Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Գ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Էլի Մարունի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:
Նիստին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց երկխօսութեան եւ անոր հետեւողական ընթացքին կարեւորութիւնը` քննարկուելիք օրակարգին լուծումներ գտնելու նպատակով:
Նիստին մասնակցող ղեկավարները իրենց կեցուածքները արտայայտեցին դրական մթնոլորտի մէջ:
Երկու ժամ եւ քառորդ տեւած նիստէն ետք, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ երկխօսութեան յաջորդ նիստերուն թուականներն են 6, 7 եւ 8 հոկտեմբերը, որոնց ընթացքին օրական դրութեամբ զոյգ նիստեր պիտի գումարեն երկխօսութեան մասնակից ղեկավարները:
Նշենք, որ նիստէն ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք դժգոհ է երկխօսութեան նիստերէն, որովհետեւ ժողովուրդին շահերը ապահովելու ոչ մէկ քայլ առնուած է:
Իր կարգին, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նշեց, որ երկխօսութեան նիստը աւելի քան դրական եղած է:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի նշեց նաեւ, որ նիստը ընդհանուր առմամբ դրական կարելի է նկատել:
Սեղմ Հանդիպում
Երկխօսութեան նիստին աւարտէն ետք, Պըրրիի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սեղմ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սալամ, զօր. Միշել Աուն, Ուալիտ Ժոմպլաթ, Ֆուատ Սինիորա, Մոհամետ Ռաատ եւ անոնց ընկերակիցները:
Հանդիպումէն ետք ղեկավարները մերժեցին մեկնաբանութիւն կատարել, սակայն յստակ դարձաւ, որ անոնց քննարկած թղթածրարը բանակի կարգ մը սպաներուն պաշտօնի բարձրացման թղթածրարն էր:
Քաղաքացիական Ընկերութիւն
Քաղաքացիական ընկերութեան տարբեր արշաւներու եւ շարժումներու տասնեակ մը ներկայացուցիչներ եւ գործիչներ ուղղուեցաւ «Լը Կրէյ» պանդոկին դիմաց գտնուող փողոցը, ուր նախանցեալ գիշեր ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ զետեղուած էին փշաթելեր ու աղիւսէ հսկայ կաղապարներ` փակելու համար դէպի խորհրդարան տանող ճամբան:
Ցուցարարները պատերը ներկեցին գրութիւններով եւ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը քննադատող արտայայտութիւններով եւ հաստատեցին, որ կը մերժեն երկխօսութիւնը: Անոնք իրենց հետ ունէին տարբեր չափի գնդակներ, որոնց վրայ նաեւ նոյն «պատգամներն» ու բողոքները գրեցին եւ նետեցին դէպի խորհրդարան տանող փողոցը:
Նիստն ու ցոյցը ընթացան ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, անոր ընթացքին ապահովութեան ուժերուն հետ ոչ մէկ բախում արձանագրուեցաւ:
Երկխօսութեան նիստի քննարկումներուն ընթացքին
երեսփոխան Բագրատունի ունեցաւ հետեւեալ ելոյթը.
