցը հարցուցած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի ռմբակոծման փաստը արդեօք կարելի՞ է լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու սկսելուն ազդակ նկատել: Դաւիթ Բաբայեան պատասխանած է. «Նոյնիսկ կատարեալ նախայարձակները միշտ կը թաքցնեն իրենց նպատակները: Ազրպէյճանին ձեռնտու է վարել այսպիսի հեռահար պատերազմ, հակառակ անոր որ մեր զինուած ուժերը արժանի հակահարուած կու տան Ազրպէյճանին` մեծ կորուստներ պատճառելով անոնց»:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հանդիպած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Յաջորդը

Իշխանութիւն Չենք Ուզում Յանուն Իշխանութեան

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

March 13, 2026
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.