«Արտօնեցէք ինծի ըլլալ անկեղծ եւ ներեցէք որեւէ վիրաւորանքի համար: Իրականութիւններ կան, որոնց դիմաց չենք կրնար լուռ մնալ այլեւս: Ժողովուրդին մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ մենք կը ստենք: Կը ստենք նաեւ իրարու հետ մեր խօսակցութեան ընթացքին:
«Օրակարգի առաջին կէտը նախագահի ընտրութիւնն է: Բոլորս գիտենք, թէ այսօր կարելի չէ նախագահ ընտրել: Կը պտըտինք նիւթին շուրջ, բայց իրականութիւնները չենք տեսներ: Ոչ միայն ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցուցած է պետութեան եւ քաղաքական դէմքերուն նկատմամբ, այլեւ մենք իրարու նկատմամբ վստահութիւն չունինք: Տարիներէ ի վեր արդիական ու արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ կը փորձենք համաձայնիլ, սակայն ի զուր: Բոլորս կ՛ուզենք պարզապէս մեր թիւերը պահել եւ աւելին ունենալ:
«Խնդիրը չի կայանար համամասնական հիմունքով օրէնքի մը մէջ, այլ կը կայանայ ընտրաշրջաններու բաժանումին մէջ: Հոս ալ կեղծիք գոյութիւն ունի: Կը խօսուի քրիստոնէութեան արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին, սակայն ընտրաշրջանները կ՛առաջարկուի բաժնել այնպէս, որ քաղաքական ուժ մը շահ ապահովէ եւ ոչ թէ քրիստոնէական համայնքները: Կը խօսուի իւրաքանչիւր համայնքի կամ քաղաքական ուժի առանձնայատկութեանց յարգումին մասին իբրեւ սկզբունք: Չի բաւեր, որ ես` իբրեւ քաղաքական կողմ յարգեմ այլոց առանձնայատկութիւնը, առանց ապահովութիւնն ունենալու, որ այլ կողմեր եւս պիտի յարգեն մեր առանձնայատկութիւնները:
«Այո՛, վստահութեան պակաս կայ ամէնուրեք: Ինչու այսօր կը դրուի սահմանադրութիւնը փոխելու դէմ պարտադրանք, երբ ասկէ առաջ անձերու կամ այլ հարցերու պարագային կատարուած են նման բարեփոխումներ: Ի՞նչ ձեւով այս մէկը կարելի է ժողովուրդին բացատրել: Ինչպէ՞ս երէկ ու անձն մը համար կարելի է փոխել սահմանադրութիւնը, իսկ այսօր ոչ:
«Աւելի՛ն ի՛նչ վստահութիւն կը ներշնչենք ժողովուրդին: Արդար է ժողովրդային շարժումներուն պահանջը: Ո՛չ կրցանք ամսականներու աստիճանաւորումը որոշել, ո՛չ ուսուցիչներու հարցը կարգաւորել, ո՛չ աղբերը հաւաքել, ո՛չ ջուր եւ ո՛չ ելեկտրականութիւն: Ու միշտ պատրուակելով, որ պիւտճէական դժուարութիւններ գոյութիւն ունին` մոռնալով, որ ժողովուրդը չէ անոր պատասխանատուն, այլ պետութիւնը եւ իրերայաջորդ կառավարութիւնները:
«Այս՛, ժողովուրդը կը պահանջէ ապահովութիւն եւ մենք կը պահանջենք ապահովութիւն: Ի՞նչ բան կ՛երաշխաւորէ, որ նախագահի ընտրութենէն ետք կարելի պիտի ըլլայ համաձայնիլ ընտրական արդար օրէնքի մը շուրջ: Իբրեւ համայնք, ինչո՞վ կրնանք հանգիստ ըլլալ առանց ճիշդ ներկայացուցչութեան, այնպէս ինչպէս արդար կը տեսնենք, որ վարչապետը ներկայացնէ սիւննի համայնքը եւ խորհրդարանի նախագահը` շիի համայնքը:
«Այսօր չենք տեսներ, որ կարելի է նախագահի ընտրութիւն կատարել: Պէտք է ձգտիլ անոր անկասկած: Ու որպէսզի ձգտումը տեղ հասնի, անհրաժեշտ է վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը եւ ապա ընտրել նախագահ` վերացնելու համար բոլորիս մտահոգութիւնները:
Ու վերջապէս, ինչպէս Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ, պէտք է «համեստանալ»: Ու մինչեւ մեծ օրակարգերու լուծումը, թող այս ժողովը նաեւ քննարկէ եւ լուծումներ առաջարկէ կառավարութեան, ժողովուրդի կենցաղային առօրեայ տագնապներու լուծման առնչութեամբ: Թերեւս որոշ վստահութիւն կարելի է վերահաստատել այս ձեւով:
Շնորհակալութիւն: